
Ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի նախարարներու եւ մեծ թիւով երեսփոխաններու, անցեալ շաբաթ կէսօրին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Վատիկանի մէջ մասնակցեցաւ կարտինալական ձեռնադրութեան եւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապէն ստացաւ կարտինալական խորհրդանշանը:
Նախագահ Սլէյմանի կողմէ շաբաթ երեկոյեան ի պատիւ Ռայի պատրիարքին սարքուած ընթրիքին ընթացքին, կարտինալ Ռայի յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման իմաստուն նաւավար մըն է, որ ազգին նաւը հաստատ քայլերով կը փորձէ առաջնորդել` փոթորիկներուն եւ ծովամրրիկներուն դիմաց:
Ան շեշտեց, որ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնել, որպէսզի Լիբանան ազգային երկխօսութեան եւ համախոհութեան, ինչպէս նաեւ արդար դատերը պաշտպանող եւ իր գերիշխանութիւնը պահպանող օրինակելի երկիր մը յայտարարուի:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Ռայի պատրիարքը ընդունուեցաւ պապին կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ. պապը վերահաստատեց Լիբանան այցելութեան առիթով իր ուրախութիւնը եւ ընդգծեց, որ իրեն համար հրճուանք է այցելել Միջին Արեւելքի եկեղեցիները:
Պապը ողջունեց լիբանանցիները եւ հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ եկեղեցիները կը քաջալերէ Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին նախագահեց Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագին:


