«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննիսեան Պաքուի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համաժողովի ընդհանուր նիստին ընթացքին փորձած էր խոչընդոտել Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ողջունող հռչակագիրի ընդունումը:
23 նոյեմբերին ան փորձած էր խօսք առնել, սակայն հանդիպած էր ազրպէյճանցի պատուիրակներու ջղագրգիռ արձագանգին:
Մինչդեռ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները ապատեղեկատուութիւն տարածած էին, թէ Րաֆֆի Յովհաննիսեան տապալել նիստն ու փորձեց արտահերթ ելոյթ ունենալ: Մինչդեռ Ժառանգութենէն տեղեկացուցած էին, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ելոյթը նախատեսուած էր:
Համացանցին մէջ արդէն տարածուած է Րաֆֆի Յովհաննիսեանի ելոյթին փորձին եւ ազրպէյճանցիներուն արձագանգի տեսագրութիւնը:
Նշենք, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեան նաեւ պատասխանած էր ազրպէյճանցի լրագրողներու հարցումներուն, ինչ որ նաեւ Ազրպէյճանի մէջ գայթակղութեան պատճառ դարձած էր:


