Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման Ընդգծեց Լիբանանի Անկախութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

November 19, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն:

Շնորհաւորագիրին մէջ Օպամա նշեց, որ Ուաշինկթըն բարձր կը գնահատէ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները, յատկապէս գնահատելով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ջանքերը` երկրին բազմազանութիւնը պահպանելու առումով:

Օպամա շեշտեց, որ ներքին եւ շրջանային մարտահրաւէրներ դիմակալելու այս հանգրուանին եւս Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի անկախութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան:

Այս առումով Օպամա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի` Լիբանանին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց տարեկան աւանդութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանի անկախութեան առիթով Ռաշաիայի բերդէն Պաապտա վազած մարզիկները, որոնց ներկայութեան ան ընդգծեց Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Ան շեշտը դրաւ նաեւ երկրին ապահովական եւ դատական մարզերուն գործունէութիւնը աշխուժացնելու ու ամրապնդելու կարեւորութեան վրայ` աւելցնելով, թէ լիբանանցիներուն համար կենսական է նաեւ երկխօսութիւնը, որ երբեք պէտք չէ կասեցուի:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքին հանդէպ իր զօրակցական կեցուածքէն եւ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան սպանդներն ու բռնարարքները:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է ամէն իմաստով գործադրեն ժողովրդավարութիւնը:

Նախորդը

«Կառավարութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը Մինչեւ Քաղաքական Հաւանական Լուծում» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Ուրուկուէյ Կը Փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումի Հասնիլ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.