Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ երէկ երեկոյեան հասաւ Փարիզ, յայտնեց, որ ինք Ֆրանսա իր պաշտօնական այցելութեան գծով ուրախ եւ հանգիստ կը զգայ:
Միքաթի նշեց, որ ինք Փարիզ կը մեկնի, սակայն միաժամանակ գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, յատկապէս` ընդդիմութեան:
Ան նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ պիտի պահպանէ երկրին քաղաքական ու ապահովական կայունութիւնը մինչեւ ներքին լիբանանեան քաղաքական հաւանական լուծման կարելիութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ինք ֆրանսացի պատասխանատուներէն պիտի խնդրէ ըմբռնում ցուցաբերել Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ ինք Փարիզի մէջ պիտի քննարկէ նաեւ տնտեսական, ելեկտրական հոսանքի եւ ենթակառոյցի վերաբերող մարզերուն մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի չորեքշաբթի առաւօտեան Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լալիօ շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ մտերմութեան շրջագիծին մաս կը կազմէ: Ան աւելցուց, որ այդ այցելութեան նպատակն է զօրակցիլ Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ զօրակցիլ լիբանանեան հաստատութիւններուն, որոնք կը ջանան Լիբանանէն վանել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները:
Նշենք, որ Լիբանանի երկրագործութեան մարզի խորհուրդներուն կողմէ կազմակերպուեցաւ պարգեւատրման ձեռնարկ մը` ի պատիւ վարչապետին:
Ձեռնարկին ընթացքին վարչապետ Միքաթի դրուատեց այդ խորհուրդներուն ի գործ դրած հսկայական ջանքերը` բարգաւաճեցնելու համար երկրագործութեան մարզը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գիւղաքաղաքները:
«Հողին վրայ գոյատեւելու յատկանիշներէն մէկը Լիբանանի պատմութեան մէջ արմատներ նետած երկրագործութիւնն է», ըսաւ վարչապետ Միքաթի` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ երկրագործութեան մարզին բոլոր աշխատանքներուն պէտք է նեցուկ կանգնիլ:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի ուժանիւթի նախարար Մեժիտ Նամժուն, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իրանցի պաշտօնատարը նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները` դատապարտելով Կազայի եւ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:
Նամժու նշեց, որ Լիբանան այցելութեան ընթացքին ինք հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան երեք պետերուն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի հետ: Ան շեշտեց, որ Թեհրան պատրաստ է զօրակցելու եւ օժանդակելու ելեկտրականութեան ու ջուրի մարզերուն վերաբերող Լիբանանի բոլոր ծրագիրներուն գործադրութեան:
Նամժու բարձր գնահատեց երկու երկիրներուն ուժանիւթի նախարարներուն միջեւ ստորագրուած Պալաայի ամբարտակի կառուցման համաձայնագիրը` աւելցնելով, որ այդ ամբարտակը պիտի կառուցուի իրանեան ընկերութեան մը կողմէ:
Նամժու նշեց, որ լիբանանեան-իրանեան գործակցութեան աշխուժացման շրջագիծին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են ելեկտրական հոսանքին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնները, որոնք գործադրուելու համար կը կարօտին լիբանանեան պետութեան կողմէ կարգ մը վարչական տնօրինումներու:
ՆՇԵՆՔ, որ Նամժու ուղղուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանան, ուր ան այցելեց Դիմադրութեան Մլիթայի թանգարանը, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքը: Ան բարձր գնահատեց Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները, միաժամանակ հաստատելով, որ իրենք համոզուած են, թէ պաղեստինցիները պիտի տապալեն Իսրայէլը:


