Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ներկայ կառավարութիւնն ու վարչապետ Նեժիպ Միքաթին ամբաստանեց Լիբանանի ապահովութիւնը խախտելու յանցանքով:
«Հայաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Հարիրի հերքեց վարչապետութեան իր մնայուն թեկնածութիւնը:
Անդրադառնալով Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւններու խզումին` Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլան առած է նախաքայլը` յարաբերութիւնները խզելու, աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու:
Հարիրի նաեւ նշեց, որ ինք մեծ յարգանք կը տածէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հանդէպ` աւելցնելով, որ ան Լիբանանին վերադարձուց իր նախկին դիրքը:
Միւս կողմէ, «Տիար» օրաթերթին համաձայն, Հարիրի կանաչ լոյս տուած է` ֆինանսաւորելու Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրը: Այդ նպատակով Ասիր Այն Հելուէի պաղեստինեան գաղթակայանէն զէնքեր գնած է:
Հարիրի համոզուած է, որ շէյխ Ասիր Հըզպալլայի լուրջ հարցեր պիտի պատճառէ եւ ան միակ միջոցն է Հըզպալլան նեղացնելու:


