Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «երբ մեր կիզակէտը կը դարձնենք անձ մը եւ կը փորձենք զայն հեռացնելու կամ պաշտպանելու քաղաքականութիւն վարել` մենք միշտ կը ձախողինք, որովհետեւ անձնապաշտութիւնը կամ անձ մը ատելը երբեք ժողովուրդին բարեկեցութեան բարձրացում չի բերեր»: Դաշնակցական պատգամաւորը անհրաժեշտ նկատեց համախմբուիլ գաղափարներուն, ծրագիրներուն շուրջ:
Մինասեան նշեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն առնչութեամբ ՀՅԴ-ն առաջադրեց 7 կէտերէ բաղկացած մօտեցումներ եւ հրաւիրեց քննարկումներու: Եթէ այս բոլոր մօտեցումները իշխանութիւնը ընդունի, ըստ Մինասեանի, այդ իշխանութեան պէտք է ծափահարել: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ՀՅԴ-ի թեկնածուն Սերժ Սարգսեանը ըլլալ` Մինասեան յայտնեց, որ եթէ Սերժ Սարգսեան ընդունի Դաշնակցութեան առաջադրած 7 կէտերը եւ երաշխաւորէ զանոնք, եւ ժողովուրդն ալ հաւատայ այդ 7 կէտերուն իրականացման, ապա կարելի է:


