Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքօ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ` 16 նոյեմբերին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ: Ուրուկուէյի բարձրաստիճան հիւրերը` Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ ծաղկեպսակ զետեղեցին անմար կրակին առջեւ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հիւրերուն ծանօթացուց 20-րդ դարի մեծագոյն ոճիրը փաստող ցուցանմուշներուն: Խորխէ Օրիքօ թանգարանի տպաւորութիւններու մատեանին մէջ հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Ուրուկուէյի անունով կրկին կ՛ընդունինք այն պայքարը, զոր կը տանիք: Կարելի չէ յառաջանալ դէպի ապագայ` առանց ներկան ճանչնալու հաստատակամութեան»: Ան խորհրդանշական ծառ տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ:
Օրիքօ ընդգծեց, որ Ուրուկուէյը պատիւը ունեցած է ըլլալու առաջին երկիրը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի մասին խօսելով` Օրիքօ յայտնեց, որ թէեւ բարդ քաղաքական իրավիճակ կը տիրէ հոն, տարբեր տարաձայնութիւններ կան, սակայն Ուրուկուէյ պատրաստ է համագործակցելու այն հարցերուն շուրջ, որոնք միտուած են խաղաղութեան: Ըստ Օրիքոյի, Ուրուկուէյ խաղաղութեան երկիր է եւ անիկա կը փորձէ աջակցիլ նաեւ միւս երկիրներուն` խաղաղութեան ձեռքբերման միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ, օրինակ` ազգերու ինքնորոշման եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքի հիման վրայ:
«Եւ ասիկա դիւանագիտական պատասխան չէ, իսկական պատասխան է, որովհետեւ մենք պէտք է յստակ տեղեկութիւններ ունենանք եւ տիրապետենք իրավիճակին: Մենք եկած ենք, որպէսզի համագործակցինք խաղաղութեան համար», եզրափակեց Խորխէ Օրիքօ:
Նախանցեալ օր Արցախի մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցան Արցախի մէջ հաստատուած հայ գաղթականներուն հետ, լսեցին անոնց պատմութիւնները` յատկապէս վերջին 20 տարիներուն վերաբերող:
Խորխէ Օրիքօ խոստովանեցաւ, որ իրենք կարիք ունին գաղթականներուն տրամադրած տեղեկութիւններուն, որպէսզի սկսին զբաղիլ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: Ան առաջարկեց այդ պատմութիւններն ու կարծիքները ամփոփել միասնական թղթածրարի մը մէջ եւ յանձնել Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու տան:
Այս այցելութեամբ` ֆրանսացի, ռուս եւ աւստրիացի պատգամաւորներէն ետք Պաքուի սեւ ցուցակին վրայ յայտնուեցան նաեւ Խորխէ Օրիքոն եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:


