Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Իրանի ուժանիւթի նախարար Մեժիտ Նամժուն, ներկայութեամբ անոր ընկերակցող իրանեան պատուիրակութեան եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Հանդիպումէն ետք, Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հանդիպումին ընթացքին ներկայացուեցաւ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի մարզին վերաբերեալ իրանեան իշխանութիւններուն գործադրելիք ծրագիրները, յատկապէս ելեկտրական հոսանքի փոխադրութեան եւ ամբարտակներու կառուցման գծով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները, յատկապէս` Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները:
Միւս կողմէ, Աշուրայի սգատօնի առաջին օրուան ընթացքին սէյիտ Նասրալլա նախանցեալ օր արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց բոլոր արաբներուն եւ իսլամներուն` զօրակցելու Կազային եւ դիմադրութեան` ընդգծելով, որ Կազայի ճակատագիրը պիտի որոշեն Կազայի բնակիչներն ու դիմադրութիւնը:
«Թշնամի Իսրայէլ անգամ մը եւս խաբեբայութեան ու դաւադրութեան դիմած է եւ խաղաղութիւն բեմականացնելով` բոլորը խաբելէ ետք սպաննած է ժիհատի ղեկավար մը: Իսրայէլ ոչ մէկ պատճառաբանութեան կարիք ունի բռնարարքներ կատարելու եւ ռազմական գործողութիւններ սանձազերծելու», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իսրայէլ խոստովանած է, որ կան «Ֆաժր 5» հրթիռներ, որոնք թիրախ դարձուցած են Թել Աւիւը` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը դիմադրութեան եւ թշնամի Իսրայէլի միջեւ առկայ տագնապին մէջ կարեւոր եւ նկատառելի զարգացում կը նկատուի:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ կարգ մը արաբ ղեկավարներ յայտնած են, թէ Կազայի մէջ պատահած այս զարգացումները կը միտին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ կեդրոնացած ուշադրութիւնը շեղել` աւելցնելով, որ այդ մեկնաբանութիւնը ցաւալի է:
«Այսինքն Նեթանիահուն եւ Պարաքը Կազայի դէմ պատերազմ շղթայազերծած են, որպէսզի Սուրիայէն աշխարհին ուշադրութիւնը շեղե՞ն», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա` ընդգծելով, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, որ Իսրայէլ գիտէ լաւապէս օգտագործել շրջանի իրադարձութիւնները եւ առաւելագոյն չափով կը շահագործէ Սուրիոյ դէպքերը, որպէսզի Կազայի դէմ պատերազմ սանձազերծէ:
«Մենք պէտք է ամէն ձեւով օժանդակենք Կազայի մեր եղբայրներուն, որովհետեւ այս մէկը միայն Կազայի պայքարը չէ, այլ բոլորիս պայքարը», յայտնած է սէյիտ Նասրալլա:


