Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Եւ Իրանի Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

November 17, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց իրանցի իր պաշտօնակիցը Մեժիտ Նամժուն, որուն հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի մարզին առնչուող աշխատանքներուն համադրումին եւ փոխադարձ գործակցութեան:

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ Պալաայի ամբարտակին կառուցման համար Թեհրան 40 միլիոն տոլարի նիւթական յատկացում մը կատարած է:

Պասիլ աւելցուց, որ Իրան պատասխանատու է ամբարտակին կառուցման ծրագրաւորման, իսկ լիբանանեան ընկերութիւններ պիտի գործադրեն զայն: Ան նշեց, որ Պալաայի ամբարտակին կառուցումը երեք տարի պիտի տեւէ:

Պասիլ յայտնեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Իրանէն ելեկտրական հոսանք փոխադրելու կարելիութիւնը` նշելով, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի անոր:

Այս առումով Պասիլ նշեց, թէ Իրան ներկայացուցած է բացառիկ սակով առաջարկ մը, զոր կարելի չէ մերժել, «սակայն կան այդ առաջարկին վերաբերող կարգ մը յստակացումներ, որոնք պէտք է ամբողջացուին եւ ապա այդ ծրագիրը ներկայացուի կառավարութեան, որպէսզի զայն վաւերացնէ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Նամժու յայտնեց, թէ Պասիլի հետ քննարկած է Լիբանան-Իրան փոխադարձ գործակցութեան բոլոր կարելիութիւնները եւ յստակացումներ կատարած. «սակայն կան կարգ մը հարցեր, որոնք պատշիրային են եւ ուղղակիօրէն կապուած լիբանանեան կողմին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անոնց լուծումը մօտալուտ է:

Իրանի կողմէ Լիբանանի փոխանցուելիք ելեկտրական հոսանքին կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Նամժու շեշտեց, որ Իրան յաւելեալ 10 հազար մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք ունի եւ ոչ մէկ արգելք կայ այդ հոսանքը իր բարեկամ երկիրներուն փոխանցելու:

 

 

 

Նախորդը

Եգիպտոսի Վարչապետը Այցելեց Կազա. Իսրայէլ Ծառայութեան Կը Կանչէ Պահեստի Յաւելեալ Ուժեր. «Յարձակումը Համասի Վրայ Չէ, Այլ` Բոլոր Պաղեստինցիներուն» Միասնութեան Կոչ Ուղղելով Յայտարարեց Ապպաս

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Մեժիտ Նամժուն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.