Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարած է, որ «կ՛ուզէ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնալ, սակայն նախ կ՛ուզէ ատոր ծրագիրները լսել»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակի 7-րդ զօրաբաժինի հրամանատար զօր. Ապտիւլլա Ռեճեփ այցելած է սուրիական Ռաս Ուլ Այն քաղաքի սահմանամերձ թրքական շրջանը: Նշենք, որ Ռաս Ուլ Այն մէկ շաբաթէ ի վեր Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի եւ Սուրիական ազատ բանակին միջեւ բախումներու թատերաբեմ է:
Թուրք զօրավարը զինուորականներու ընկերակցութեամբ այցելած է Չիլափինար գիւղը:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի խորհրդական Նըմըր Համատ յայտնեց, որ Պաղեստինի ազատագրման ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Ժըպրիլ կը ղեկավարէ խմբաւորում մը, որ «Ասատի վարչակարգին աջակցող միլիսի պէս կը վարուի` կրկնելով այն մեծ սխալը, երբ Հըզպալլայի հետ համաձայնաբար ուղարկեց 60 պաղեստինցիներ, որոնք Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ զոհուեցան»:
Ան ընդգծեց, որ «պաղեստինցիները սուրիական տագնապին մէջ կողմ չեն»: «Իր ժողովուրդին դէմ մղած պատերազմին մէջ ներքաշելու սուրիական վարչակարգին փորձերը շեշտուած են` օգտուելով իր հողերուն վրայ Ահմատ Ժըպրիլի ներկայութենէն, որ արդէն Ասատի գաղտնի սպասարկութեան արտադրութիւնն է»:


