Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեքենայութիւնները Պիտի Չօգնեն Ազրպէյճանին` Խուսափելու Պատասխանատուութենէն» «Արմենփրես»-Ին Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

September 27, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատասխանելով «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ներկայացուած տնտեսական պահանջներուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ կարելի չէ գտնել որեւէ քաղաքական չափորոշիչ, որպէսզի գնահատուի այն վնասը, որ Ազրպէյճան կը հասցնէ Ղարաբաղին, Հայաստանին եւ ինքն իրեն ուժի օգտագործման եւ հայատեացութեան քաղաքականութեան պատճառով:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման` Շաւարշ Քոչարեան նշեց, որ Ազրպէյճան հայկական բնակչութեան զանգուածային ջարդեր եւ ցեղային զտումներ իրագործեց, ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ  սանձազերծեց լայնածաւալ յարձակում, որ պատճառ դարձաւ բազմաթիւ զոհերու, բնակավայրերու աւերման, ենթակառոյցներու ոչնչացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքներու մինչեւ այսօր պահպանուող բռնագրաւման:

Քոչարեան նշեց, որ այսօր Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը հերոսացնէ կացինը ձեռքին գիշերային մարդասպանին` հրաժարելով արձակազէնները հեռացնելէ, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումէն, զինադադարի դրութեան ամրապնդումէն եւ շփման գիծին վրայ սադրանքներ կազմակերպելով, պատասխանատուութիւն կը կրէ մարդկային կորուստներու համար, իւրաքանչիւր սպաննուածի համար` անկախ անոնց ազգութենէն:

Ան յայտնեց, որ թիւերու, միջազգային իրաւունքի կամ շրջանի պատմութեան խեղաթիւրուած մեքենայութիւնները պիտի չօգնեն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան խուսափելու պատասխանատուութենէն` ինչպէս տագնապի բոլոր կողմերուն կորուստներու, նոյնպէս ալ տագնապի լուծման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ միջնորդներու ջանքերու նպատակամղուած ռմբահարումին համար:

 

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Եւ Հայ Սըլլոմի Մէջ Աուատ Իպրահիմ Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Դիմաւորումի Արժանացաւ

Յաջորդը

Հունգարիա Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնման Ակնկալութեամբ Նամակ Մը Յղած Է. Հայաստան Հունգարիայէն «Գործնական Եւ Յստակ Քայլեր» Կը Սպասէ

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։