Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 22 Սեպտեմբեր 1962 )

September 22, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Վերամուտ

Երկու շաբաթէն կը վերաբացուին Լիբանանի կրթական հաստատութիւնները: Հարիւր հազարաւոր աշակերտներ, կենսուրախ շարքերով, պիտի դիմեն վարժարան` ի խնդիր լոյսի եւ գիտութեան:

Վերամուտ` նաեւ հայ վարժարաններու համար, երկրորդական, նախակրթարան եւ մանկապարտէզ: Կը բացուի տարի մը տքնաջան աշխատանքի` թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ՛ աշակերտներու համար: Ուրախալի է տեսնել վերամուտի օրերուն, աշակերտներու կայտառ բազմութիւնը կրթական հաստատութիւններէ ներս, ուր վերանորոգուած ուժերով, ամբողջ ինը ամիս պիտի տքնին ու քրտնին` իրենց մտքին ու հոգիին հորիզոնները բանալու համար:

Վերամուտը, սակայն, նաեւ խորհրդածութեան առիթ է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ապրին մեր կրթական մտահոգութիւնները` սկսած պաշտօնական մարմիններէն, տնօրէններէն եւ ուսուցիչներէն, մինչեւ ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն կրթական հաստատութիւններուն` անոնցմէ ապագայի մարդը կերտելու վստահութեամբ:

Կասկած չկայ, թէ կրթական գետնի վրայ, մասնաւորաբար մեր գաղութին մէջ, կ՛ապրինք վերանորոգման շրջան մը, որ կը յատկանշուի կրթական նոր հաստատութիւններու բացումով: Բացի այդ, կրթական նոր ծրագիրները ներկայիս սկսած են գործադրուիլ հայկական վարժարաններէն ներս` յաւելեալ պարտաւորութիւններու տակ դնելով ուսուցիչ, աշակերտ թէ ծնող:

Ներկայ կացութեան առջեւ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ դերը մասնաւորապէս հայ ուսուցիչին եւ ծնողին, որոնք գիտակից իրենց կոչումին եւ պարտաւորութիւններուն` պէտք է նոր պայմաններու թելադրանքը եղող նոր պահանջներու գոհացում տալու տրամադիր ըլլալ:

Հայ ուսուցիչը չի նմանիր օտար ուսուցիչներու: Անոր պարտականութիւնը չէ միայն յաջողակ աշակերտները պատրաստել` առանց մտահոգուելու այն ոգիով, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտինը պիտի ըլլայ, ո՛ւր որ ալ յաճախէ ան: Ըսել կ՛ուզենք, իւրաքանչիւր հայ ուսուցիչ, իր բարձր կոչումին գիտակցութեամբ, պէտք է հայկական ոգի ներշնչէ իր խնամքին յանձնուած աշակերտներուն, որոնք պիտի հանդիսանան վաղուան հայերը, ապագայի մեր յոյսը:

Նոյնքան կարեւոր է նաեւ հայ ծնողին դերը: Գիտենք, թէ ծնողներու համար «թեթեւութեան» շրջան մը կը ստեղծուի վերամուտով: Մայրերն ու հայրերը գոհ են, որ հանդարտ գլուխով իրենց գործով պիտի զբաղին, եւ իրենց զաւակներու նիստ ու կացին հակակշիռը պիտի փոխանցուի, ինքնաբերաբար, զաւակներուն…

Առանց տարածուելու` կ՛ուզենք ակնարկել այն ընդհանուր անտարբերութեան, որ կայ հայ ծնողներու բացարձակ մեծամասնութեան մօտ: Իրենց զաւակները արձանագրել տալէ ետք վարժարանի տոմարներուն մէջ, անոնք գրեթէ վերջացած կը նկատեն իրենց պարտականութիւնը, երբ նոր կը սկսի հակակշիռի ու հետեւողական ուշադրութեան պահանջը:

Ոչ ոք կ՛անդրադառնայ, գրեթէ, որ աշակերտի մը կեանքի մեծագոյն մասը կ՛անցնի տան մէջ, եւ թէ` մասնաւորաբար դաստիարակչական տեսակէտով, ընտանեկան յարկի տակ, ծնողական մթնոլորտի մէջ կը կազմաւորուի անոր նկարագիրը:

Ի՞նչ կ՛արժէ ուսուցչին կամ դաստիարակին հոգածութիւնը, երբ դպրոցէն տուն ճամբուն վրայ, եւ կամ` փողոցին եւ տան մէջ, աշակերտը պիտի չզգայ հոգեկան եւ բարոյական սկզբունքներու ներկայութիւնը, եւ վարժարանէն առածը պիտի կորսնցնէ վերադարձի ճամբուն վրայ իսկ…

Կը նշանակէ, թէ այս ուղղութեամբ որքան մեծ է մեր ծնողներուն դերը, որոնք պէտք է ըլլան դպրոցին աջակիցն ու լրացուցիչը` իրենց զաւակներուն հոգեկան եւ մտաւոր դաստիարակութեան գործին մէջ:

Երբ ամէն ոք, ամէն առիթով, կէտ մը կը  գտնէ քննադատելի մեր կրթական գործին մէջ, գործնապէս սատարած պիտի ըլլայ հայ վարժարաններուն եւ իր հետաքրքիր վերաբերումով պիտի օգնէ թերութիւններու սրբագրութեան գործին, եթէ լրիւ գիտակցութիւնն ունենայ իր պարտաւորութիւններուն եւ այդ գիտակցութիւնը վերածէ շօշափելի ու դրական կեցուածքի:

Նախորդը

Խմբագրական. Ներքին Խնդիրներու Դիմակայումը` Միեւնո՛յն Կազմակերպուածութեամբ (Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-ամեակին առիթով)

Յաջորդը

Վերամուտ. Աշակերտներու Յատուկ Ամսական

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.