Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերամուտ. Աշակերտներու Յատուկ Ամսական

September 22, 2012
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդեօք պիտի ուզէի՞ք, որ ձեզի ալ վճարէին դպրոց երթալու համար…:

Միացեալ նահանգներու Օհայօ նահանգին մէջ գոյութիւն ունի դպրոց մը, որ իր աշակերտներուն շաբաթական 30 տոլար կը վճարէ, որպէսզի անոնք ամբողջ շաբաթը դպրոց գան:

Նահանգին այդ աղքատ թաղամասին մէջ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք յաճախ ընտանեկան, ընկերային կամ դպրոցական դժուարութիւններ ունին, սովորութիւն ունին դպրոցէն յաճախ բացակայելու: Բացակայութեան դէմ պայքարելու համար դպրոցին պատասխանատուները 40 հազար տոլարի պիւտճէ մը յատկացուցած են աշակերտներուն վճարելու համար:

Ամէն շաբաթ աշակերտները կը ստանան մօտաւորապէս 20 տոլար, իսկ մնացածը դրամատունը իրենց յատուկ հաշիւի մը մէջ կը դրուի: Անոնք այդ հաշիւէն պիտի կարենան օգտուիլ, եթէ արժանանան դպրոցի վկայականին: Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, այս լուծումը բարելաւումներ բերած է, դասերու ներկայ գտնուող աշակերտներուն թիւը 5 առ հարիւր աւելցած է:

Իսկ դուն ի՞նչ կը մտածես այս դրութեան մասին: Քեզի համար բնական կը թուի՞ աշակերտներուն վճարել, որպէսզի անոնք դպրոց գան:

 

Սափրիչին Ստիպողական Այցելութիւն

Չինական կառավարութիւնը շատ գոհ չէ մանուկներուն վրայ նորոյթին ունեցած մեծ ազդեցութենէն: Հետեւաբար, վերամուտէն սկսեալ, չինացի աշակերտներուն մազերը ուշադրութեամբ կը ստուգուին: Տնկուած մազեր, գոյներ կամ շատ երկար խոպոպներ արգիլուած են: Մանչերը պէտք է շատ կարճ մազեր ունենան, իսկ աղջիկները` քառակուսի կտրուած մազեր: Անշուշտ չինացի աշակերտները գոհ չեն այս որոշումէն, սակայն եթէ անոնք կ՛ուզեն իրենց ուսումը շարունակել, ստիպողականօրէն պէտք է սափրիչին այցելեն:

 

Կարճ Լուրեր

 

 

 

 

 

Ողիմպիական գիւղը: Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցող խումբերուն յատկացուած բնակավայրին` Ողիմպիական գիւղին մէջի բոլոր առարկաները աճուրդով ծախու դրուած են համացանցին վրայ: Սակայն չեն նշուած այդ առարկաները գործածած մարզիկներուն անունները: Ինչ կը վերաբերի յարկաբաժիններուն, անոնց մէկ մասը վարձու պիտի տրուի, իսկ միւս մասը ծախու պիտի դրուի: Այս ձեւով, Իսթ Վիլըճ կոչուած նոր թաղամաս մը պիտի յառաջանայ:

Հունգարիոյ մէջ: Ոստիկանութեան հրահանգ տրուած է կեցնել 14 տարեկանէն աւելի փոքր բոլոր այն աշակերտները, որոնք դասերուն չեն ներկայանար: Ոստիկանները զանոնք պիտի տանին, իրենց դպրոցի տնօրէնին մօտ եւ անոնց ծնողներուն լուր տան:

Պրազիլի մէջ: 13 տարեկան աշակերտուհի մը ֆէյսպուքի վրայ էջ մը ստեղծած է խօսելու համար իր դպրոցին մէջ տիրող վատ պայմաններուն մասին:

Անշուշտ անոր ընկերները եւ ուսուցիչները զայն քննադատած են, սակայն ան այդ ձեւով կրցած է քանի մը բաներ բարելաւել:

Քարիւղը մաքրելու համար: Ծովերուն մէջ նաւերէն թափած քարիւղը մաքրելու համար գիտնականները մտածած են գործածել… տուրմով շինուած դեղ մը: Բնական նիւթերով պատրաստուած այս իւրայատուկ դեղը «կը հալեցնէ» ջուրին մէջի քարիւղը:

Նուազ գէր աշակերտներ: Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած է ուսումնասիրութիւն մը` 11,14 տարեկան 6300  աշակերտներու ծանրութեան վերաբերեալ: Մասնագէտները փաստած են, թէ վաճառելու մեքենաներուն մէջէն կազային ըմպելիներուն, տուրմերուն եւ չիփսերուն քանակը նուազեցնելը դրական ազդեցութիւն ունեցած էր: Աշակերտները նիհարցած էին: Հետեւաբար պէտք է այս ձեւով շարունակել…

Մեծ իրագործում: 44 տարեկան ֆրանսացի Ֆիլիփ Քրուազան մեծ գրաւ մը շահած է` հակառակ իր հաշմանդամ վիճակին. ան արկածի մը պատճառով կորսնցուցած էր իր երկու թեւերը եւ երկու ոտքերը: Սակայն, հակառակ ասոր, ան կրցած է լողալով իրարու միացնել 5 ցամաքամասերը: Մարզական իրագործումէ աւելի, ան կ՛ուզէր փաստել, թէ կարող եւ հաշմանդամ անձերու միջեւ տարբերութիւնները կրնան ջնջուիլ:

Քոալաներն ալ կը լողան: Աւստրալիոյ մէջ զբօսաշրջիկներ մեծ անակնկալի մը առջեւ գտնուած են, երբ անոնք քոալայի մը հանդիպած են` գետի մը մէջ լողալու ընթացքին: Ասիկա առաջին անգամն էր, որ մարդիկ կը տեսնէին այս անասունը լողալու ընթացքին: Քոալաները ճանչցուած են իբրեւ ջուրէն վախցող անասուններ: Անոնք կը նախընտրէին ջերմիի ծառերուն կառչած մնալ` այդ ծառերուն տերեւները ուտելով: Անոնք իրենց օրուան մեծ մասը (օրական 16 ժամ) այդ ծառերուն վրայ քնանալով կ՛անցընեն: Սակայն, ըստ երեւոյթին, այս քոալան կ՛ուզէր զովանալ եւ չէր վարանած ջուրին մէջ սուզուելէ:

Ճամբորդութիւն: Ֆրանսացի կին ճամբորդ մը, Փաքիստանէն դէպի Ֆրանսա վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ քնացած է: Սակայն ան չէ արթնցած, երբ օդանաւը էջք կատարած է: Օդանաւին անձնակազմն ալ չէ անդրադարձած, թէ ան տակաւին օդանաւին մէջ մնացած է: Հետեւաբար ան մնացած է օդանաւին մէջ եւ վերադարձած` Փաքիստան: Փաքիստան վերադարձին է, որ մարդիկ վերջապէս անդրադարձած են պատահածին: Ան կրցած է վերջապէս Ֆրանսա վերադառնալ ուրիշ օդանաւով մը:

 

Վերամուտի Պատրաստութիւն

Լաւ տարեշրջան մը սկսելու համար`

1.- Դպրոց երթալէ առաջ լաւ նախաճաշ մը կ՛ուտենք:
2.- Դասարանին մէջ ուշադիր ենք եւ չենք վարանիր ուսուցիչներէն բացատրութիւններ ուզելու, երբ բան մը չենք հասկնար:
3.- Տրինկ: Օրը վերջացաւ: Դասարանէն դուրս գալէ առաջ կը ստուգենք, թէ լաւ արձանագրեցի՞նք բոլոր մեր պարտականութիւնները եւ պէտք եղած գիրքերը եւ տետրակները դրի՞նք պայուսակին մէջ:
4.- Դպրոցէն վերադարձին, դասերը խաղերէն առաջ կու գան, ճաշ, կամ թեթեւ ուտելիք մը, քիչ մը հանգիստ եւ գործի կը լծուինք:
5.- Աշխատելու համար հանգիստ կը տեղաւորուինք գրասեղանին ետեւը, հանդարտ եւ լաւ լուսաւորուած սենեակի մը մէջ:
6.- Չենք մոռնար ամէն գիշեր դասերը դարձեալ կարդալու, վերստուգելու մեր սորվածները եւ մեր չհասկցած կէտերը:
7.- Երբ կարելի է, կը յառաջանանք մեր աշխատանքներուն մէջ: Փորձենք նայիլ ոչ միայն  յաջորդ օրուան դասերը, այլ նաեւ յաջորդ օրերու պարտականութիւնները:
8.- Մեր առարկաներուն ուշադրութիւն կ՛ընենք: Շատ աւելի հաճելի է կոկիկ տետրակի մը վրայ աշխատիլ, մելան չփախցնող գրիչով մը գրել եւ դասերը սորվիլ գեղեցիկ գիրքէ մը:
9.- Երբ պարտականութիւնները կը վերջացնենք, կը շտկենք գրասեղանը եւ մեր դպրոցական պայուսակը: Շատ կարեւոր է պայուսակը գիշերը պատրաստել` յաջորդ առտու աճապարանքով պատրաստելու եւ ապրանքները մոռնալու փոխարէն…
10.- Եւ օրերնիս լաւ վերջացնելու համար… կանուխ կը քնանանք:

* * *

Օրը լաւ սկսելու համար

… Կարեւոր է լաւ, ամբողջական եւ հաւասարակշռուած նախաճաշ մը ուտել:
– Պտուղ մը կամ պտուղի հիւթ` կենսանիւթերու պաշար ունենալու համար:
– Թարմ հաց, չորցուած հաց, կաթով հաց… ամբողջ ցերեկը կարենալ տոկալու համար:
– Քիչ մը իւղն ալ կարեւոր է, օրինակ` հացին վրայ քսուած քիչ մը կարագ:
– Մեծ գաւաթ մը կաթ կամ քիչ մը քամած մածուն (լեպնի), կամ կտոր մը պանիր` օրդ կաթնեղէնով մը սկսելու համար:

Իսկ անոնք, որոնք առտուն շատ ուտել չեն սիրեր, թող չմոռնան իրենց հետ պտուղ մը կամ պզտիկ տոպրակ մը քորնֆլէքս տանելու` զբօսանքին ուտելու համար:

* * *

Գրասեղանին վրայ

Այս մատիտները մէջը դնելու անուշիկ անօթը շինելու համար պէտք պիտի ունենաս… գունաւոր մատիտներու եւ ապակիէ անօթի մը:

Նախ եւ առաջ գունաւոր մատիտներդ տաշէ, որպէսզի անոնք նոյն հասակը ունենան: Ապա զանոնք քով-քովի փակցուր` երկու կողմերը կպչուն երիզով: Անօթդ զարդարելու համար մատիտներուն շուրջ փակցուր գունաւոր կպչուն երիզ մը եւ ապա անոր վրայէն գեղեցիկ ժապաւէն մը կապէ:

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել պայուսակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս զանազանել, թէ քանի թիւ գրուած է գրատախտակին վրայ եւ որքա՞ն է անոնց գումարը:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին, օրինակ` 3 + 4 = 7:

 

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 22 Սեպտեմբեր 1962 )

Յաջորդը

Ողջունելի Նախաձեռնութիւն Մը` Քեսապի «Կասիոս» Գրական Լրատուն

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.