Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղաբեկեան. «Իմ Առաջին Քայլս Պիտի Ըլլայ Մասնակցիլ Կառավարութեան Ծրագիրի Կազմութեան Աշխատանքներուն»

September 20, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արթուր Աղաբեկեան

Արթուր Աղաբեկեան ilur.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ պիտի ստանձնէ որոշ գործառոյթներու պատասխանատուութիւն, միասին քննարկելէ ետք որոշ մարզերուն մէջ պիտի իրականացնէ ծրագիրներ, զորս ինք հաճոյքով կրնայ կեանքի կոչել իր պաշտօնին ընդմէջէն: Ան նշեց, որ իր փոխվարչապետ նշանակուելուն հրամանը ուժի մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ օրերուն, իսկ, ըստ անոր, իր առաջին քայլը պիտի ըլլայ մասնակցիլ կառավարութեան ծրագիրի կազմութեան աշխատանքներուն:

Նշենք, որ յայտնի դարձած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար, զօրավար Արթուր Աղաբեկեան նշանակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ:

Արթուր Աղաբեկեան նաեւ նշեց, որ ինք երբեք չէ բացակայած Արցախէն, քանի որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին աւելի շատ գտնուած է Հատրութի մէջ, քան այլ տեղ: Ըստ անոր, հիմա արդէն նպատակ ունի ընտանիքով տեղափոխուելու Արցախ եւ շարունակելու իր գործունէութիւնը այդտեղ:

Իսկ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ յարաբերութիւններ ունի ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեանի ու նախկին նախագահի թեկնածու եւ Սահմանադրական Արցախ քաղաքական նախաձեռնութեան առաջնորդ Վիթալի Բալասանեանի հետ, Աղաբեկեան յայտնեց, որ «թէ՛ Վիթալի Բալասանեանը, թէ՛ Բակօ Սահակեան, թէ՛ Արցախը պահպանողն ու Արցախի մէջ ստեղծագործողը, թէ՛ 1988 թուականէն արցախեան շարժման մասնակցած որեւէ անձ իմ մարտական ու գաղափարական ընկերներն են»: Ան աւելցուց, որ ինք այդ առումով  երբեք այդպիսի հարց չէ դրած իր առջեւ, թէ ի՛նչ յարաբերութիւններ ունենայ այս կամ այն մարդուն հետ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի վերջին զարգացումներուն, Բակօ Սահակեանի կողքին կանգնիլն ու անոր ծրագիրները իրականացնելու իր որոշումը` ինք արդէն տուած է տակաւին հինգ տարի առաջ, երբ Բակօ Սահակեան կը մասնակցէր նախագահական ընտրութիւններուն: Հետագայ հինգ տարիներուն ընթացքին Աղաբեկեան մասնակից դարձած է անոր յայտարարած ծրագիրներու իրականացման:

Արթուր Աղաբեկեան նշեց, որ իր տուած որոշումէն տեղեակ են թէ՛ Վիթալի Բալասանեանը, թէ՛ իր բոլոր ընկերները: Ան բացառեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն իր հաւանական մասնակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Բանակը Զինելու Ծրագիրը

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Հոլլանտ Հանդիպում Ունեցաւ Ալիեւի Հետ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։