Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 1 Սեպտեմբեր 1962 )

September 1, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհի Եօթը Հրաշալիքները

 Հին Եւ Նոր Հրաշալիքներ

Արամազդի Արձանը

Այս չորրորդ հրաշալիքը կը գտնուէր Ողիմպիայի մէջ, Թեսսաղիա: Արձանը ունէր 15 մեթր բարձրութիւն. շինուած էր խիստ արժէքաւոր փայտէ. մարմնին մերկ մասերը փղոսկրով պատուած էին, իսկ մնացեալը` ոսկիով:

Արամազդի այս հրաշալի արձանը գործն էր յոյն Փիտիասի: Այս արձանն ալ տապալեցաւ հեթանոս Գոթերու ձեռքով, որոնք իւրացուցին անոր ոսկիէ մասերը:

Հաղիկառնասի Դամբարանը

Այս դամբարանը կը գտնուէր Հաղիկառնասի մէջ, Գարիա, որ միանգամայն հայրենիքն է Հեդովդոտոս եւ Տիոնոսիոս հռչակաւոր պատմագէտներուն:

Հաղիկառնասի մէջ, Ն. Ք. Դ. դարուն, կը թագաւորէր թագուհի մը, որուն ամուսինը մեռած էր: Ինքը կը կոչուէր Արտեմիս Բ., իսկ ամուսինը` Մաուզոլ: Ն. Ք.  352-ին կամ 354-ին, թագուհին կանգնել տուաւ, անոր ի պատիւ, դամբարան մը, որ կոչուեցաւ «Մաուզոլէում»` ամուսինին անունով: Այս հոյակապ կոթողին անունը անցաւ հնդեւրոպական լեզուներուն, մատնանշելու համար ճոխ դամբարանները:

Արտեմիս Բ.ի կանգնած դամբարանը 140 մեթր շրջագիծ մը ունէր. զարդարուած էր 36 իոնական գեղոճ սիւներով, որոնց վերեւ կը կանգնէր հսկայ բրգաձեւ տանիք մը, որուն վրայ կ՛իշխէր Մաուզոլի արձանը:

Ռոդոսի Հսկան

Արեւուն 40 մեթրնոց արձանը կը կազմէր հիներու պարծանքի առարկաներէն մին: Այս տիտանական արձանը կը զարդարէր Ռոտոսի նաւահանգիստին մուտքը:

Արձանը կանգնուելէն 56 տարի ետք տապալեցաւ` երկրաշարժի մը իբրեւ հետեւանք: Պլինիոս Հռոմայեցի հռչակաւոր գրողը տեսած է անոր  մնացորդները: Ըստ իրեն, իւրաքանչիւր մատը մարդու մը մարմնին չափ խոշոր էր:

Աղեքսանդրիոյ Փարոսը

Աղեքսանդրիա հին դարերու մեծագոյն քաղաքներէն էր, եւ Քրիստոսի ատենները, կու գար Հռոմէն անմիջապէս յետոյ` իր 800,000 բնակիչներով:

Պտղոմէոս Բ. թագաւորը (304-247 Ն. Ք.) կանգնել տուաւ, անոր նաւահանգիստին մէջ, հսկայական փարոս մը, որ շատ հեռուներէն տեսանելի ըլլար: Յոյները կ՛ըսեն, թէ փարոսին բարձրութիւնը 272 մեթր էր, ինչ որ գրեթէ անհաւատալի կը թուի:

Երբ արաբները Եգիպտոս մտան, շուրջ 1000 տարի յետոյ, անոնք գտան այդ փարոսին մնացորդները, որոնք տակաւին 116 մեթր բարձրութիւն ունէին:

Է. Բ. ԷՅՏՈՒ
(Մասիս)

Հայացուց
ՎԱՐԴԱՆ Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ

«Նոյեան Տապանին Առեղծուածը Պիտի Լուծուի
Երեք
Տարիէն», Կ՛ըսէ Ամերիկացի Գիտնական Մը

«Երեք տարիէն պիտի գիտնանք, թէ Նոյեան տապանը Արարատ լերան վրա՞յ կը գտնուի, թէ՞ ոչ», յայտարարեց Ճորճ Վէտըմէն, որ Թուրքիոյ մէջ կը վարէ այն պեղումները, որոնց նպատակն է լուծել տապանին գաղտնիքը:

Ամերիկացի գիտնականը յայտարարեց, թէ երկու անգամ` 1955-ին եւ 1958-ին, փայտի կտորներ հանուած են 4000 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող սառոյցի զանգուածներուն տակէն: Կատարուած տարրալուծումներու համաձայն, այս կտորները Քրիստոսէ առաջ 1000-2500 թուականէն կու գան:

Նախորդը

«Սուրիոյ Հայ Համայնքը Պէտք Չէ Փորձէ Թիրախ Դառնալ» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

Յաջորդը

Ամառնային Յիշատակներ. Ինչպէ՞u Շինել Աւազէ Պալատ Մը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.