Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Միջնորդական» Առաջարկներ

August 27, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնները անարձագանգ պէտք չէ ձգել: Յայտարարութեան բովանդակութեան ծանօթացողը կ՛իմանայ, որ Անգարան կ՛ինքնաառաջադրուի նախ Արցախի հարցին ուղղութեամբ միջնորդի դեր ստանձնելու: Այս ինքնակոչ միջնորդութեան առաջարկը նոր չէ անշուշտ: Հերթական պատեհ առիթի Անգարայի կողմէ կը յանկերգուի այս առաջարկը, որ նոյն հետեւողականութեամբ ալ չ՛արժանանար միջազգային արձագանգի:

Պարզ է, որ Թուրքիան միացած է Ազրպէյճանի քաղաքական այն աշխատանքին, որ նպատակ ունի միջնորդական ձեւաչափը փոխել եւ հակամարտութեան բանակցութիւնները տեղափոխել այլ հարթութիւն (նախ եւ առաջ` ՄԱԿ): Այս նկատառումով ալ յայտարարութիւնը շատ համահունչ է թուրքեւազրպէյճանական միացեալ քաղաքականութեան եւ այստեղ որեւէ հակաօրինաչափ երեւոյթ բնականաբար չկայ:

Այստեղ բանակցութիւններու միջավայրի առաջարկն է, որ միջնորդական առաքելութեան ինքնաստանձնում կ՛ենթադրէ: Թուրքիոյ մէջ հակամարտութեան ուղղութեամբ բանակցութիւններ վարելու հրաւէրը բնականաբար գերմիջնորդի դեր ստանձնել կ՛ենթադրէ: Պարզ է սակայն, որ միջնորդը այս պարագային այն կողմն է, որ միացած է Պաքուի պահանջներու ամբողջականութեան եւ Արցախէն եւ ազատագրուած բոլոր տարածքներէն հայկական ուժերուն հեռացումը անքննարկելի կը նկատէ: Աւելի՛ն, Երեւանի հետ իր յարաբերութիւններու բնականոնացումը կը պայմանաւորէ անքննարկելի պահանջներու իրականացումով: Նման պարագայի, դժուար ընկալելի է, թէ ինչի՞ շուրջ պիտի կայանան բանակցութիւնները եւ ի՞նչ տեսակ միջնորդի դեր պիտի ստանձնէ հակամարտող կողմերԷն մէկը ուղղակի հովանաւորողը:

Նման պահու այս տեսակ յայտարարութիւն կատարելը որոշ հարցականներ կը ստեղծէ: Բանակցութիւններու անմիջականութեան առջեւ չէ հակամարտութեան թղթածրարը: Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը կրնայ լոյս սփռել ընտրուած պահու շարժառիթին վրայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նոյն միջավայրը իբրեւ բանակցային տեղ կ՛առաջարկէ այս անգամ Սուրիոյ խնդիրները քննարկելու համար: Հիմնաւորելով` «Թուրքիան շրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւնները լուծելու քաղաքականութիւն կը վարէ, որուն շնորհիւ Թուրքիան շրջանի յառաջատար երկիրը դարձած է»:

Պահ մը յետաձգենք հակամարտութիւններ լուծելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան արդիւնքներու քննարկումը, պարզապէս ընդգծելու համար, որ նոյնքան դժուար է այս պարագային եւս կողմ մը զինող, նոյն կողմին կեդրոններ տրամադրող, միւս կողմին տապալումը պահանջող, անվերջ սպառնալիքներու լեզուով խօսող երկրի մը միջնորդութիւնը պատկերացնելը: Անգարայի պահանջները, կողմնորոշումներն ու ցուցաբերած օժանդակութիւնները այս խնդիրին մէջ եւս յստակ են, եւ դժուար է պատկերացնելը, թէ նման պայմաններու մէջ ինչպիսի՞ միջնորդութեան մասին է խօսքը:

Անշուշտ, երկու խնդիրներուն միջեւ զուգահեռը, որ գծած է նախարար Տաւութօղլուն, խաբկանքի քաղաքականութեան ցցուն դրսեւորում է: Արցախը ազգային ազատամարտի եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներու առանցքային հանգամանք ունի, մինչ Սուրիան աշխարհաքաղաքական ուժերու ծրագիրի իրականացման կարեւոր հանգրուան է: Երկուքը համադասակարգելը եւ միջնորդութեան առաջարկ կատարելը հրատապութեան հաւասարեցումի ձախող փորձ է եւ առաջարկին համար հող շահելու ապարդիւն քայլ:

Նոյնիսկ այս առիթով թուրք նախարարը պահը օգտագործած է լիարժէք ժխտողականութիւն դրսեւորելու: Այն հարցումին, թէ «արդեօ՞ք դռները բաց են նաեւ այն հայերուն համար, որոնց  նախնիները գաղթած են Թուրքիայէն 1915 թուականին», նախարարը ըսած է. «Վիճակը այնպիսին է, որ մոռացութեան կը մատնուի նաեւ 1915 թուականի իրավիճակը: Մեր մշակոյթը այնպիսին է, որ մենք ոչ մէկուն նկատմամբ ատելութիւն կը տածենք եւ քինախնդիր չենք: Մեր դռները բաց են բոլորին առջեւ»:

Փաստօրէն, ինքնակոչ միջնորդը մէկ յայտարարութեան մէջ հասցուցած է արծարծելու թէ՛ Արցախի հարցը, թէ՛ Սուրիոյ եւ սուրիահայերու խնդիրները եւ թէ՛ Ցեղասպանութիւնը մոռցնել տալու հրամայականը:

Պաշտօնական Երեւանի պատասխանը համարժէք չէր: Արտաքին գործոց փոխնախարարը կը բաւարարուէր ըսելով, որ Անգարան կը խեղաթիւրէ Արցախի հարցը: Մինչդեռ յայտարարութիւնը կ՛ընդգրկէր նաեւ Ցեղասպանութեան ժխտումն ու սուրիահայերը «հիւրընկալելու» կեղծիքը:

Պահ մը շրջանցենք սուրիական թղթածրարին բանակցութիւններու վայրի ճշդումի հարցը: Ըսենք սակայն հաստատ, որ ո՛չ Արցախի բանակցութիւնները կը տեղափոխուին Պոլիս, ո՛չ Հայոց ցեղասպանութիւնը մոռացութեան կը մատնուի, ո՛չ ալ սուրիահայերը կը փափաքին հիւրընկալուիլ Թուրքիա: Ուրկէ բռնի տեղահանուեցան եւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան:

                                                                                                «Ա.»

 

Նախորդը

Տաւութօղլու Պոլսոյ Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Հայաստան-Ազրպէյճան Բանակցութիւն Կ՛առաջարկէ Եւ Սուրիոյ Հայերոն Մասին Կը Խօսի

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 28 Օգոստոս 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.