Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ ուղղուեցան թրքական դեսպանատուն, ուր անոնք նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով արտաքին գործոց նախարարէն իր մօտ հրաւիրել Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ անոր խիստ ոճով փոխանցել անհրաժեշտ պատգամը:
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող պատասխանատու շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ եթէ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը չլուծուի, ապա Լիբանանի մէջ թուրքերը «հիւրեր» պիտի նկատուին, ճիշդ այնպէս ինչպէս է առեւանգուած լիբանանցիներուն պարագան:
Ան նշեց, որ այս թղթածրարը ազգային հարց է եւ Մարտ 14-ի ու Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պէտք է նպաստեն առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին լուծման:
Շէյխ Զղէյպ շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին իր ջանքերուն համար, սակայն աւելցուց, որ նախագահը իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով չէ կատարած:
Շէյխ Զղէյպ աւելցուց նաեւ, որ առեւանգեալներուն հարազատները մագլցողական քայլեր պիտի առնեն նաեւ Քաթարի դեսպանատան առջեւ:
Առեւանգեալ լիբանանցիներուն հարազատները յայտնեցին, որ իրենք որեւէ ատեն կրնան փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան:
Միւս կողմէ, առեւանգեալ լիբանանցիներէն մէկուն` Հասան Օմարի զաւակը` Ալի Օմար երէկ ընկերակցութեամբ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պատուիրակութեան, իսկ առեւանգեալ Ալի Զղէյպի զաւակը` Ատհամ Զղէյպ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Թուրքիա, ուրկէ անոնք պիտի անցնին Հալէպ` հանդիպելու համար իրենց հայրերուն հետ:
Անոնք մաղթեցին իրենց հարազատներուն հետ վերադառնալ Լիբանան` նկատել տալով, որ իրենք լիբանանցիներու առեւանգումին պատասխանատու Ապու Իպրահիմի հրաւէրին է, որ կ՛ընդառաջեն:


