Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 7 Օգոստոս 1962 )

August 7, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոքթոյ Մերիլինի Մահուան Պատճառ Կը Նկատէ
Անգութ
Լրագրողները

Թաղումը Կատարող Մարդ
Չգտնուեցաւ
Տակաւին

Մերիլին Մոնրոյի մահուան առթիւ, Ժան Քոքթոյ յայտարարեց. «Այս անգութ մահը ահաւոր դաս մը պիտի ըլլայ բոլոր անոնց» որոնց գլխաւոր զբաղումը դերասանները լրտեսելն ու տառապեցնելն է»:

Հռչակաւոր բանաստեղծն ու շարժանկարիչը աւելցուց. «Չէի ճանչնար զինք, բայց շատ տխուր եմ, որովհետեւ շատ տաղանդաւոր էր: Շատ մը աղջիկներ, որոնք կ՛երազեն դերասանուհի դառնալ, պիտի հասկնան, թէ անոնց կեանքը պարիկային հեքիաթ մը չէ: Բարեկամներ ինծի ըսին, թէ լրագրողներ տիւ ու գիշեր կը լրտեսէին Մերիլին Մոնրոն` մինչեւ իսկ ուղղաթիռով մը անոր տան վրայէն հսկողութիւն կատարելով: Ասիկա գայթակղութիւն է»:

Ոչ Ոք Տէր Կը Կանգնի

Ամբողջ կեանքին ընթացքին Մերիլին Մոնրոյի մինակութիւնը աւելի եւս ծանրօրէն կը ճնշէ անոր մահէն ետք: Արդարեւ, հռչակաւոր դերասանուհիի անհետացումէն 24 ժամ ետք, տակաւին ոչ ոք կը մտածէ յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու մասին: Ոչ մէկ մօտիկ ազգական ներկայացած է` անոր դիակին տէր կանգնելու համար:

Անոր երեք նախկին ամուսինները` Ճէյմս Տուկերթի, Ճօ Տի Մաճիօ եւ Արթհըր Միլլըր երբեք չեն հետաքրքրուիր: Միակ ազդուողը Արթհըր Միլլըրի հայրն է` ծերունի Իզատոր Միլլըր:

Հռոմի մէջ Սուրբ Աթոռի պաշտօնաթերթ «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» կը գրէ. «Մերիլին Մոնրօ եղաւ զոհը մտայնութեան մը եւ կեանքի ըմբռնումի մը, որուն խորհրդանիշն էր ինք»:

Թերթը, որ երկու ամիս առաջ խստիւ քննադատած էր Մերիլին Մոնրոն` իր վերջին (անաւարտ) ժապաւէնին մէջ տեսարան մը բոլորովին մերկ խաղացած ըլլալուն համար, կ՛արտայայտէ «իր խոր գութը դերասանուհիին համար»:

 

Մինչեւ 1970 Երեք Ամերիկացիներ
Լուսին
Պիտի Հասնին

Ամերիկեան գիտական շրջանակներէ կը հաղորդուի, թէ կը շարունակուին եռանդուն ճիգեր` մինչեւ 1970 կամ նոյնիսկ 1967 թուականը երեք ամերիկացիներ ղրկելու համար լուսին. Այս ծրագիրը ծանօթ է` «Ծրագիր Ափոլօ» անունով, եւ հարիւրաւոր գիտական աշխատանոցներու ու գործարաններու մէջ կ՛աշխատին անոր իրագործման համար:

Ամերիկացիք կը հաւատան, թէ ռուսերը պիտի չկրնան աւելի առաջ լուսին հասնիլ: Սակայն ո՛վ որ ալ յաջողի, այդ պիտի ըլլայ պատմութեան մէջ աննման դէպք մը: Ոչ Քոլոմպոսի կողմէ Նոր Աշխարհի գիւտը եւ ո՛չ ալ Ռայթ եղբայրներու կողմէ օդանաւային առաջին թռիչքը կրնան համեմատուիլ անոր, իր ունենալիք հետեւանքներով:

Մարդը, իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, ծանրութեան զանգուածային սեղմումներով եւ թշնամի անջրպետով, սահմանուած էր ապրելու իր այս փոքր մոլորակին վրայ, մինչեւ 12 օգոստոս 1961, երբ խորհրդային հազարապետ Եուրի Կակարին, առաջին մարդը ըլլալով, անջրպետանաւով մը դարձաւ երկրին շուրջ:

Յաղթահարելով այդ սեղմումները եւ լուսին հասնելով` մարդը, առաջին անգամ ըլլալով, ոտք պիտի դնէ երկնային մարմնի մը վրայ, տարբեր` իր ծնած մոլորակէն: Ան պիտի տիրանայ Ռոսեթթա քարին, զոր ուսումնասիրելով` պիտի կրնայ հասկնալ արեգակնային դրութեան ծագումը:

Ան առած պիտի ըլլայ նաեւ, տիեզերքի մէջ, առաջին քայլը, որուն ուր կանգ առնելը ոչ ոք կրնայ ըսել:

Նոյնիսկ եթէ ձախողի առաջին արշաւանքը, ուրիշներ պիտի յաջորդեն, եւ պիտի յաջողին լուսնի վրայ մնալ` հոն հաստատելով, գիտական ու թերեւս զինուորական կայաններ: Հետագային մարդը հաւանաբար պիտի կրնայ հասնիլ նաեւ ուրիշ արեգակնային դրութիւններու:Կակարին, առաջին մարդը ըլլալով, անջրպետանաւով մը դարձաւ երկրին շուրջ:

Նախորդը

Արցախի Վարչապետը Այցելեց «Ասպետ» Ճամբար

Յաջորդը

Բժշկագիտական. Մարդկային Մորթէն Վերցուած Բջիջները Տարրալուծարանին Մէջ Կը Վերածուին Սրտի Մկանի Առողջ Ու Մատղաշ Բջիջներո՞ւ…

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.