
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որ գումարուեցաւ առաւօտեան եւ երեկոյեան նիստերով:
Նիստերուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթին եւ կառավարութեան անդամները:
Առաւօտեան նիստը սկսաւ Պըրրիի եւ Միքաթիի միջեւ դռնփակ հանդիպումէն ետք:
Խորհրդարանի առաւօտեան նիստը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, որմէ ետք Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի աւետեց լիբանանցիները, թէ երեկոյեան նիստին խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ 2012-ի տարեկան վարկը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մասնակցեցաւ խորհրդարանի երեկոյեան նիստին եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ կողմնակի հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց 2012-ի տարեկան վարկը, սակայն բարեփոխումներով:
Այսինքն` 11,5 միլիառ լ. ոսկիի ամավարկը նուազեցուցին 20 առ հարիւրով եւ զայն վերածեցին 10,394 միլիառ լ. ոսկիի, հոգալու համար կառավարութեան 2012-ի ամավարկը, որ կ՛երկարի մինչեւ հոկտեմբերի վերջ:
Խորհրդարանը այս ձեւով վաւերացուց տարեկան վարկը` մեկնելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այն խոստումէն, որ այս ամսուան ընթացքին կառավարութիւնը արդէն իսկ վաւերացուցած պիտի ըլլայ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:
Խորհրդարանի լիագումար նիստը քննարկեց նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իբրեւ պաշտօնեայ հաստատելու հեռանկարները: Այս հարցին վերաբերող օրինագիծը վաւերացուեցաւ բարեփոխումներով:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի առաւօտեան նիստին ընթացքին կատարուեցան քաղաքական քննարկումներ` պահպանելով հանդերձ ժողովին խաղաղութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ լիբանանեան բանակը հիւսիսային Լիբանանի սահմաններուն վրայ չի տեղակայուիր:
Երեսփոխան Մույին Մերեհպի իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ դաւադրութիւն գործողները լիբանանեան բանակի եւ ապահովական կառոյցներուն հրամանատարութիւնը եւ պատասխանատուներն են:
Երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ փողոցներ փակելու մշակոյթը տարածուած է Դիմադրութեան զէնքով, որ օգտագործուած էր Պէյրութի մէջ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ կարգ մը ապահովական կառոյցներն են, որ բանակին դէմ դաւադրութիւններ կը սարքեն:
Իսկ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան այլ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ խստիւ դատապարտեց Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար կառավարութենէն պահանջեց հետապնդել Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացիներուն թղթածրարը:


