. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի արտասանած ճառը լիբանանեան պետութենէն սպասուած դիրքորոշումն է, եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ֆահտ Տոսարիի` նախագահ Աունի խօսքը «Էքս»-ի իր էջին վրայ տեղադրելը չափազանց կարեւոր ցուցանիշ է»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ նախագահ Աունը ըսաւ, միայն աչքի փոշի ցանել է, եւ շրջագծային համաձայնագիրի տգեղութիւնն ու բանակցութիւններու ձախողումը ծածկելու ծուխի վարագոյր: Ոչ ոք մերժած է դիւանագիտութեան կամ բանակցութիւններու սկզբունքը, ընդհակառակն` առարկութիւնը կը վերաբերի բանակցութիւններու կայացման եղանակին:
«Կուսակցութիւնը Աունի ճառը կը նկատէ իր դէմ քաղաքական լարուածութեան սրման յաւելեալ քայլ` զարմանալով, թէ նախագահը ինչո՛ւ Անկախութեան օրը ընտրած է` յայտարարելու այնպիսի դիրքորոշումներ, որոնք պիտի խորացնեն պառակտումը: Նման դիրքորոշումները ինչպէ՞ս կրնան երկխօսութիւն յառաջացնել»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Նահր Քալպի մէջ դրօշի բարձրացման արարողութեան ներկայութիւնն ու նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր կնոջ կողքին նստիլը վարչապետ Նաուաֆ Սալամի բացակայութեան վերաբերեալ հարցականներ յառաջացուց` նկատի առնելով այն, ինչ որ կ՛ըսուի քուլիսներու մէջ Սալամի` անձնական պատճառներով Լիբանանը լքելու հարկադրանքին մասին, ինչ որ կրնայ պատրուակ ըլլալ արարողութեան չմասնակցելու, յատկապէս այն պատճառով, որ մշակոյթի նախարարը առարկած է եւ դատական ու անվտանգութեան մակարդակներով քայլերու ձեռնարկած է հնագիտական վայրի մէջ աշխատանքները դադրեցնելու համար»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Պէյրութ հասաւ միջազգային յստակ պատգամ մը. «Լիբանանի առջեւ առիթ գոյութիւն ունի զէնքը ներքին որոշումով մենաշնորհելու, այլապէս ատիկա պիտի կատարուի դուրսէն` ուժի կիրարկումով, ինչպէս նախորդ երկու պատերազմներուն ընթացքին»:
.«ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Ֆրանսան Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագային շուրջ տարակարծութեան փուլէն ետք ֆրանս-ամերիկեան մերձեցումին լոյսին տակ մտադիր է դեկտեմբերին Ապահովութեան խորհուրդի որոշումի նախագիծ մը պատրաստելու»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Ուաշինկթըն հարաւային Լիբանանի մէջ այլընտրանքային ուժեր չ՛ուզեր, մինչ Ֆրանսան կը փորձէ հեռացման շրջանէն օգտուիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի մնացորդը պահելու եւ շարունակելու առաքելութիւն մը, որ պիտի ճշդուի նոր որոշումով մը, երբ անոր ներկայութիւնը ամբողջովին վերջ գտնէ»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլան դէմ է իր անդամներու շարունակական կալանքին արարքներու պատճառով, զորս կը նկատէ դիմադրութիւն Իսրայէլի դէմ, երբ միւս կողմէ ազատ արձակուած է 2013 թուականին Հարաւային արուարձաններուն մէջ զոհերու պատճառ դարձած Ռուէյսի եւ Պիր Ապտի ականահարումներուն մէջ մեղադրուողը»:
. ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Դամասկոսի կողմէ բացայայտուած Հըզպալլայի առնչուած բիջիջները կը ներկայացնեն Սուրիոյ տարածքին մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող աւելի լայն ցանցի միայն մէկ մասը: Հանրութեան չեն յայտնուած բազմաթիւ բջիջներ, ինչպէս նաեւ զէնքի պահեստներ, որոնք կը պատկանին Հըզպալլայի Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութեան տարիներուն, երբ ան կը կռուէր Ասատի վարչակարգի կողքին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամերիկացիները վերսկսան կարգ մը լիբանանցիներու ըսել, թէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմի որոշումը տրուած է, հարցը միայն ժամկէտին կապուած է, եւ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է պատերազմին հետ քայլ պահեն` Հըզպալլայի դէմ ուղղակի քայլերու ձեռնարկելով»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Իրաքի վարչապետարանին մէջ ապահովական շահագրգիռ մարմինները ապահովական ու լիբանանեան ծառայութիւններէ ստացան տեղեկութիւններ ու տուեալներ, որոնք Իրաքի վարչապետ Զէյտիի ուշադրութեան կը յանձնեն, թէ Լիբանան անոր այցելութիւնը ապահովական վտանգներ կը պարունակէ»:
. ՏԱՐԱՏԵՍԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իրավիճակը չափազանց վտանգաւոր է, որովհետեւ Դամասկոս այժմ ունի ճշգրիտ տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ Ասատի վարչակագի բազմաթիւ մնացորդներ եւ անոր անվտանգութեան գործիչներ Լիբանանը կ՛օգտագործեն իբրեւ իրենց գործունէութեան յենակէտ` աշխատելով միջոցներ ու զէնք հաւաքելու եւ արտասահմանի մէջ գտնուող նախկին ղեկավարներու հետ կապի ցանցեր վերականգնելու»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Լիբանանի բարեկամ երկիրներու հետ անվտանգութեան համակարգումը մեծ զարգացում կ՛ապրի երկրին մէջ Հըզպալլայի շարժումին առնչուած ամէն բանի մէջ, ինչ որ յստակօրէն երեւցաւ Տահր Պայտարի եւ Ժրուտ Պշարրէ-Թաննուրինի մէջ, եւ այս համակարգումը կրնայ մեզ առաջնորդել շարք մը տարածքներու, մասնաւորաբար սահմանամերձ շրջաններու մէջ խմբաւորումներու աւելի բարդ շղթաներու»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Յառաջիկայ տարուան սկիզբը կրնայ Լիբանանի համար մեծ անակնկալներ բերել, յատկապէս այն պատճառով, որ արտաքին դիւանագիտութեան քուլիսներուն մէջ, լրատուամիջոցներէն հեռու կատարուողը կրնայ լիբանանեան հարցին մէջ որակական տեղաշարժ ըլլալ»:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Մաշարիհ Քահի մէջ պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգման գործողութեան հարցով կալանաւորուածներուն թիւը բարձրացաւ հինգի, եւ հետաքննութիւնը, որ զինուորական ոստիկանութեան կողմէ սկսած էր, այժմ կը կատարուի բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ պատկերասփիւռային աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Մաշարիհ Քահի մէջ գրաւուած պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարը տակաւին Ապլահի մէջ զինուորական ոստիկանութեան մօտ է, եւ հետագային պիտի փոխանցուի բանակի գաղտնի սպասարկութեան` շարունակելու համար հետաքննութիւնը եւ գործի մանրամասնութիւնները բացայայտելու:
«Նախնական հետաքննութիւնները ցոյց տուին, թէ պայթուցիկ նիւթերը ստանձնելիք անձը Սուրիոյ քաղաքացի մըն է»:
. «ՆԱՇՐԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «այս շաբաթ ելեկտրականութեան մատակարարումը զգալիօրէն պիտի նուազի, ինչ որ արդէն սկսած է որոշ շրջաններու մէջ, մասնաւորաբար Տէյր Ամմարի ելեկտրակայանէն ելեկտրականութիւն ստացող տարածքներուն մէջ, մինչեւ չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերուն լրիւ անջատման հաւանականութեամբ` մինչեւ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերու միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին վառելանիւթով բեռցուած նաւի մը ժամանումը, քայլերու ամբողջացումը, բեռը պարպել սկսիլն ու վառելանիւթը ելեկտրակայաններուն մատակարարելը»:


