Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի, ակնարկելով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի` Լիբանանի անկախութեան տօնի 83-ամեակի առիթով արտասանած ուղերձին հարցերուն Լիբանանի մէջ իրանեան միջամտութեան վերաբերեալ խօսքերուն, յայտնեց. «Լիբանանի մէջ հիմնական խնդիրը ճգնաժամերու բազմազանութիւնը չէ, այլ իսրայէլեան բռնագրաւումն ու անոր առօրեայ յարձակումները, Լիբանանի գերիշխանութեան ու անվտանգութեան շարունակուող խախտումները»:
Պաղայի յայտնեց. «Հաստատօրէն ամբողջական եւ բացարձակ կերպով կը յարգենք լիբանանցի ժողովուրդն ու անոր քաղաքակրթութիւնը, Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անոր իշխանութիւններն ու հողային ամբողջականութիւնը, եւ դժուար է գտնել շատ երկիրներ, որոնք այսքան կը կառչին այս դիրքորոշման: Եթէ միջամտութիւն ըսելով նկատի ունինք, որ մենք Իսլամապատի համաձայնագիրին յանգեցուցած բանակցութիւններու ժամանակ Լիբանանի գերիշխանութեան, ղեկավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը դրած ենք մեր պահանջներու առաջին տեղերուն վրայ, ապա մեր բարեկամները պէտք է բացատրեն, եթէ ատիկա միջամտութիւն կը նկատեն: Իրանի իսլամական հանրապետութեան դիրքորոշումը յստակ է»:
«Կը կարծենք, թէ Լիբանանի մէջ խնդիրը երկու չէ, այլ մէկ, որ իսրայէլեան բռնագրաւումն է, այդ գոյացութեան Լիբանանի վրայ առօրեայ յարձակումները եւ անոր հողերուն անձեռնմխելիութիւնը ոտնահարելն ու անոր ժողովուրդին ու գերիշխանութեան սպառնալն է, եւ ասիկա իրավիճակ մըն է, որ տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուի», ըսաւ ան:
«Լիբանանեան դիմադրութիւնը ստեղծուեցաւ յարձակումի, բռնագրաւումի եւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ դնելու համար, եւ անիկա Լիբանանի, իսլամական աշխարհին եւ շրջանի պարծանքին աղբիւրն է: Դիմադրութիւնը Լիբանանի կարողութեան եւ ուժի սիւնն է», նշեց Պաղայի:
«Մենք անկասկած Լիբանանի հետ լաւ յարաբերութիւններու հաստատում կ՛ուզենք, եւ կ՛ընդգծենք, որ Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարող միակ գործօնը սիոնական գոյացութիւնն է, որ Լիբանանի վրայ իր յարձակումները կը շարունակէ աջակցութեամբ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք, ցաւօք, իրենք զիրենք կը դնեն նաեւ միջնորդի դիրքին վրայ», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Միւս կողմէ, Պաղայի նաեւ նշեց. «Մեր սահմաններուն վրայ օտար որեւէ ուժի ներկայութիւն պիտի չընդունինք, եւ հայկական կողմը մեզի անհրաժեշտ երաշխիքները տուաւ»:


