«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ այժմու երեք լաւագոյն խումբերը (արդիւնքներով)` Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, մրցումներ չունէին:
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Շիքակօ Պուլզ Իլինոյզի մէջ 131-131 արդիւնքով աւարտեց իր մրցումը Տենվըր Նակեթցի դէմ: Սակայն երկարաձգման ընթացքին Տենվըր 20 կէտ նշանակեց եւ կրցաւ յաղթել մրցումին:
Նիքոլա Եոքիչ 37 կէտ, 18 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց` արձանագրելով իր 202-րդ թրիփըլ տապըլը, մինչ Ճամալ Մարէյ իր 45 կէտերէն 8-ն նշանակեց երկարաձգման ընթացքին: Եոքիչ բաւական մօտ է Ռասըլ Ուեսթպրուքի 209 թրիփըլ տապըլներու մրցանիշին:
Մարէյ 11 փորձերէն 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց:
Պատի Հիլտ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Շիքակօ Պուլզի, իսկ Ճոշ Կիտի իր կարգին թրիփըլ տապըլ արձանագրեց` 23 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 22 էսիսթ ձեռք ձգելով:
Շիքակօ 7 կէտերով ետ կը մնար մրցումի վերջին 40 երկվայրկեաններուն, երբ Հիլտ կրցաւ «գողնալ» գնդակը Եոքիչէն փոխանցելով Կիտիի, որ նշանակեց Պուլզի 131-րդ կէտը` մրցումի աւարտէն 7 երկվայրկեան առաջ:
Պուլզէն կը բացակայէին Նորմըն Փաուըլ եւ Քէյլըպ Ուիլսըն, որոնք այս տարեշրջանի Շիքակոյի լաւագոյն մարզիկներն էին:
Քուփըր Ֆլեկ նշանակեց 28 կէտեր, որոնց կարգին 2 կէտ ազատ հարուածով` մրցումի աւարտէն 3 երկվայրկեան առաջ, եւ Տալաս Մեւրիքս 116-114 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը` Սլոթ Լէյք Սիթիի դէմ:
Տալաս 18 կէտերու առաւելութիւն ունէր Եութայի դաշտին վրայ 4-րդ եւ վերջին մասին, բայց Ճեզ 40 կէտ նշանակեց եւ քիչ մնաց յաղթէր:
Մեւրիքս 114-98 արդիւնքով կը յառաջանար մրցումի աւարտէն 2,14 վայրկեան առաջ, որմէ ետք Եութա 16 յաջորդական կէտեր նշանակեց:
Սվի Միխայլիւք 39 կէտ նշանակեց ի նպաստ Եութայի` շնորհիւ 10 յաջող 3 կէտնոց կողովներու, բայց անոր վերջին փորձը պազըր պեթըրին ձախողեցաւ:
Անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Նիւ Եորք Նիքս 113-106 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին: Քարլ-Անթոնի Թաունզ 30 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիքսի, որ իր 11-րդ յաղթանակը արձանագրեց 17-րդ մրցումին:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ առանց Սթեֆ Քըրրիի 88-87 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին, հակառակ Ճէյսըն Թէյթըմի տապըլ-տապըլին (27 կէտ եւ 10 ռիպաունտ):


