. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ անդրադառնալով սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհանի Պէյրութ այցելութեան «Ախպար Եոմի»-ին նշած են. «Ռիատ կը զգայ, թէ Իսրայէլ-Իրան-Միացեալ Նահանգներ մակարդակին վրայ «շատ մեծ բան մը» պիտի պատահի, եւ Լիբանանը այդպիսի որեւէ մագլցումէն զերծ կացուցուած եւ այդ փոթորիկէն հեռու պիտի չըլլայ:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը տեղեակ են տիրող այս մթնոլորտէն: Նախագահ Աունը նախանձախնդիր է մագլցումը Լիբանանէն հեռու պահելու, սակայն այդ մէկը անխուսափելի է, եթէ երեք պետութիւններու մակարդակին վրայ մեծ կարգաւորում մը չըլլայ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Լիբանանեան աչքերը յառաջիկայ շաբաթասկիզբին կ’ուղղուին Նիւ Եորք` հետեւելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մէջ փոխան ՖԻՆԻՒԼ-ին Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուելիք ուժերու շուրջ քննարկումներուն»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Թրամփ իր կեցուածքը վճռեց` մերժելով ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգումը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ իրաւաբանական աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Թիւ 1701 բանաձեւի իրաւական կառուցուածքը անոր որդեգրումէն ի վեր կապուած եղած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ներկայութեան հետ` անոնց աւանդական ձեւով եւ թիւով, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ անոր էջը դարձնելը եւ զանոնք սահմանափակ թիւով ու տարբեր լիազօրութիւններով բազմազգեան ուժերով փոխարինելը առանց նոր միջազգային օրէնսդրութեան, որ իրաւական ու գործառնական ծածկոյթը կը սահմանէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «ՄԱԿ-ի նախագիծին վերջնական բանաձեւումը պատրաստելու աշխատանքը կը շարունակուի, եւ մինչեւ հիմա ձեռք բերուածը այն է, որ որոշումը հիմնուած ըլլայ թիւ 1701 որոշումին ու Լիբանանի, Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եռակողմ համաձայնութեան վրայ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Հռոմը խումբ մը Պէյրութ ուղարկած է` շահագրգիռ կուսակցութեան մը հետ հանդիպելու համար: Հանդիպման նպատակն էր ուսումնասիրել կուսակցութեան պատկերացումը առաջարկուող միջազգային ուժին վերաբերեալ, որ պիտի փոխարինէ ՖԻՆԻՒԼ-ը անոր լիազօրութեան ժամկէտը աւարտելէն ետք, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ այս ուժի բնոյթին, անոր առաքելութիւններուն, լիազօրութիւններուն, տեղակայման տարածքին եւ գործառնական մեքանիզմներուն վերաբերեալ անոր դիրքորոշումին:
«Իտալական այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ այլընտրանքային ձեւաչափի համապարփակ ըմբռնում զարգացնելու ջանքերուն, որոնք պիտի անդրադառնան բոլոր ներգրաւուած կողմերու մտահոգութիւններուն եւ փոխադարձ ընդունելի կարգաւորումներ պիտի արտօնեն»:
. ԱՐԵՒՄՈՒՏՔՑԻ դիւանագէտ մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Ուալցը չէ կրցած թիւ 1701 որոշումի բարեփոխելով անոր մէջ շրջագծային համաձայնագիրի տարրեր ներառելու վերաբերեալ իր առաջարկին վերաբերեալ լիբանանեան միասնական պատասխան ստանալ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այս առաջարկը մերժելուն պատճառով»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը պաշտօնական կողմերու տեղեկացուցած է թիւ 1701 որոշումի որեւէ փոփոխութեան ենթարկումը մերժելուն մասին` վախնալով, որ փոփոխութեան դուռը բանալը պիտի յանգեցնէ զէնքի մենաշնորհման կէտի շրջագիծի ընդլայնման, որպէսզի անիկա այլեւս չսահմանափակուի Լիթանի գետի հարաւով, այլ տարածուի` ներառելով հիւսիսը, այդպիսով սահմանելով նոր պարտաւորութիւններ, որոնք աւելին են, քան այն շրջագիծը, որուն վրայ հիմնուած է որոշումը իր ներկայ տեսքով:
«Կուսակցութիւնը կը մերժէ բանաձեւը բարեփոխելու վերաբերեալ որեւէ քննարկում, որ կրնայ պատրուակ դառնալ լիբանանեան մակարդակով զէնքի հարցի կարգաւորման կանոնները վերատեսութեան ենթարկելու»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին եւ վարչապետարանին կարծիքով, շրջագծային համաձայնագիրի իբրեւ երկկողմ-եռակողմ քաղաքական կամ ապահովական համաձայնագիրի պահպանումը զայն Իսրայէլի կողմէ հրաժարման կամ միջազգային առաջնահերթութիւններու փոփոխութիւններու ենթակայ կը դարձնէ, մինչդեռ զայն Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին մէջ ներառելը կ՛ապահովէ միջազգային երաշխիք ու իրաւական շրջանակ, որոնք Իսրայէլին կը պարտաւորեցնեն հեռանալ եւ դադրեցնել իր խախտումները»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Միջազգային դիւանագիտական ուղիի դրական ընկալումը նուիրատու պետութիւններուն եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին համար հիմնական պայման է Լիբանանի ելեւմտական շրջափակումը վերցնելու, հարաւային Լիբանանի վնասուած գիւղերու վերաշինութեան համար անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը ապահովելու եւ տնտեսական վերականգնման հոլովոյթը մեկնարկելու համար»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Դէտերու կարծիքով, իրաքեան Հըզպալլայի զինաթափման հոլովոյթն ու զէնքը բանակին մենաշնորհը դարձնելը, կարծես թէ, բնորդ է, թէ Լիբանանի մէջ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ, երբ գործադիր իշխանութեան կողմէ օրինական շրջանակներէն դուրս եղող զէնքը մենաշնորհելու որոշումը կեանքի կոչուի»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան 7 մայիս 2008-ի նման գործողութիւններու կը պատրաստուի, մինչ անոր նեղ շրջանակին մէջ կը խօսուի պատրաստուածութիւնը բարձրացնելու հրամաններու մասին: Այս պատրաստուածութիւնը կապուած է կառավարական յանձնակատարի կողմէ զինուորական դատարանին մէջ «Պշարրէի խումբ»-ի գործով հինգ կալանաւորուածներու դէմ մեղադրանք առաջադրման»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին, զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուները համաձայն են, որ 2025 թուականը աւելի լաւ էր, քան 2026 թուականը, որուն ցուցանիշները 40 առ հարիւրով աւելի ցած էին, սակայն լաւատես են յառաջիկայ տօնական եղանակի նկատմամբ, որովհետեւ օդանաւերը լեցուած են արտերկրի լիբանանցիներով, որոնք կ՛ուզեն իրենց արձակուրդը անցընել իրենց երկրին մէջ:


