Ես շատ պիտի ուզէի, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ:
«Եւրոպական Միութեան երկիրները նոյնպէս շահագրգռուած են այս շրջանին հետ աշխուժ համագործակցութեամբ: Նոր փոխադրամիջոցային միջանցքները կարելիութիւններ կը բանան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացի համար:
«Երկու երկիրներն ալ օգտուեցան Ուաշինկթընի մէջ այդ պատմական կարելիութենէն: Ես շատ պիտի ուզէի, որ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջապէս ստորագրուի եւ ուժի մէջ մտնէ», յայտարարած է Վատեֆուլ:
Նախքան այդ, ԱՓԱ հաղորդած էր, որ Պայրամով եւ Վատեֆուլ ունեցած են ընդլայնուած կազմով հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկած են Ազրպէյճան-Գերմանիա յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային օրակարգի հիմնական հարցերը:
Նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային հարցերու, ներառեալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան հարցերու շուրջ:
Ճէյհուն Պայրամով տեղեկացուցած է «բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներուն մէջ» իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու, նախկին հարկադիր վերաբնակներու վերադարձի եւ ականային սպառնալիքի առնչուած դժուարութիւններու մասին:


