Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանրաբարձութիւն. Միջազգային Ֆետերասիոնը Վերատեսութեան Ենթարկեց Հայաստանի Հաւաքականը

November 19, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2028-ի Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան առաջին զտումի մրցաշարքի մասնակիցներու վերատեսութեան ենթարկուած ցանկին մէջ Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ զգալի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան:

2026-ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Վարազդատ Լալայեան կը բացակայի Տոհայի (Քաթար) մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքի ցուցակէն

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը վերատեսութեան ենթարկած էր մասնակիցներուն պաշտօնական ցանկերը:

Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Հայաստանէն այժմ միայն երեք մարզիկ պիտի մասնակցին:

Գոռ Սահակեան պիտի մասնակցի 75 քկ կշիռի մրցումներուն, ան նախապէս կը մասնակցէր իբրեւ պահեստային մարզիկ, Արա Աղանեան 95 քկ կշիռի մրցումներուն պիտի մասնակցի, իսկ Գարիկ Կարապետեան 110 քկ կշիռի մրցումներուն պիտի մասնակցի:

Գլխաւոր փոփոխութիւնը Վարազդատ Լալայեանի (110 քիլոկրամէն վեր) բացակայութիւնն է: Ան նախապէս ընդգրկուած էր մասնակիցներու ցանկին մէջ: Վերջերս, Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, հայ ծանրաբարձը երկամարտի արդիւնքով նուաճած էր պրոնզէ մետալ` ձեռք ձգելով 457 քկ (210+247) կշիռք:

Բացի Լալայեանէն, ցանկէն դուրս մնացած են նաեւ Հայաստանի աղջկանց հաւաքականի ներկայացուցիչներ Էմմա Պօղոսեանն ու Լիանա Գիւրճեանը, որոնք պիտի մասնակցէին 86 քկ կշիռի մրցումներուն:

Փոփոխութիւններու պատճառները առայժմ յայտնի չեն: Վիրաւորուելու, մասնակցութենէ հրաժարելու կամ այլ հանգամանքներու հաւանականութեան վերաբերեալ պաշտօնական տեղեկութիւններ չեն հրապարակուած:

Կրնայ ըլլալ մարզիկներուն անուններուն բացակայութիւնը առայժմ չի նշանակեր, որ անոնք վերջնականապէս հրաժարած են մրցաշարքին մասնակցելէ:

Հրապարակուած են նաեւ անունները հայկական ծագում ունեցող մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնեն այլ երկիրներու հաւաքականներ:

Գոռ Մինասեան Պահրէյնը կը ներկայացնէ եւ մաս կը կազմէ 110 քիլոկրամէն վեր կշիռի ցանկին:

Արթուր Բաբայեան կը ներկայացնէ Ռուսիան, մինչեւ 110 քկ կշիռի մրցումներուն: Ողիմպիականի զտումի առաջին մրցաշարքը, ինչպէս նշեցինք, տեղի կ՛ունենայ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ, 7-էն 16 դեկտեմբերին:

Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը իր վերջնական արձանագրութեան թուական որոշած է 23 նոյեմբերը, այդ ընթացքին մասնակիցներու կազմը հաւանաբար փփոխութիւններ կրէ:

Նախորդը

Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մնայ Գ. Կարգի Խումբերու Շարքին

RelatedPosts

Հայաստանի Հաւաքականը  Պիտի Մնայ Գ. Կարգի Խումբերու Շարքին
Մարզական

Հայաստանի Հաւաքականը Պիտի Մնայ Գ. Կարգի Խումբերու Շարքին

November 19, 2026
Ազգերու Լիկա.  Փորթուգալ Եւ Նորվեկիա Աւարտեցին Իրենց Խմբակի Մրցումները
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Փորթուգալ Եւ Նորվեկիա Աւարտեցին Իրենց Խմբակի Մրցումները

November 19, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  12 Մրցումներ Յաղթելէ Ետք Սփըրզ Պարտուեցաւ Փիսթընզէն` 105-93 Արդիւնքով
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» 12 Մրցումներ Յաղթելէ Ետք Սփըրզ Պարտուեցաւ Փիսթընզէն` 105-93 Արդիւնքով

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.