Տապլինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակիցները Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ ստորագրեցին «Եւրոպայի ապահովութեան առանցքային սկզբունքները» ընդգրկող հռչակագիր մը: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, որոնց ղեկավարները կը մասնակցէին տապլինեան վեհաժողովին, չեն միացած հռչակագիրին:
Գերմանիոյ, Ուքրանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ այլ 35 եւրոպական երկիրներու ստորագրած փաստաթուղթը, ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, կ՛ամրագրէ եւրոպական ապահովութեան վրայ հիմնուած առկայ դրոյթները եւ պիտի ամբողջացնէ զանոնք նոր նիւթերով, մասնաւորաբար` խառնածին սպառնալիքները ներառող: Այսպէս, հռչակագիրին միացած պետութիւնները «ամէնէն վճռական ձեւով կը դատապարտեն Մոսկուայի ուժեղացած խառնածին արշաւները» եւ մտադրութիւն կը յայտնեն դիմակայելու այդ սպառնալիքներն ու պայքարելու տեղեկատուական միջամտութեան դէմ:
Մասնակից երկիրները յայտարարեցին, որ` «եւրոպական երկիրները մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն Եւրոպայի մէջ ապահովութեան համար», ինչ որ, իրենց համոզումով, «դրականօրէն պիտի անդրադառնայ համաշխարհային եւ անդրատլանտեան ապահովութեան վրայ»:
Հռչակագիրին միացած պետութիւնները վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` երկրի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ:
«Անոնք կ՛ընդգծեն Ուքրանիոյ ապահովութեան ամուր եւ վստահելի երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ կը վերահաստատեն ատիկա ընելու իրենց մտադրութիւնը` ապագային Եւրոպայի մէջ յարձակողականութեան կրկնութիւնը կանխելու համար», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, որ հրապարակուած է Էլիզէի պալատի պաշտօնական կայքին վրայ:
«Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Ուքրանիոյ ապահովութիւնը եւրատլանտեան ապահովութեան անբաժանելի մասն է, եւ Եւրոպայի ռազմավարական կայունութեան գործին մէջ ապագայ զարգացումները պայմանաւորուած պիտի ըլլան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտով», նաեւ կը նշուի հռչակագիրին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած են նաեւ տարբեր նիւթեր` ահաբեկչութեան, թմրամիջոցներու վաճառքին եւ ապօրինի ներգաղթին դէմ պայքարին վերաբերող:
Մինչ պաշտօնական Երեւանը կը լռէ հռչակագիրին չմիանալու պատճառներուն մասին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարեց, թէ Պաքու չէ միացած Տապլինի վեհաժողովի երեք փաստաթուղթերուն, որոնց կարգին վերոյիշեալ հռչակագիրին, քանի որ անոնք յաւելեալ իրաւական եւ քաղաքական պարտաւորութիւններ կը ստեղծեն, մինչդեռ իրենք Եւրոպական համայնքի վեհաժողովին կը մասնակցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակման եւ մասնակից պետութիւններուն հետ համագործակցութեան կարելիութիւններու ընդլայնման նպատակով, կը փոխանցէ «Ինթըրֆաքս»-ը:


