ՅԱՍՄԻԿ-ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ազգային վարժարաններու նախակրթարաններու տարբեր տարեշրջաններու միացեալ դասաբաշխման շաբաթական տախտակները կարեւոր աղբիւրներ են` հասկնալու ազգային դպրոցներու կրթական եւ կազմակերպչական աշխատանքը: Այդ մէկը ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր նիւթի յատկացուած դասապահերու քանակը, ինչպէս նաեւ կը բացայայտէ, թէ տարբեր նիւթեր ի՛նչ տեղ կը գրաւէին կրթական ընդհանուր ծրագիրին մէջ, եւ թէ` ի՛նչ լեզուներով կը կազմակերպուէր անոնց դասաւանդումը: Այս դասաբաշխումը կարելի է դիտել ոչ միայն որպէս պարզ ուսումնական ծրագիր, այլ նաեւ` որպէս կրթական առաջնահերթութիւններու արտայայտութիւն, որովհետեւ նիւթերու ընտրութիւնը, անոնց յատկացուած դասաժամերու քանակը եւ դասաւանդման լեզուն որոշ պատկերացում կու տան այն գիտելիքներու մասին, զորս դպրոցները կը ձգտէին փոխանցել իրենց աշակերտներուն:
Յստակ է, որ ազգային վարժարաններուն մէջ բոլոր նիւթերը նոյն լեզուով չէին դասաւանդուեր: Հիմնական գործածուող լեզուներն էին` հայերէնը, արաբերէնն ու ֆրանսերէնը կամ անգլերէնը: Հետեւաբար հարկ է հարց տալ, թէ ուսումնական այս ծրագիրը ի՞նչ կրթական նպատակ կը հետապնդէր, եւ արդեօք լեզուն դեր ունէ՞ր դասաւանդուող նիւթերու ընտրութեան մէջ, թէ՞ ան պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց մըն էր: Այս տեսանկիւնէն, դասաւանդման լեզուի ուսումնասիրութիւնը յատկապէս կարեւոր է, որովհետեւ լեզուի ընտրութիւնը կարելի չէ ամբողջովին առանձնացնել նիւթի բովանդակութենէն եւ անոր կրթական նպատակէն:
Ազգային վարժարաններու մէջ երեք լեզուներու ուսուցումը եւ մանաւանդ հայերէնի ու արաբերէնի հաւասար գործածութիւնը միայն լեզու սորվեցնելու հարց չէր, ոչ ալ այն, թէ հայերէնի կամ արաբերէնի քանի՛ դասապահ կը յատկացուէր, այլ աւելին, թէ ո՞ր գիտելիքը ո՛ր լեզուով կը փոխանցուէր, եւ այդ ընտրութիւնը ի՞նչ պատկանելիութիւն կը կառուցէր: Այս տեսանկիւնէն, լեզուն կը դառնայ կրթական բովանդակութեան կարեւոր սիւներէն մէկը:
Հայերէնով դասաւանդուող նիւթերը աշակերտը կը կապէին իր համայնքի ազգային ինքնութեան, պատմութեան, մշակոյթին, լեզուին եւ ազգային ժառանգութեան հետ: Արաբերէնով դասաւանդուող նիւթերը աշակերտին կը ծանօթացնէին իր ապրած երկրին պետական, հասարակական, մշակութային միջավայրին եւ Լիբանանի պետական կրթական ծրագիրին գործադրութեան, իսկ ֆրանսերէնով կամ անգլերէնով դասաւադուող նիւթերը կը պատրաստէին աշակերտը համաշխարհային լայն տարածին: Այս իւրայատուկ ծրագիրով դասաւանդուող նիւթերու լեզուական բաշխման գործընթացին մէջ դպրոցը աշակերտէն չէր պահանջեր ընտրութիւն կատարել հայկական կամ լիբանանեան պատկանելիութիւններուն միջեւ, այլ կը փորձէր միաժամանակ ապահովել հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան կրթութեան շարունակականութիւնը եւ հետեւիլ Լիբանանի կրթական ծրագիրի պահանջներուն:
Լեզուներու ընտրութիւնը յստակ կը դառնայ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան դասաւանդման պարագային: Հայոց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան հայերէնով, իսկ Լիբանանի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան արաբերէնով դասաւանդումը միայն լեզուական ընտրութիւն մը չէր կրնար ըլլալ: Ան անմիջական կապ ունէր դասաւանդուող նիւթի բովանդակութեան եւ անոր կրթական նպատակին հետ: Այս տարբերութիւնը ցոյց կու տայ, որ տարբեր պատմական եւ աշխարհագրական նիւթեր կը ներկայացուէին տարբեր լեզուներով, եւ այդ լեզուները կապուած էին ազգային ու քաղաքացիական պատկանելիութեան տարբեր շրջանակներու հետ:
Հայոց պատմութիւնը եւ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը հայերէնով սորվելով` աշակերտները կը ծանօթանային իրենց ժողովուրդի անցեալին եւ միաժամանակ աւելի զօրաւոր կապ կը հաստատէին իրենց լեզուին, մշակոյթին եւ ազգային ժառանգութեան հետ: Միւս կողմէ` Լիբանանի պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը արաբերէնով սորվելով` աշակերտները կը ծանօթանային իրենց ապրած երկրի պատմական, աշխարհագրական եւ հասարակական միջավայրին:
Ահաւասիկ, Հայոց պատմութեան հայերէնով դասաւանդումը պատահական ընտրութիւն մը չէր: Ան կը նպաստէր ոչ միայն պատմական գիտելիքներու փոխանցման, այլ նաեւ` հայոց լեզուի պահպանման եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման: Այս պատճառով Հայոց պատմութիւնը կարելի է դիտարկել ոչ միայն որպէս ուսումնական նիւթ, այլ նաեւ` որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման եւ փոխանցման կարեւոր միջոց մը:
Նոյն ձեւով, Հայաստանի աշխարհագրութեան հայերէնով դասաւանդումը կարելի է հասկնալ ոչ միայն իբրեւ աշխարհագրական գիտելիքի փոխանցում, այլ նաեւ` իբրեւ հայկական տարածական յիշողութեան եւ հայրենիքի մասին պատկերացումներու ձեւաւորման միջոց: Այսպիսի նիւթերու միջոցով աշակերտը կը ծանօթանար հայկական պատմական եւ մշակութային տարածքին:
Ինչպէս Հայոց պատմութեան պարագային հայերէնը, նոյնպէս ալ Լիբանանի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան պարագային արաբերէնը ունէր ոչ միայն լեզուական, այլ նաեւ կրթական եւ մշակութային նշանակութիւն: Արաբերէնով պատմութեան դասաւանդումը կարեւոր էր ոչ միայն լեզուական տեսանկիւնէ, այլ նաեւ` աշակերտները Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին պատմական ու մշակութային միջավայրին ծանօթացնելու նպատակով: Այս միջոցով աշակերտը կարելիութիւն ունէր իր ապրած երկրի անցեալը հասկնալու եւ պատմական դէպքերուն ծանօթանալու:
Այսպիսով, ազգային վարժարանին մէջ աշակերտը կը ձեւաւորուէր երկու տարբեր, բայց իրարու կապուած պատկանելիութեան շրջանակներու մէջ` միաժամանակ իբրեւ հայ համայնքի անդամ եւ իբրեւ Լիբանանի մէջ ապրող ու գործող քաղաքացի: Այս իմաստով, դպրոցը կը ստանձնէր միջնորդի կարեւոր դեր` հայկական համայնքային ժառանգութեան փոխանցման եւ լիբանանեան պետական ու հասարակական միջավայրին մէջ:
Հարկ է նշել նաեւ երկու լեզուներով դասաւանդուող պատմութեան նիւթերու դասաւանդման սկսման տարիները եւ շաբաթական դասապահերու քանակը: Դասապահերու քանակը այս պարագային կարելի է դիտել նաեւ որպէս կրթական առաջնահերթութիւններու ցուցանիշ:
Նկատի ունենալով, որ Հայոց պատմութիւնը կը հանդիսանար ազգային ինքնութեան ձեւաւորման եւ պահպանման կրթական կարեւոր միջոց մը, անիկա կը սկսէր դասաւանդուիլ արդէն առաջին դասարանէն` հայերէնով: Առաջին եւ երկրորդ դասարաններուն Հայոց պատմութեան կը յատկացուէր շաբաթական մէկ դասապահ, իսկ չորրորդէն մինչեւ վեցերորդ դասարաններուն` շաբաթական երկու դասապահ: Դասաւանդման այս կանուխ սկիզբը եւ յատկացուած դասապահերու աճող քանակը կը վկայեն, որ Հայոց պատմութիւնը ազգային վարժարաններու կրթական ծրագիրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէր:
Իսկ Լիբանանի պատմութիւնը ուսումնական ծրագիրին մէջ կը մտնէր աւելի ուշ` չորրորդ դասարանէն, շաբաթական մէկ պահ` արաբերէնով: Այս տարբերութիւնը չի նշանակեր, որ ազգային վարժարանը նուազ կարեւորութիւն կու տար լիբանանեան պատկանելիութեան կամ քաղաքացիական կրթութեան: Ընդհակառակը, այդ նիւթը կը դասաւանդէր այն լեզուով եւ այն կրթական կառուցուածքին մէջ, որ կապուած էր պետական ծրագիրին պահանջներուն եւ անոր նիւթերու առաջնահերթութեան:
Հետեւաբար ազգային վարժարաններու ուսումնական ծրագիրը կարելի է դիտել իբրեւ երկու միջավայրերու միջեւ կրթական կամուրջ ու նաեւ` իբրեւ ինքնութեան կրթական կազմակերպման վկայութիւն: Ան կը փորձէր պահպանել համայնքի պատմական եւ մշակութային առանձնայատկութիւնը` առանց աշակերտը անջատելու իր ապրած երկրի հասարակական իրականութենէն:
Այսպիսով, որեւէ միացեալ դասաբաշխման շաբաթական տախտակ մը կարեւոր սկզբնաղբիւր մըն է ուսումնասիրելու համար, թէ ազգային վարժարաններուն մէջ ինչպէ՛ս կը կազմակերպուէր կրթական գործընթացը, ինչպիսի՛ տեղ կը տրուէր տարբեր նիւթերու, եւ ի՛նչ դեր ունէր դասաւանդման լեզուներու ընտրութիւնը:
(Շար. 3)

