18 արաբական եւ իսլամական պետութիւններ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով քննադատեցին Խան Եունեսի «Նասեր Թիպի» համալիրին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումը` խոր մտահոգութիւն յայտնելով Կազա օժանդակութիւններու մուտքին դէմ հաստատուած իսրայէլեան սահմանափակումներու շարունակման նկատմամբ:
Արաբական ու իսլամական պետութիւնները դատապարտեցին պաղեստինցի քաղաքայիններու եւ տեղահանուածներու վրաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակումը` շեշտելով, որ այդ յարձակումները կ՛ականահարեն զինադադարի համաձայնութիւնն ու Կազայի մէջ անվտանգութեան վերականգնման ջանքերը:
18 պետութիւնները Միացեալ Նահանգներուն ու Խաղաղութեան խորհուրդին կոչ ուղղեցին` Իսրայէլի Կազայի վերաբերեալ իր յանձնառութիւններու կատարումը երաշխաւորելու:


