Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ հուսիներու յարձակումներուն սաստկացումը, բանակցային գործընթացի վերագործարկման զուգահեռ, հարցականներ կը ստեղծէ եւ կ՛առաջնորդէ որոշ հետեւութիւններ արձանագրելու:
Հուսիները կ՛ընկալուէին իբրեւ Իրանի ազդեցութեան ներքեւ գործող զինեալ միաւորում. Իրանի պատերազմին նոր ճակատ բանալու եւ հակաիրանեան յենակէտերու ուղղութեամբ յարձակումներ իրականացնելու բազմաթիւ գործողութիւններ իրականացուցած են անոնք, յատկապէս ծովային տարածքներու մէջ նաւագնացութիւններ արգելակելու համար: Վերջին շրջանին արդէն Սէուտական Արաբիոյ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ թիրախ կը դառնան հուսիներուն կողմէ, որոնք փուլ առ փուլ նաեւ կ՛արձանագրեն զինուորական տեղաշարժեր` վերահսկողութիւն հաստատելու տեսքով:
Հետզհետէ փոխուեցաւ սակայն հուսիական գործօնին դերակատարութիւնը: Սէուտական Արաբիան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով եւ դիւանագիտական քայլերով աշխատեցաւ Իրանի պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ: Փաստօրէն, գլխաւոր տուժողներէն էր անիկա այս պատերազմի ընթացքին:
Ուշագրաւը այն է, որ որքան փորձեց աշխուժանալ Ռիատը դիւանագիտական հարթութեան վրայ, այնքան սաստկացան հուսիներու յարձակումները սէուտական տարածքներու ուղղութեամբ: Սէուտական գործօնի չէզոքացման միտող այս ընթացքը արդէն հուսիներու վրայ ազդեցութիւն ունեցող Իրանի շուրջ հարցական կը յառաջացնէր:
Աւելի ուշագրաւը այն էր, որ Ուաշինկթըն մերժեց Ռիատի առաջարկը` հուսիներուն դէմ իր տարած պատերազմին օժանդակելու: Սէուտական Արաբիան ոչ միայն դաշնակից կը նկատուի Միացեալ Նահանգներուն, այլեւ իր տարածքներուն վրայ ընդունած է ամերիկեան ռազմակայաններ, որոնց պատճառով ալ կը տուժէ իրանեան պատերազմէն եւ Իրանի յարձակումներէն իր տարածքներուն վրայ:
Խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով աշխատանք տանող Ռիատը կը հարուածուէր հուսիներէն, սակայն կը մերժուէր Ուաշինկթընէն: Ուաշինկթընի անհանգստութիւնը Ռիատէն տարբեր հանգամանքներու հետ կապուած է սակայն. չմոռնանք, որ Չինաստանի մէջ քանի մը տարի առաջ Թեհրանն ու Ռիատը որոշեցին հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ. միջնորդական վայրէն դժգոհ էին Միացեալ Նահանգները:
Սէուտական Արաբիոյ պատերազմին ներգրաւուելէն պիտի փորձէր օգտուիլ Անգարան, որ հիմնական մրցակից կը նկատէր ինքզինք Ռիատին: Արաբական աշխարհին մէջ պարզ է, որ Ռիատն ու Անգարան կը մրցին ազդեցութեան ոլորտները ընդլայնելու առումով: Կարելի է ըսել, որ Սուրիոյ պարագային Թուրքիան շատ աւելի ազդեցիկ է այսօր, քան Սէուտական Արաբիան, յատկապէս անվտանգային ոլորտին մէջ:
Լիբանանի մէջ վաղուց է, որ Անգարան տարբեր բնոյթի գործողութիւններ կ՛իրականացնէր` բարեսիրական, կրթական, շինարարական, մշակութային: Թուրքիոյ նախագահի որդիին Լիբանան այցելութիւնը տնտեսական ծրագիրներու օրակարգին տակ այդ ենթահողի պարարտացման կը միտէր: Թէեւ հիւսիսի մէջ է, որ կեդրոնացած է Անգարայի ազդեցութեան գօտին, այդուհանդերձ Պէյրութէն հարաւ` թրքական կեդրոններ, երեւոյթներ կամ ծրագիրներ հետզհետէ աւելի տեսանելի կը դառնան:
Այս բոլորը յաւելեալ թափ կը հաւաքեն այս օրերուն, երբ Սէուտական Արաբիան մխրճուած է հակամարտութեան մէջ եւ կը դիմակայէ հուսիներու յարձակումները: Այս գործընթացներու զուգակցական տրամաբանութիւնը առկայ է. իսկ այս գիծը այս օրերուն կ՛առարկայանայ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նախագահի որդիին գալուստով եւ շուտով կայանալիք Թուրքիոյ հետախուզական բաժինի պետին ժամանումով:
Այս մրցակցութիւնը եւ յատկապէս Թուրքիոյ յառաջխաղացման շարժումը նկատելով է հաւանաբար, որ Թրիփոլիի քաղաքական տիրական դէմքերէն երեսփոխան Քարամէ, բարձր գնահատելէ ետք «սիոնական գաղափարի եւ շրջանին մէջ անոր տարածուելուն դիմակայման մէջ թրքական դերակատարութիւնը», կոչ ուղղեց այս երկխօսութիւնը ամրապնդելու արաբական պետութիւններու եւ Ծոցի արաբական պետութիւններուն, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ հետ սերտ գործակցութեան ճամբով: Այստեղ «նախ եւ առաջ»-ը կը բացատրէ ամբողջ կացութիւնը: Դարձեալ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր դերակատարութեան ակնարկելով` ան հաստատեց, որ «թուրք-արաբական այս համախմբումը շրջանային կայունութեան հաստատման եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ Պըն Սալման իշխանին Միջին Արեւելքը «Նոր Եւրոպա» դարձնելու տեսլականի իրականացման միակ ուղին է»:
Այս նախադրեալները տեսանելի են արդէն: Յայտնաբար պիտի շարունակուին պաշտօնական Անգարան ներկայացնող ներկայացուցիչներու այցելութիւնները: Հակազդեցութեան քայլեր եւ հակակշռող գործողութիւններ սպասելի են Ռիատէն, որ այժմ կը դիմակայէ հուսիներուն յարձակումները: Այս բոլորը` հակառակ Մեքքայի դաշինքին, որուն անդամ են թէ՛ Ռիատը եւ թէ՛ Անգարան:
«Ա.»


