Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները մօտ են համաձայնութիւններու ոչ միայն Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման, այլ նաեւ ընդհանուր առմամբ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան հարցին մէջ: Այս մասին Սպիտակ տան մէջ լրագրողներուն յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Ձեզի կ՛ըսեմ` համաձայնագիր պիտի ըլլայ: Պիտի ըլլայ մեծ համաձայնագիր, եւ անիկա պիտի վերաբերի Ուքրանիայէն աւելիին: Ատիկա պիտի ըլլայ շատ մեծ պայմանաւորուածութիւն: Անիկա պիտի վերաբերի աւելիին, քան Ուքրանիան է: Եւ ես նոյնիսկ կրնայի ըսել, որ ատիկա կրնայ վերաբերիլ ամբողջ Եւրոպային», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Ատիկա պիտի ըլլայ մեծ, հրաշալի համաձայնագիր: Բոլորը ոգեշնչուած պիտի ըլլան», ընդգծած է Թրամփ:


