Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ աշխարհը տօնեց Հելոուինը: Այս շաբաթ պիտի ուղղուինք դէպի Հնդկաստան, տօնելու համար Տիուալին: Ինչպէս ամէն աշնան, աշխարհի շուրջ աւելի քան մէկ միլիառ անձեր կը տօնեն Տիուալին: Ան ճանչցուած է նաեւ Տիփավալի անունով կամ` Լոյսերու փառատօն: Ան ուրախութեան, միասնականութեան եւ հոգեւոր մտածումներու առիթ մըն է հինտուներու, սիխերուն, ճայնսերուն եւ կարգ մը պուտիսթներու համար: Այս հինգ օրուան փառատօնը կը հետեւի Լուսինի օրացոյցին, հետեւաբար անոր օրերը կը փոխուին ամէն տարի: Այս տարի, Տիուալիի տօնակատարութիւնները տեղի կ՛ունենան 6-10 նոյեմբերի միջեւ, մինչ գլխաւոր տօնը կը նշուի նոյեմբեր 8-ին:
* * *
Տօնակատարութիւնները կը սկսին Տհանթերասով: Այս օրը տրամադրուած է հարստութեան եւ բախտի հինտու աստուածներուն. մարդիկ կ՛աղօթեն ընտանիքին լաւութեան եւ բարգաւաճման համար: Մինչ կարգ մը ընտանիքներ իրենց տան շեմը կը զարդարեն Րանկալի կոչուած գեղեցիկ պատկերներով, յաճախ գործածելով գունաւոր բրինձ, ծաղիկի թերթեր եւ գունաւոր փոշիներ, որոնք կը նկատուին բախտաբեր: Այս առիթով մարդիկ կը գնեն նաեւ գոհարեղէն, նոր հագուստներ կամ տնային պիտոյքներ:
Տիուալիի երկրորդ օրը ունի տարբեր անուններ, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ սովորութիւններով: Հնդկաստանէն կարգ մը շրջաններու մէջ ան կը կոչուի Քալի Չաուտոս, որուն ընթացքին ծէսերու միջոցով կը հեռացուին գէշ ոգիները: Մինչ ուրիշ շրջաններու մէջ այս երկրորդ օրը կը նշուի իբրեւ «փոքրիկ Տիուալին», Չոթի Տիուալի: Տօնակատարութիւնները կը սկսին կանուխ` խրախճանքներով եւ հրավառութիւններով: Այս երկու սովորութիւններն ալ կը պատրաստեն Տիուալիի օրուան:
* * *
Տիուալիի օրուան տօնակատարութիւնները յաճախ կը սկսին տաճար երթալով: Ապա ընտանիքները եւ բարեկամները կը հաւաքուին փոխանակելու համար նուէրներ եւ անուշեղէն: Մայրամուտին, տուներուն մէջ մարդիկ կը վառեն փոքրիկ ձէթի լամբեր, որոնք կը կոչուին «տիաս», եւ կը հաւաքուին ճոխ սեղանի մը շուրջ: Հնդկաստանի մէջ իսկական խրախճանքը կը սկսի քիչ մը աւելի ուշ: Մարդիկ դուրս կ՛ելլեն դիտելու սքանչելի հրավառութիւններ, որոնք կը լուսաւորեն ամբողջ երկինքը:
Տիուալիի չորրորդ օրը տարբեր ձեւով կը տօնուի Հնդկաստանի շրջաններուն մէջ: Հինտուներու մեծ մասին համար, ան Լորտ Քրիշնան պատուելու օրն է: Ըստ առասպելին, ան հսկայական բլուր մը շալկեց եւ զայն հովանոցի նման բռնեց` գիւղացիները եւ անոնց անասունները զօրաւոր անձրեւներէն պահպանելու համար: Մարդիկ այս օրը կը նշեն տուներուն մէջ փոքրիկ խորանները զարդարելով եւ անոնց առջեւ ուտելիքի նուիրատուութիւններ դնելով: Իսկ Կուժարաթ նահանգին մէջ, այս օրը կը նշանակէ նաեւ Նոր տարուան սկիզբը: 2026-ին, Կուժարաթ համայնքին պատկանող անձերը կի դիմաւորեն իրենց 2083-րդ տարին:
Վերջապէս, հինգերորդ օրը կը կոչուի Պհայ Տուժ: Ան կը նշէ քոյրերու եւ եղբայրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յատուկ կապը: Օրը լեցուն կ՛ըլլայ աղօթքներով եւ համով ճաշեր փոխանակելով:
* * *
Տիաուլիի Առասպելը
Տիուալիի ծնունդին կապուած բազմաթիւ առասպելներ գոյութիւն ունին: Անոնցմէ ամէնէն ծանօթը Լորտ Ռամայի առասպելն է: Լորտ Ռամա Այոտիա իր թագաւորութիւնը կը վերադառնայ իր կնոջ` Սիթայի, եւ իր եղբօր Լաքշմանայի հետ 14 տարուան աքսորէ ետք: Ըստ առասպելին, Այոտիայի ժողովուրդը շարքերով ձէթի լամբեր կը վարէ զանոնք ընդունելու համար: Այս է պատճառներէն մէկը, որ Տիուալի կոչուած է Լոյսերու փառատօն:
Ուրիշ առասպել մը կը պատմէ, թէ Լորտ Քրիշնա կը յաղթէ հզօր վատ թագաւորի մը, որ հազարաւոր կիներ բռնած էր: Քրիշնա այդ կիները կը փրկէ վատ թագաւորին բանտերէն: Հնդկաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ այս յաղթանակը կը յիշուի Տիուալիի տօնակատարութիւններուն ընթացքին:
Առասպելները կրնան տարբերիլ: Սակայն անոնք բոլորն ալ կը նշեն յաղթանակը լաւին` վատին դէմ, լոյսին` մթութեան դէմ:
Ապագայի
Թռչող Ինքնաշարժը
Ըստ «Թեսլա»-ի տնօրէն Էլոն Մասքի, «Ապագան թռչող ինքնաշարժներուն է»: 8 տարուան աշխատանքներէն ետք, անոր ընկերութիւնը կրցաւ առանց վարիչի ինքնաշարժ մը օդը հանել: Ապա «Թեսլա Ռոտսթըր»-ը ինքնիր վրայ դարձաւ եւ վերջապէս ուրիշ թռչող մեքենաներու նման ան, իր ռէթրօ-փրոփուլսրները գործածելով մեղմօրէն դարձեալ գետին իջաւ, ինչպէս կատու մը կ՛իյնայ իր ոտքերուն վրայ:
Աշխարհի Ամէնէն
Լաւ Տուրմ Շինողը
Հոկտեմբերի վերջաւորութեան, Պելճիքայի Անվեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ տուրմ պատրաստողներու աշխարհի ախոյեանութիւնը: Տուրմի 8 մասնագէտներ իրարու դէմ մրցեցան 2 օրուան ընթացքին` մասնակցելով 4 փուլերու: Դատական կազմի անդամները անոնց նիշեր տուին ըստ անոնց գործածած թեքնիքին, տուրմին համին եւ ստեղծագործութիւններուն գեղեցկութեան…
Ախոյեանութեան արժանացաւ իտալացի Թոմասօ Կրոլլերօ: Անոր տուրմէ քանդակը իր կերպարանքը կը փոխէր` ըստ դիրքի, երեւցած անկիւնին, մինչ ընդհանուր կերպարանքը կը ներկայացնէր ընգղայ մը:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:




