Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներ Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան
26 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ անդամները Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեցին այցելութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեանի, համա-ատենապետներ Րաֆֆի Սարգիսեանի եւ Մայք Քէլէշեանի, ինչպէս նաեւ` կազմի անդամներու:
Ծանօթացման նպատակով պաշտօնական այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ խորհրդակցելու համայնքը յուզող հարցերու, Հայաստանի, արցախահայութեան եւ սփիւռքի գաղութներու իրադարձութիւններուն մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հանրային կեանքի մէջ հայ երիտասարդութեան զօրավիգ կանգնելու եւ ազգային կառոյցներէն ներս անոնց գործօն դերակատարութիւն վստահելու կարեւորութեան մասին, եւ ակնարկուեցաւ արդիականացման հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութեան եւ Արեւմտեան շրջանի կեանքի բարելաւման նպաստող զանազան ծրագիրներու եւ միջոցներու կիրարկման:
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հայահոծ հայ համայնքի կազմակերպութիւններն ու կառոյցները, իւրաքանչիւրը` իր առաքելութեան ծիրին մէջ, կը զօրակցին նոյն նպատակին եւ կը ծառայեն շրջանի բարօրութեան ու զարգացման:
Աւարտին սրբազան հայրը ողջունեց ՀՅԴաշնակցութեան 136 տարիներու ծառայութիւնը եւ բարի երթ, նորոգ ուժ եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Լոյս Տեսաւ Լեռէն Ամերիկա Գաղթած Հայերուն Նուիրուած Պատկերազարդ Գիրք Մը
Վերջերս, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Վահրամ Շեմմէսեան հրատարակեց նոր գիրք մը` Armenian Immigrants from Musa Dagh in the United States: A Photographic Collective Biography («Մուսա Լեռէն հայ գաղթականներ Միացեալ Նահանգներու մէջ. լուսանկարչական հաւաքական կենսագրութիւն մը») խորագրով (Երեւան, 2026),նուիրուած` Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 250-ամեակին:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք Մուսա Լեռէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայերու մասին պատկերազարդ հատոր մը հրատարակելու գաղափարը ծնունդ առաւ այն մտահոգութենէն, թէ անոնք ժամանակի ընթացքին թերեւս մոռցուին:
Հեղինակին մօտ գտնուող հարիւրաւոր հին լուսանկարներն ու պատմական վաւերաթուղթերը իրեն յիշեցուցին, որ անոնք արժանի են առանձին ուսումնասիրութեան, որուն արդիւնքն է այս գործը, որ տեսանելի փաստերու միջոցով կը հիւսէ գաղթականներու հաւաքական կենսագրութիւնը: Ներածական ակնարկէ մը զատ, 200 էջնոց գիրքը կը պարունակէ տարբեր բաժիններ, որոնք կը վերաբերին` առաջին գաղթականներուն, ընտանիքներուն, ընկերային կեանքին, գորգի եւ մետաքսի առեւտուրին, 1895-1915-ի Մուսա Լերան հերոսամարտին, ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած զինուորներուն, ինչպէս նաեւ` այն ասեղնագործութիւններուն, որոնք Մուսա Լերան կիները իրենց հետ բերած կամ պատրաստած Ամերիկայի մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Հիւպատոսարան
21 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարան եւ ընդունուեցաւ գլխաւոր հիւպատոս Աննա Աւետիսեանին կողմէ:
Քաղաքավարական հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան ազգի ու հայրենեաց կեանքի զանազան երեսներու բարելաւման համար լոսանճելըսահայութեան մշակութային եւ մարդասիրական ջանքերուն ու ներդրումին եւ բարեկամական զրոյցի աւարտին վերահաստատեցին փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Այս առիթով սրբազան հայրը գլխաւոր հիւպատոսին եւ աշխատակազմի անդամներուն յղեց իր բարի մաղթանքներն ու հայրական օրհնութիւնները, ապա Աննա Աւետիսեանին նուիրեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասին դոկտ. Սեդա Տատոյեանին պատրաստած անգլերէն հատորէն օրինակ մը:
Արցախցի Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան
21 հոկտեմբերին Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը արցախցի տաղանդաշատ բեմադրիչ եւ Արցախի մասին ժապաւէններու հեղինակ Ջիւան Աւետիսեանի` ընկերակցութեամբ գործադիր արտադրող Ատրինէ Միրզայեանի:
Առաջնորդ սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց արցախեան հայրենիքի ծնունդ, բեմադրիչ Աւետիսեանի նուիրական գործը, որ կը վերաբերի Արցախի եւ արցախահայութեան կեանքին ու ոդիսականին մասին տեսագրական ու վաւերագրական ժապաւէններ հրապարակելու վարպետութեան եւ յանուն ազգային-հայրենանուէր նպատակներու իրագործման, Արցախի ու արցախահայութեան պատմաքաղաքական, ընկերային եւ մարդասիրական իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ձեռքբերման. սրբազանը երիտասարդ բեմադրիչին մաղթեց տոկուն կամք եւ յարատեւ աշխատանք:
Ջիւան Աւետիսեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան` անցնող բոլոր տարիներուն իրենց ցուցաբերած նիւթաբարոյական զօրակցութեան համար, ապա խնդրամատոյց եղաւ սրբազան հօր, հայցեց օրհնութիւնը եւ զայն հրաւիրեց իր վերջին` «Վերածնուած» վաւերագրական ժապաւէնի յառաջիկայ ցուցադրութիւնը առաջնորդական ներկայութեամբ պատուելու:
Խօսելով իր ապագայ ծրագիրներուն մասին` բեմադրիչ Աւետիսեան նշեց, որ ընթացքի մէջ է իր նոր` «2020-ի հրեշտակները» ժապաւէնին պատրաստական աշխատանքները եւ բացատրեց, որ ան կը վերաբերի Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Հայաստանէն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէ հայրենիք փութացած բժիշկ-հրեշտակներու կատարած մարդասիրական վիթխարի ծառայութեան եւ դիմագրաւած սարսափելի արհաւիրքներուն` ամէն գնով կորուստէ փրկելու համար հայկական ծաղկատի կեանքեր, նահատակներու հարազատներ:
Առաջնորդը հայրական բարեմաղթութիւններով ու օրհնութեամբ յաջողութիւն մաղթեց Արցախի դատին ու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան մեծ գործին նուիրուած բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին ու իր աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ «Վերածնուած» ժապաւէնը Լոս Անճելըսի մէջ երկրորդ ցուցադրութեան կ՛արժանանայ 9 նոյեմբերին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նախաձեռնութեամբ` «Շարական» Անունը Կրող Արական Երգչախումբի Հիմնում
Նախաձեռնութեամբ եւ օրհնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, թեմի կեանքէն ներս հիմը դրուեցաւ «Շարական» արական երգչախումբին, որուն կրնան անդամագրուիլ` թեմի ծխական եկեղեցիներու սարկաւագներ, դպիրներ, երգչախումբերու անդամներ եւ հոգեւոր երաժշտութիւնը գնահատող նոր սերունդի զաւակներ:
«Շարական» արական երգչախումբի նախաձեռնութիւնը կը հովանաւորէ Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրի այս տարուան հովանաւոր տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան, որ ջերմապէս հաւատացողն է քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութեան` հայ նոր սերունդներու կեանքէն ներս: Երգչախումբի ղեկավար նշանակուած է վաստակաւոր թենոր եւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Պերճ Քիրազեան:
Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը հետեւեալ կէտերու մէջ ամփոփեց իր խորհրդածութիւնները. Ա) Դարերու խորքէն մեր օրերը հասած Հայ եկեղեցւոյ շարականներն ու տաղերը օր մը կրնան դատապարտուիլ անշքացման եւ մնան անհաղորդ` նոր սերունդի զաւակներուն, տրուած ըլլալով, որ մեր ժողովուրդին մեծամասնութեան մասնակցութիւնը կը սահմանափակուի միայն ս. պատարագներով, մինչդեռ անոնցմէ անդին ունինք հոգեւոր երաժշտութեան վիթխարի ժառանգութիւն, Բ) Հայ եկեղեցւոյ շարականական ժառանգութիւնը պէտք է ծանօթացնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն: «Շարական» արական երգչախումբին հիմնումը պիտի նպաստէ Հայ եկեղեցւոյ շարականները նոր սերունդներու զաւակներուն ուշադրութեան յանձնելու, զանոնք մեր երիտասարդներուն ուսուցանելու եւ մեր եկեղեցիներէն ներս մաքրամաքուր հնչեցնելու` որպէս հոգեւոր երաժշտութեան գանձեր եւ Հայ եկեղեցւոյ ոգեղէն հարստութեանց մասնիկներ, Գ) «Շարական» երգչախումբին հիմնադրութեամբ, մօտիկ ապագային մեր համայնքային կեանքին մէջ նաեւ ունենանք հայ հոգեւոր երաժշտութեան մասին լայն ծանօթութիւն ունեցող շարականագէտ սերունդ մը եւ, ինչո՞ւ չէ, սերունդներ, Դ) Շարականագէտ սերունդ ունենալ` կը նշանակէ արեւմտեան թեմէն ներս Ս. Պատարագն ու եկեղեցական տօներու հոգեւոր երգեցողութիւնը ծխական եկեղեցիներու դպրաց դասերուն կողմէ անթերի լսել եւ գեղարուեստական վայելք ստանալ հայկական շարականներու զուլալ եւ մաքրամաքուր մատուցումէն, նաեւ` մեր շարականներու սիրով վարակել մեր ժողովուրդի լայն խաւը եւ այդ սէրը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն, Ե) «Շարական» արական երգչախումբը հոգեւոր բնոյթի համերգներով հանդէս պիտի գայ մեր գաղութին մէջ պարբերաբար եւ զանազան առիթներով, նաեւ` իր նպաստը բերելով Արեւմտեան թեմի հոգեւոր կեանքի առաւել պայծառացման եւ ծաղկումին:
Աւստրալիա
ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Խաժակ Մկրտիչեան Այցելեց Աւստրալիոյ Թեմի Առաջնորդարան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Քորթեանի այցելեց Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ գաղութի առաջնորդ Վարդան եպս. Նաւասարդեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ազգային եւ հոգեւոր կարեւոր նիւթեր` Աւստրալիոյ, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան յարձակումները մաս կազմեցին խօսակցութեան, եւ յայտնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան աջակցութիւնը Եկեղեցւոյ, որ կը գործէ իբրեւ հայութեան համախմբան եւ հոգեւոր կեդրոն:
Քաթար
Այցելութիւն Դեսպանատուներ
* 15 հոկտեմբերին` Օմանի հովուական այցելութեան երկրորդ օրը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Մասքաթի ազգայիններէն Րաֆֆի Քոզաճեանի եւ Քաթրին Սապաղի, այցելեց Մասքաթի լիբանանեան դեսպանատունը, ուր հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ դեսպան Մաժտի Ռամատանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը ողջունեց դեսպանին ստանձնած նոր առաքելութիւնը` մաղթելով յաջողութիւն անոր դիւանագիտական աշխատանքներուն: Ապա դեսպանին ներկայացուց թեմի Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը եւ Օմանի հայ համայնքի կեանքը:
Իր կարգին, դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց սրբազան հայրը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց զօրավիգ կանգելու Ազգային առաջնորդարանին եւ Մասքաթի մէջ հաստատուած հայ համայնքին բոլոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն:
* 22 հոկտեմբերին Մեսրոպ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Գրիգոր Մահսերէճեանի եւ Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ Ատիս Մուրատեանի, այցելեց Քաթարի Լիբանանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպան Թարեք Մնէյմանիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը դեսպանին յայտնեց իր ջերմ շնորհաւորութիւնները Լիբանանի դեսպանատան ձեռքբերումներուն եւ անոր ունեցած դերակատարութեան` Էմիրութիւններէն ներս երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար, ինչպէս նաեւ ներկայացուց հայ համայնքի վերջին զարգացումները եւ Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնը` յայտնելով, որ վերջին շրջանին աւելի բարօր ընթացք ունի տարածաշրջանէն ներս հաստատուած հայ համայնքը:
Դեսպանը, իր կարգին, ողջունեց սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց դեսպանատան եւ դիւանակազմին ունեցած յաջողութիւնները: Ան անգամ մը եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ համայնքին եւ Ազգային առաջնորդարանին: Այս առիթով դեսպանը յատուկ հրաւէր ուղղեց սրբազան հօր` ներկայ գտնուելու նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Լիբանանի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած հանդիսութեան:
Աւարտին սրբազան հայրը յանուն Ազգային վարչութեան` դեսպանը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու 15 նոյեմբերին Տուպայի մէջ կատարուելիք տարեկան պարահանդէսին:


