Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզիքական բախումները ուշադրութեան չարժանացան մեր երկրի ժողովրդավարութեան կարգերու կայացումը քաջալերող պետութիւններուն կողմէ: Պատկերը անշուշտ ոչ միայն անյարիր է ժողովրդավար համակարգերու համարկման ուղին ընտրած որեւէ երկրի, այլեւ ընդհանրապէս բարեվարքութեան եւ քաղաքակրթութեան հետ աղերս ունենալու փորձ կատարող որեւէ հաւաքականութեան համար:

Քննարկումները կը շարունակուին հայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ` նախաձեռնողի, սադրողի, հրահրողի, առաջին հարուածողի, նախապէս ծրագրուած ըլլալու, Ազգային ժողովի նախագահին կատարած ուշացած միջամտութեան, աւելի հարուածուած կողմին, եղածը ընթացիկ դրուագ նկատելու, պատահածը վարչապետին կողմէ արդարացնելու եւ այս բոլորին կապուած մանրամասնութիւններու արծարծումներով:

Այս թէժացման եւ ֆիզիքական բռնութեան դրսեւորումներուն կը նախորդէին ճակատագրորոշ օրակարգերու ներկայացումներ, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ խաղաղութեան համաձայնագիրէն առաջ ԹՐԻՓՓ-ը գործարկելու պատրաստակամութեան մասին:

Բաւական ուշագրաւ է, որ ճիշդ այս երկու հիմնական խնդիրներուն գծով Պաքուն իր մօտեցումները, աւելի ճիշդը` նախապայմանները կը յիշեցնէր հայկական կողմին: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ կ՛ընդգծէր, որ անցեալ տարի նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի կողմէ համապատասխան քայլերու իրականացումը: Ան նաեւ կը նշէր, որ Միջին միջանցքի եւ  «Զանգեզուրի միջանցք»-ի զարգացումը տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:

Պարզ է, որ այս յայտարարութեան առաջին բաղադրիչը Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջն է, իսկ երկրորդը` ԹՐԻՓՓ-ի ծրագիրը խաղաղութեան պայմանագիրէն առաջ գործարկելու պահանջը. իրենց ընկալումով` «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին աշխատիլը:

Հակառակ Պաքու-Անգարա դիւանագիտական մակարդակի վրայ դրսեւորուող անհանգստութիւններուն, եւ որոշ քայլերով իրար ուղերձներ փոխանակելուն, այս հարցին ուղղութեամբ փորձ կայ հակասութիւն չդրսեւորելու: Թէեւ սահմանի բացման մօտալուտ ըլլալուն մասին անուղղակի ակնարկութիւններու բարձրաձայնումներ եղան, այդուհանդերձ այս հարցին ուղղութեամբ «Շուշիի հռչակագիրը» կը շարունակէ գործել եւ իբրեւ մէկ դիրքորոշում ներկայացնել Անգարայի եւ Պաքուի նախապայմանը:

Պաքուի ճնշումներուն չենթարկուելու դիրքորոշումներն են, որ կ՛արտայայտուին հայաստանեան ընդդիմութեան կողմէ: Չընդառաջելու Ազրպէյճանի պահանջին եւ չփոխելու Սահմանադրութիւնը եւ ԹՐԻՓՓ-ի գործարկումը պայմանաւորելու խաղաղութեան համաձայնագիրով:

Այստեղ կայ ազրպէյճանական աճապարանք, գրաւիչ առաջարկի տեսքով: Ազրպէյճանի նախագահին օգնականը կը նշէ, որ Պաքուն Հայաստանին կ՛առաջարկէ միանալ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ցանցին` ընդգծելով փոխադրամիջոցային ուղիներու զարգացման կարեւորութիւնը: «Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է, իսկ մենք կ՛առաջարկենք, որ անիկա դառնալ տարածաշրջանի միւս պետութիւններուն հետ կապակցուած երկիր, եւ այդ պատճառով ալ կը բանանք տարբեր փոխադրամիջոցային ուղիներ»:  Այս յայտարարութիւնը պարզապէս վերաձեւակերպումն է «Զանգեզուրի միջանցք» պահանջող Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին:

Ազրպէյճանը առաջին դէմքով չէր ներկայացած Թուրքիա` մասնակցելու համար թրքական պետութիւններու վեհաժողովին: Երեւոյթը կը մեկնաբանուէր այսօրուան Անգարա-Պաքուի դիւանագիտական անհանգստութեան պայմաններով: Թուրքիոյ նախագահը սակայն յայտարարած էր, որ իր պետութիւնը կը սատարէ Ազրպէյճանի առած քայլերուն Հայաստանի ուղղութեամբ եւ կ՛արտայայտէր Անգարայի նուիրուածութիւնը ամուր խաղաղութեան հասնելու գործին հետագայ առաւելագոյն ներդրում ունենալուն:

Այս ալ թրքական զօրակցութիւնն է Ազրպէյճանի նախապամաններուն, հակառակ դիւանագիտական մակարդակի վրայ դրսեւորուող անհանգստութեան: Իսկ մեր կողմը՞: Խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ հրահրուած ներխորհրդարանական բախումներ:

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.