Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ընտրութիւններուն պատմական որակուած մասնակցութեան բարձր համեմատութեան լոյսին տակ, Քնեսեթի ընտրութիւններուն նախնական տուեալներուն համաձայն, արաբական կուսակցութիւններուն 19 աթոռ ապահովելով Նեթանիահուի ճամբարին (53 աթոռ) եւ ընդդիմութեան (48 աթոռ) խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ապահովելու ճամբան փակած ըլլալու իրողութիւնը Իսրայէլի մէջ քաղաքական ցնցում յառաջացուց, եւ սկսան իսրայէլեան մեղադրանքներ հնչել, թէ Քաթարն ու Թուրքիան ֆինանսաւորած են «Արաբական միացեալ ընտրացանկ»-ը` Ռահեմը:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ այս հարցով կասկածելի մը կը հարցաքննէ, իսկ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, շարք մը ուրիշներ կալանաւորուած են արաբական ցուցակին քուէարկելու համար ընտրակաշառք ստացած ըլլալնուն համար:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը նշեց, որ ընդհանուր ապահովութեան ծառայութենէն` Շապաքէն պաշտօնատարներ հաստատած են, որ դատաւոր Նոհամ Սոլպերկի կողմէ հրամանագիրէ մը ետք, «վերջերս հաւաքուած հետախուզական տեղեկութիւններու հիմամբ» հետաքննութեան ձեռնարկուած է:

Օրաթերթը նշեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները «Քաթարէն եւ Թուրքիայէն դէպի Իսրայէլ գումարներու փոխանցման կասկածանքներ, ինչպէս նաեւ ընտանիքներու քուէներու դիմաց գումարներու փոխանցման հաւանականութիւնը կը քննեն»:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը եւս հաղորդեց. «Շապաքը իսրայէլեան ընտրութիւններուն արաբական մասնակցութեան համեմատութիւնը բարձրացնելու նպատակով օտար կողմերու, ներառեալ Քաթարի եւ Թուրքիոյ կողմէ ֆինանսաւորման կասկածներու շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ»:

Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հարց տուաւ. «(Փոփոխութեան համար արաբական շարժումի նախագահ, Քնեսեթի արաբ անդամ) Ահմետ Թիպին ընտրութիւններէն չորս օր առաջ ինչո՞ւ Քաթար այցելեց»:

Եաշար կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնի թեկնածու Կապի Այզենքոթ իր կարգին ըսաւ. «Մենք իսրայէլեան ընտրութիւններուն մէջ օտար միջամտութեան կասկածներու հարցով կապի մէջ ենք առնչակից կողմերուն հետ»:

Այզենքոթ Նեթանիահուն եւ անոր ղեկավարած կուսակցութիւնը մեղադրեց ընտրութիւններուն օրինականութիւնը խլելու «համակարգուած ու կազմակերպուած արշաւի մը» ձեռնարկելու մէջ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարած է. «Նեթանիահուի կամ Ահմետ Թիպիի հետ կառավարութեան մը մաս պիտի չկազմենք»:

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ կոչ ուղղեց` արաբական կուսակցութիւններու ընտրութիւններուն արդիւնքին վրայ ազդող օտար ֆինանսաւորում ստանալու վերաբերեալ «փտածութեան կասկածներու» շուրջ հետաքննութեան պատճառով ամբողջ արաբական հասարակութեան պարկեշտութիւնը հարթականի տակ չառնելու:

Լիքուտ կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ «Իսրայէլի ընտրութիւնները գողցուեցան»` աւելցնելով. «Ասիկա ժողովրդավարութեան վրայ յարձակում կը նկատուի»:

Արաբական միացեալ ցուցակ կուսակցութիւնը հերքեց ընտրութիւններու ֆինանսաւորման մեղադրանքներուն հետ որեւէ կապ ունենալ եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար իր համագործակցութիւնը հաստատեց:

Երէկ երեկոյեան բոլոր քուէներու հաշուարկման աւարտէն ետք հաղորդուեցաւ, թէ Նեթանիահուի դաշինքը 120 աթոռներէ բաղկացած Քնեսեթին մէջ ապահոված է 53 աթոռ, ընդդիմութիւնը` 48 աթոռ, իսկ արաբական կուսակցութիւնները` 19 աթոռ: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը սակայն յայտարարեց. «Վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` ընտրութեան կեղծուած չըլլալուն ստուգումէն ետք»:

Նախորդը

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.