ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Ընթերցողին:
«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:
Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Եգիպտոսի երբեմնի կենսունակ հայ համայնքը բացառիկ միջավայր մը եղած է հայ արուեստագէտներու քանի մը սերունդներու համար: Գահիրէն ու Աղեքսանդրիան ծնունդ տուած կամ իրենց մէջ կազմաւորած են Վահրամ Մանաւեանի 1880-1952, Աշոտ Զօրեանի 1905-1970, Յակոբ Յակոբեանի 1923-2013 եւ Ժան Գառզուի 1907-2000 նման գեղանկարիչներ, Ալեքսանդր Սարուխանի 1898-1977 նման մեծ երգիծանկարիչ մը, իսկ աւելի ուշ` Շանթ Աւետիսեանի 1951-2018, Աննա Պօղիկեանի` ծնեալ 1946-ին եւ Արմէն Ակոբի` ծնեալ 1969-ին նման ժամանակակից արուեստագէտներ:

Ասիկա հաւանաբար պատահականութիւն չէր: Եգիպտոսի հայ համայնքը Ցեղասպանութենէն շատ առաջ արդէն ունէր` իր հաստատութիւնները, դպրոցները, միութիւնները, եկեղեցիները եւ բարեկեցիկ ընտանիքները: Անոնց շուրջ կը տարածուէր Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ բազմալեզու ու բազմամշակոյթ աշխարհը, ուր հայկականը, արաբականը, ֆրանսականը, անգլիականը, յունականն ու իտալականը բնականօրէն կը հանդիպէին իրարու: Արուեստի հակում ունեցող երիտասարդի մը համար Եգիպտոսը ունէր նաեւ անսպառ տեսողական հարստութիւն մը` իր հին թաղերով, շուկաներով, մզկիթներով, մինարէներով, կամարներով, գոյներով ու լոյսով:

Վերջին տարիներուն առիթ ունեցայ աւելի մօտէն ծանօթանալու եգիպտահայ արուեստագէտներէն մէկուն` Շանթ Աւետիսեանի գործերուն, անոր քրոջ` Նայիրիին եւ անոր գործերը ներկայացնող պատկերասրահին միջոցով: Աւետիսեան այսօր կը նկատուի ժամանակակից արաբական արուեստի ինքնատիպ դէմքերէն մէկը: Անոր «Icons of the Nile» շարքը, ստեղծուած` 1991-2010 տարիներուն, պատկերներու ընդմէջէն կը վերակենդանացնէ քսաներորդ դարու Եգիպտոսի դէմքերը, խորհրդանիշներն ու մթնոլորտը:
Բայց Շանթ Աւետիսեանի գործին մէջ զիս ամէնէն աւելի հետաքրքրողը իր աճուրդային արժէքները չեն, այլ` յիշողութիւն պահպանելու իր մղումը: Մշակութային կորուստ ապրած հայ ընտանիքի մը զաւակ ըլլալով` ան գիտէր, թէ աշխարհ մը որքա՛ն արագ կրնայ անհետանալ: Իր արուեստը այդ յիշողութիւնը պահպանելու միջոց մը դարձաւ, Եգիպտոսը պատկերներու մէջ պահելու փորձ մը:
Հակառակ անոր որ Եգիպտոսի հայ համայնքը տարիներու ընթացքին մեծապէս նուազած է, սակայն այս փոքր գաղութը կը շարունակէ նշանակալից արուեստագէտներ տալ, ինչպէս` Աննա Պօղիկեանը` ծնեալ 1946-ին: Գահիրէի մէջ ապրող ու ստեղծագործող Պօղիկեան այսօր միջազգային ճանաչում ունեցող ժամանակակից արուեստագէտ մըն է, որ իր գործերուն մէջ կ՛անդրադառնայ քաղաքական ու ընկերային հարցերու:

Սակայն Շանթ Աւետիսեանի եւ Աննա Պօղիկեանի գործերուն ծանօթանալէս շատ առաջ, մեր ընտանիքին մէջ կար ուրիշ եգիպտահայ նկարիչ մը: Մօրս եղբայրը` Յովհաննէս Գալֆայեանը (1936-1979): Մեզի համար` Ճոնին:
Ճոնին Տիրան մեծ հօրս եւ Ազատուհի մեծ մօրս անդրանիկ մանչ զաւակն էր: Իր անունը ստացած էր Ճոնի Ապպատէն, որ մեծ հօրս գործընկերներէն էր, նաեւ մեծ հօրս ու մեծ մօրս ամուսնութեան կնքահայրը եղած էր: Ճոնին մեծցած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ լաւ մարզիկ էր տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի «Կամք» մասնաճիւղին մէջ:
Ճոնին գեղարուեստի պաշտօնական կրթութիւն չէր ստացած: Նկարելը մեծ մասամբ ինքնաշխատութեամբ սորված էր: Կը դիտէր, կը փորձէր, կը նկարէր եւ այդպէս կամաց-կամաց կը կազմաւորէր իր աշխարհը: Այդ արուեստի աշխարհը անպայման այն չէր, որ մեծ հայրս Տիրանը իր զաւկին համար պատկերացուցած էր: Զմիւռնիոյ աղէտէն վերապրած ըլլալով` մեծ հայրս կը պատկանէր սերունդի մը, որուն համար ապրուստ ապահովելը գաղափար չէր, այլ` կեանքի հրամայական: Ան կ՛ուզէր, որ երիտասարդ Ճոնին գործնական մասնագիտութիւն մը սորվէր, արհեստի կամ առեւտուրի հետեւէր եւ իր ձեռքին ապահով գործ մը ունենար: Նկարչութիւնը ապահով ապագայի խոստում չէր տար:
Բայց Ճոնին կը նկարէր: Եւ զինք ամէնէն աւելի կը գրաւէր իր անմիջական շրջապատը` Եգիպտոսը, իսլամական եւ արեւելեան արուեստն ու ճարտարապետութիւնը:
Հին շէնքերը, կամարները, մզկիթները, մինարէները եւ նեղ փողոցները կը մտնէին Ճոնիին պաստառներուն մէջ: Անոր գործերը կարելի է տեղադրել արեւելապաշտ նկարչութեան լայն աւանդութեան մէջ, ուր հայ արուեստագէտը թերեւս առանձնայատուկ դիրք մը ունէր: Եւրոպական արուեստին ծանօթ էր, բայց Արեւելքն ալ իրեն օտար չէր: Կրնար արեւելապաշտ նկարչութեան լեզուն գործածել եւ միաժամանակ ներսէն նկարել իր ապրած աշխարհը: Ճոնիին համար Եգիպտոսը Արեւելք չէր: Տուն էր:
Պատահական եւրոպացի արեւելապաշտ նկարիչը Գահիրէ գալով` իրեն համար օտար ու խորհրդաւոր աշխարհ մը կը նկարէր: Ճոնին, ընդհակառակը, կը նկարէր այն աշխարհը, որուն մէջ մեծցած էր: Մինարէն, կամարը կամ հին փողոցը ճամբորդութեան մը ընթացքին յայտնաբերուած տեսարաններ չէին: Իր առօրեային մաս կը կազմէին:
Թերեւս ճիշդ հո՛ս է, որ իր նկարները այսօր ինծի համար ուրիշ արժէք մը կը ստանան: Անոնք Եգիպտոս մը կը պահպանեն, ինչպէս` Շանթ Աւետիսեանի գործերը: Բայց նաեւ` հայկական սփիւռքի Եգիպտոս մը: Աշխարհ մը, ուր հայ ընտանիք մը կրնար պահել իր ինքնութիւնը եւ միաժամանակ այնքան բնականօրէն մաս կազմել Եգիպտոսի կեանքին, որ երիտասարդ հայ նկարիչ մը իր վրձինով կը պահպանէր իր շուրջի եգիպտական աշխարհը:

Ճոնիին կեանքը շատ կարճ եղաւ: Քառասուն տարեկանին ինքնաշարժի դժբախտ արկածով մահացաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, մեծ մօրս շէնքին առջեւ: Չունեցաւ այն երկար տարիները, որոնց ընթացքին երիտասարդ նկարիչ մը կը հասուննայ, կը փոխուի, իր սեփական ոճը կը գտնէ եւ վերջապէս կը հասկնայ, թէ արուեստը իր կեանքին մէջ ի՛նչ տեղ պիտի գրաւէ: Ճոնին գնաց` ետին ձգելով իր այրին` Սեդան եւ մեր զարմիկները ` Ալեքսին եւ Նաթաշան: Եւ մնացին նկարները:
Տարիներու ընթացքին անոնք մեր ընտանիքին համար ուրիշ նշանակութիւն ստացան: Այլեւս միայն հին եգիպտական փողոց մը, մզկիթ մը կամ ճարտարապետական տեսարան մը չէին: Անոնց ետին Ճոնին էր: Կը պատկերացնէինք զինք տեսարան մը ընտրելու, մանրամասնութիւն մը նկատելու, գոյները խառնելու եւ իր տեսած աշխարհէն բան մը պաստառին վրայ պահելու պահուն: Այսօր, իր մահէն գրեթէ կէս դար ետք, երբ եգիպտահայ արուեստագէտներու պատմութեան կրկին կը մօտենամ, Ճոնիին նկարներն ալ կարծես իրենց տեղը կը գտնեն այդ աւելի մեծ պատմութեան մէջ:
Յովհաննէս Գալֆայեանը չհասաւ այն ճանաչումին, որուն հասան եգիպտահայ մեծ նկարիչներէն ոմանք: Իր անունը չմտաւ միջազգային թանգարաններու եւ աճուրդներու պատմութեան մէջ: Բայց թերեւս իր պատմութեան արժէքը հոն չէ:
«Ապրուած օրեր» այս յօդուածաշարքը նաեւ այն մարդոց մասին է, որոնց կեանքը պատմութիւնը չէ արձանագրած: Ճոնին երկար կենսագրութիւն մը չձգեց, բայց ձգեց իր նկարները` Եգիպտոսի գոյներով, լոյսով ու ճարտարապետութեամբ:

Ստեղծագործ այդ ջիղը կարծես փոխանցուեցաւ Ճոնիի տաղանդաւոր դստեր Նաթաշա Գալֆայեանին: Նաթաշան ամուսնոյն հետ Հայաստան տեղափոխուեցաւ 2000-ականներուն եւ այսօր կ՛ապրի արուեստի ու ստեղծագործութեան քաղաք դարձող Դիլիջանի մէջ: Անոր զարդեղէնի եւ հագուստի հաւաքածոները հետաքրքրութիւն կը գտնեն եւրոպական մայրաքաղաքներու եւ Հայաստանի մէջ, իսկ Հայաստանի ունեւոր ու ծանօթ շրջանակներուն մէջ ան մեծ պահանջարկ ունեցող ներքին ձեւաւորող մըն է:
Թերեւս ընտանիքներու պատմութիւնն ալ գոյներով կը փոխանցուի: Ճոնիինը Եգիպտոսի հին պատերուն, կամարներուն ու մինարէներուն գոյներն էին: Այսօր այդ գոյներէն բան մը կը շարունակուի Նաթաշայի ստեղծագործութեան մէջ, այս անգամ` Դիլիջանի մէջ:
Եգիպտոսէն Հայաստան երկար ճամբայ մըն է: Բայց գոյները երբեմն իրենց ճամբան կը գտնեն:
Էյ վալլահ:
—
Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները
Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54 https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե.- Տանիքէ տանիք https://www.aztagdaily.com/archives/705619
Զ.- Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110
Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548
Ը.- Աղեքսանդրիոյ փոքր հայաշխարհը https://www.aztagdaily.com/archives/707002
Թ.- Մայրս եւ ԼՕԽ-ի իր ընկերուհիները https://www.aztagdaily.com/archives/707943
Ժ.- Քլաշինն ու թմբուկի փայտիկները https://www.aztagdaily.com/archives/708459




