Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Իտալահայ Գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» Վիպակին Արեւմտահայերէնի Թարգմանութեան Շնորհահանդէս
13 հոկտեմբերին, «Զանգակ» գրատան մէջ ներկայացուեցաւ իտալահայ անուանի գրող Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակին արեւմտահայերէնի թարգմանութիւնը, որ լոյս տեսած էր 2025-ին Ազգային առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունէն` դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի թարգմանութեամբ: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Թիւֆէնկեան» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Save Armenia»-ի աջակցութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեանը, որ շեշտեց Հայաստանի մէջ գիրքի ներկայացման կարեւորութիւնը:
Անթոնիա Արսլան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գիրքի պատմութեան: Գրող Վահան Զանոյեան եւ լրագրող Ռուբէն Ճանպազեան գիրքէն ընթերցումներ կատարեցին: Ինչպէս յայտնի է, գիրքը վիպականացած պատմութիւնն է «Մշոյ ճառընտիր»-ին` 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայկական մեծագոյն ձեռագիրի փրկութեան:
Բացում` Մեծ Բարերար Լեւոն Հայրապետեանի Յիշատակը Յաւերժացնող Կիսանդրիին
Երեւանի սրտին մէջ բացումը կատարուեցաւ ազգային բարերար Լեւոն Գուրգէն Հայրապետեանի կիսանդրիին` ի նշան երախտագիտութեան մարդու մը, որուն անունը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ յայտնի է իբրեւ հայրենասիրութեան, առատաձեռնութեան եւ ազգային նուիրումի խորհրդանիշ:
Այսուհետեւ այս շէնքի պատին տեղադրուած կիսանդրին պիտի պատմէ ո՛չ միայն այստեղ ապրած մարդուն, այլ նաեւ անոր ձգած ժառանգութեան մասին:
Կիսանդրիին տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի բարերարին դստեր` Աննային, եւ թոռնուհիին` Անաստասիային: Կիսանդրին կեանքի կոչուած է «Հադրութ» ռազմական հայրենասիրական բարեգործական կազմակերպութեան նախագահ, ռազմական եւ հասարակական գործիչ, զօրավար-հազարապետ Ռոման Բալայեանի անմիջական մասնակցութեամբ: Կիսանդրիին տեղադրման համաձայնութիւն տուած էր Երեւանի աւագանին` միաձայնութեամբ որոշումով:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լեւոն Հայրապետեանի հարազատները, համագիւղացիները եւ մարդիկ, որոնց համար անոր անունն ու գործը կը շարունակեն մնալ թանկ եւ յիշարժան:
Ձեռնարկը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Լեւոն Հայրապետեանի անցած ուղին, բարեգործական գործունէութիւնն ու հայ ժողովուրդի համար իրականացուցած նշանակալի նախաձեռնութիւնները:
Լեւոն Հայրապետեանի վաստակը միայն նուիրաբերուած միջոցներով չի չափուիր: Ան ներդրումներ կը կատարէր հայրենի Արցախի զարգացման, բնակավայրերու շէնացման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ մարդոց կեանքի բարելաւման մէջ: Անոր աջակցութեամբ 2000-2002 թուականներուն վերականգնեցաւ Գանձասարի վանական համալիրը, ներդրումներ կատարուեցան հայրենի Վանք գիւղի ենթակառուցուածքներու զարգացման մէջ, կառուցուեցան դպրոց եւ արտադրական ու զբօսաշրջային նշանակութեան կառոյցներ: 2007 թուականին ան ֆինանսաւորեց նաեւ Խաչեն գետի վրայ ջրամբարի կառուցումը: Լեւոն Հայրապետեանի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ կազմակերպուած` Արցախի մէջ կայացուած մեծ հարսանիքը դարձաւ ազգային աւանդութիւններու պահպանման, ընտանիքի հասկացողութեան ամրապնդման եւ արցախահայութեան հանդէպ անոր հոգատարութեան վառ արտայայտութիւններէն մէկը: Այս բոլոր նախաձեռնութիւնները անոր հայրենասիրութեան գործնական արտայայտութիւնն էին` ուղղուած ո՛չ միայն անցեալի ժառանգութեան պահպանման, այլ նաեւ հայրենի բնակավայրերու ապագային:
Հայրենիքին ծառայելու անոր պատկերացումը լայն էր. անիկա կը ներառէր ազգային ինքնութեան պահպանումը, պատմական արժէքներու նկատմամբ հոգատարութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ապագայի հանդէպ պատասխանատուութիւնը: Լեւոն Հայրապետեանի համար բարեգործութիւնը սոսկ օգնութիւն չէր, այլ` սեփական ժողովուրդին օգտակար ըլլալու գիտակցուած ընտրութիւն:
Ողջունելով ներկաները` Ռոման Բալայեան բարձր գնահատեց ազգային բարերարին վաստակն ու անոր անմնացորդ նուիրումը հայ ժողովուրդին:
«Այս յուշաքարը պիտի խորհրդանշէ, որ այստեղ ապրած է մեծ բարերարը, մեծ հայը: Իւրաքանչիւր գիտակից հայու համար Լեւոն Հայրապետեան հայրենասիրութեան եւ հայու բացառիկ կերպարի խորհրդանիշն է: Իր ապրած կեանքով ան ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ են հայուն պատիւը, հայրենասիրութիւնն ու սէրը հայրենիքին հանդէպ: Մեր սերունդները պէտք է գիտակցին, որ հայրենիքը կը սիրեն նուիրումով` առանց շահի, եւ պէտք է դառնան մեծ հայուն արժանի յետնորդները», նշեց Ռոման Բալայեան:
Կիսանդրիի բացման պատիւը վերապահուեցաւ Լեւոն Հայրապետեանի դստեր` Աննային, եւ թոռնուհիին` Անաստասիային:
Յուզիչ էր յատկապէս Անաստասիայի խօսքը: Ան նշեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է իրականացած տեսնել իր մօր` Անժելիքային երազը: Արդարեւ, ան կը փափաքէր, որ հօրը կիսանդրին տեղադրուի այն շէնքի պատին, ուր ան ապրած եւ աշխատած է: Թէեւ ան չկրցաւ տեսնել այդ երազին իրականացումը, սակայն այսօր երազը կեանքի կոչուած է` դառնալով ընտանիքին սիրոյ, յիշողութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:
Անաստասիան ընդգծեց, որ կը հպարտանայ իր մեծ հօրմով, անոր ապրած կեանքով եւ հայ ժողովուրդին բարեկեցութեան վերաբերող գործունէութեամբ: Անոր խօսքը անգամ մը եւս յիշեցուց, որ մեծ անհատներու ժառանգութիւնը կը շարունակուի ո՛չ միայն անոնց կատարած գործերով, այլ նաեւ ընտանիքի, հարազատներու եւ սերունդներու պահպանած յիշողութեամբ:
Արարողութեան ընթացքին Լեւոն Հայրապետեանի հարազատները արժանացան անոր անուան յուշամետալի, գործադրուեցաւ աշակերտական մշակութային յայտագիր:
Մարք Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն Եւ Յեղափոխութիւն» Գիրքին Մասին Զրոյց
Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի «Յառաջ» կեդրոնին մէջ կայացաւ հանդիպում անուանի գրականագէտ Մարք Նշանեանին հետ` «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» խորագրեալ հատորին շուրջ:
Ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ, «Արաս» հրատարակչատան «Կամ» մատենաշարէն, կը քննարկէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու` Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի ստեղծագործութիւնները:
«Առաջին ակնարկով պատահական թուացող այս հանդիպումը խորքին մէջ երկխօսութիւն մըն է երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ: Մէկ կողմէն Խորհրդային Հայաստանն ու Չարենցի «Հայրենիք»-ի որոնումը, միւս կողմէն սփիւռքեան գոյավիճակին մասին Վահէ Օշականի վկայութիւնը:
«Հեղինակը գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծումներով կը քննէ Եղիշէ Չարենցի գործին մէջ պատմութեան, սուգի եւ գրական լեզուի հարցերը, ինչպէս նաեւ Վահէ Օշականի արձակն ու քերթողութիւնը` լոյսին բերելով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող անտեսանելի կապը:
«Կամ» մատենաշարի երրորդ թիւը հանդիսացող «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը հայ գրականութեան, լեզուին եւ պատմութեան նուիրուած խորունկ համեմատական մըն է եւ արժէքաւոր աղբիւր մը բոլոր ընթերցողներուն համար», գրուած է հրատարակչատան ծանօթագրութեան մէջ:
Շնորհահանդէսին ընթացքին հեղինակը շուրջ 1.5 ժամ տեւողութեամբ բացատրութիւններ տուաւ իր կատարած ուսումնասիրութեան մասին` անդրադառնալով յատկապէս ժողովրդական խօսքն ու մեղեդին գեղագիտական միջոցներով ազգայինի վերածելու գործընթացին:
Այս հաստատումին իբրեւ վառ ապացոյց օրինակ բերելով Կոմիտաս Վարդապետի կատարած հսկայ գործը, Մարք Նշանեան պատմեց, թէ անտեսուած եւ արհամարհուած գեղջուկ երգը ինչպէ՛ս վարդապետին գեղագիտական միջամտութեամբ դարձաւ ազգային` ժողովրդային պաշտամունքի առարկայ դարձնելով Կոմիտասը:
Շնորհահանդէսի աւարտին, «Յ. Թումանեան» թանգարանի աշխատակից Մայտա Պոշկեզենեան արտասանեց Չարենցէն բանաստեղծութիւններ:
Հայաստանի Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչ, Շարժապատկերի Մասնագէտ Դաւիթ Մուրատեան Ոչ Եւս Է
Վերջերս մահացաւ գրող, շարժապատկերի մասնագէտ, թատերագիր, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Մուրատեանը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի շարժապատկերի գործիչներու միութիւնը:
Միութենէն յայտնեցին, որ յառաջիկային նախատեսած էին կազմակերպել Դաւիթ Մուրատեանի ստեղծագործական երեկոն` «Բառ, շրջանակ, գոյն» խորագիրով: «Ան իսկապէս բառի, շրջանակի եւ գոյնի մարդ էր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Դաւիթ Մուրատեան ծնած է 1951 թուականին: 1973-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրական բաժանմունքը: Հեղինակած է բազմաթիւ յօդուածներ, գիրքեր եւ թատրոններ:
Տարբեր տարիներու աշխատած է «Հայֆիլմ» կեդրոնին մէջ, եղած է Հայաստանի գրողներու միութեան փոխնախագահ, 2008-2010 թուականներուն վարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալի պաշտօնը:
Մուրատեան դասաւանդած է Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանէն ներս: 1993 թուականէն ցարդ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի շարժապատկերի գիտական, բեմագրութեան մասնագիտութեան դասարաններու ղեկավարն էր:
Ան նաեւ դասաւանդած է Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկին մէջ եւ եղած է Հայկական ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի նախագահ:
2011 թուականին Դաւիթ Մուրատեան արժանացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման, իսկ 2006 թուականին` «Ոսկէ գրիչ» մրցանակին:
Պաղեստինահայ Լուսանկարիչ Հրանդ Նագգաշեանի Ցուցահանդէս
Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ պաղեստինահայ լուսանկարիչ Հրանդ Նագգաշեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսին: Անոր լուսանկարները բացառիկ տեղ կը գրաւեն արաբական եւ հայկական լուսանկարչութեան պատմութեան մէջ` իբրեւ 1950-1960-ական թուականներու Կազայի պաղեստինցիներու կեանքի եզակի վկայութիւններ:
Հրանդ Նագգաշեան մեծցած է Լիբանան: Ան 1942-ին տեղափոխուած է Իսրայէլ: Եաֆֆայի մէջ Նագգաշեան հիմնած է իր առաջին լուսանկարչատունը: 1948-ին արաբական-իսրայէլեան պատերազմին պատճառով տեղափոխուած է Կազա եւ 1950-ականներուն սկիզբը հիմնած է «Հրանդ» լուսանկարչատունը: Համագործակցելով միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, Նագգաշեան վաւերագրած է պաղեստինցի գաղթականներուն ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կեանքը:
Ցուցահանդէսը համադրող Վիգէն Գալստեան նշեց. «Այս արխիւը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի թէ՛ արաբ, թէ՛ հայ լուսանկարչութեան պատմութեան համար»:
Վիգէն Գալստեան նաեւ ընդգծեց, որ Նագգաշեաններու ընտանիքը ժամանակին վերապրած էր Հայոց ցեղասպանութենէն եւ զգացած տեղահանութեան ցաւը: «Հ. Նագգգաշեան նախ Լիբանան, ապա Եաֆֆա եւ յետոյ Կազա ապրելուն պատճառով, իր կեանքի փորձառութեամբ կը նոյնականանայ այդ մարդոց հետ, կը զգայ անոնց ցաւը եւ կը դիտարկէ զիրենք իբրեւ այնպիսի մարդիկ, որոնց կը նմանի իր ճակատագիրը եւ փորձառութիւնը», յայտնեց ան:
Ցուցահանդէսին կազմակերպիչները նշեցին, որ Նագգաշեանի լուսանկարները կը ներկայացնեն գաղթականներու տարագրութեան եւ տեղահանութեան իրական պատկերը, ծանրագոյն պայմաններու մէջ անոնց բնականոն կեանքի զգացողութիւնը, ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու վճռականութիւնը:
«Լուսանկարչութիւնը այս պարագային որոշակի առումով կ՛օգնէ այդ բացը լրացնելու, որովհետեւ կը վկայէ իրական մարդոց մասին, անոնց յարաբերութիւններուն մասին: Երբ որ մէկը ամէն օր ականատես կ՛ըլլայ բռնութեան պատկերներու, աւերածութիւններու, այդ քաոսային վիճակին, իրականութեան մէջ մարդը կը դառնայ նուազ զգայուն, աւելի օտարացած, բռնութիւնը կը դառնայ սովորական… եւ այն, ինչ որ պէտք է, ենթադրաբար տեղի ունենար, ցաւօք սրտի, տեղի չ՛ունենար: Եւ այս պատկերներն ու նման ցուցահանդէսներ կարելիութիւն կ՛ընձեռեն աւելի մօտէն հաղորդուելու իրականութեան, այդ իրավիճակներուն ծանօթանալու աւելի մօտէն», վկայեցին կազմակերպիչները:
Վիգէն Գալստեան հաղորդեց, որ վերջին տարիներուն ողբերգական իրադարձութիւններու լոյսին տակ, երբ Կազան վերածուած է աւերակներու, իսկ տեղւոյն մշակութային ժառանգութիւնն ու հաւաքական յիշողութիւնը ոչնչացման վտանգի տակ են, այս լուսանկարները կը դառնան իրական մարդոց եւ անոնց յարաբերութիւններուն մասին պատմող կենդանի վկայութիւններ:
«Հրանդ Նագգաշեանի լուսանկարները ո՛չ միայն անցեալի անփոխարինելի վաւերագիրներ են, այլ նաեւ կամուրջ` հայ եւ պաղեստինեան ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն եւ ընդհանուր յիշողութեան միջեւ», ըսաւ ան:
Նագգաշեանի այս լուսանկարները նախապէս հրապարակուած են տարբեր աշխատութիւններու եւ գիրքերու մէջ, սակայն ամբողջական կերպով չեն ցուցադրուած 1995 թուականէն ի վեր: Ցուցահանդէսին իրականացման եւ Նագգաշեանի արխիւը ամբողջացնելու մէջ մեծ դեր ունեցած է քանատահայ լուսանկարիչ Օշին Յարութիւնեանը: Ցուցահանդէսին ներկայացուեցան Նագգաշեանի զաւակներուն` Սարօ եւ Անուշ Նագգաշեաններու տրամադրած երեսուն մամուլային լուսանկարչական տպածոներ, որոնք համալրուած են քանատահայ լուսանկարիչ Օշին Յարութիւնեանի պատրաստած եօթը նոր տպածոներով:


