Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

October 28, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Միջազգային քաղաքական իրավիճակը Թուրքիոյ համար չափազանց նպաստաւոր կը նկատուէր Սանճագի հարցը ի նպաստ իրեն լուծելու համար:

Գերմանիա 7 մարտ 1936-ին կայծակի արագութեամբ գրաւեց Հռենոսի մարզը: Ֆրանսա զօրաշարժ հռչակեց, բայց Անգլիոյ միջամտութեամբ հարցը փակուեցաւ եւ Ազգերու Դաշնակցութեան ներկայացուեցաւ:  Նոյն տարուան մայիսին Իտալիա ամբողջացուց Եթովպիոյ գրաւումը, իսկ յուլիսին սկսաւ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմը: Հոկտեմբեր 25-ին Իտալիա եւ Գերմանիա դաշինք կնքելով հիմնեցին Հռոմ-Պերլին առանցքը: Անոնք կը ձգտէին վերաձեւել աշխարհի քարտէսը եւ նոր աշխարհակարգ հաստատել: Նոյեմբերին Գերմանիա եւ Ճափոն հակահամայնավարական ուխտը ստորագրեցին, որուն Իտալիա պաշտօնապէս միացաւ յաջորդ տարի` 6 նոյեմբեր 1937-ին, ամբողջացնելով Հռոմ-Պերլին-Թոքիօ առանցքին կորիզը: Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ Ճափոն արդէն գրաւած էր Մանչուրիան եւ կը պատրաստուէր գրաւելու Չինաստանը (Չինաստանի վրայ ճափոնական լայնածաւալ յարձակումը սկսաւ 1937 յուլիսին):

Պատերազմի մութ ամպերը սկսած էին կուտակուիլ Եւրոպայի գլխուն վրայ:

Առանցքի երկիրները շահագրգռութիւն ցոյց կու տային Սանճագի հարցով եւ Թուրքիան իրենց քաղաքական ոլորտին մէջ ներգրաւելու համար Անգարայի խորհուրդ կու տային հետեւելու իրենց քաղաքական գործելակերպին:

Ֆրանսական ղեկավար շրջանակները մտահոգ էին, որ Թուրքիա, Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ խրախուսանքով, կրնայ զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկել Սանճագի ուղղութեամբ:

Պատերազմի անմիջական վտանգը օր ըստ օրէ աւելի կը զգացուէր եւ Ֆրանսա ու Անգլիա Թուրքիան սիրաշահելու կարիքը կը զգային:

***

Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները սկսած էին 1936 սեպտեմբերին, բայց դեկտեմբերին աւարտած էին անյաջողութեամբ:

Ֆրանսայի վարչապետ Լէոն Պլիւմ Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագի հարցի կարգաւորման փոխադարձ զիջումով ծրագիր մը առաջարկեց:

Լէոն Պլիւմի նախագիծի հիման վրայ Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդը  29 մայիս 1937-ին Ալեքսանտրէթի Սանճագին համար նոր կարգավիճակ եւ հիմնական օրէնք ընդունեց:

Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի որոշումին համաձայն Սանճագ, «ինքնուրոյն քաղաքական միաւոր» կը դառնար, իր առանձին խորհրդարանով, կառավարութեամբ եւ պետական այլ հաստատութիւններով, սակայն ձեւականօրէն Սուրիոյ հանրապետութեան գերիշխանութեան տակ կը մնար: Թրքերէնը կը դառնար Սանճագի պաշտօնական լեզուն:

Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին այս որոշումը կը նշանակէր Ալեքսանտրէթի Սանճագին Սուրիայէն իրողական անջատումը եւ Թուրքիոյ կողմէ անոր կլանման առաջին փուլը:

Նոյն օրը, 29 մայիս 1937-ին Փարիզի մէջ ֆրանս-թրքական համաձայնագիրը կնքուեցաւ:

***

Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին որոշումը խոր զայրոյթով դիմաւորուեցաւ Սուրիոյ մէջ: Կատարուածը Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ սուրիացի ժողովուրդի հաշուոյն կատարուած գործարք մըն էր:

Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի որոշումը հազիւ հրապարակուած, նոյն օրը, 29 մայիս 1937-ին, Անտիոքի մէջ քաղաքական մեծ հաւաք մը կազմակերպուեցաւ մեծ մզկիթին շուրջ: Արաբ ալաուի, հայ, յոյն ուղղափառ, քիւրտ եւ չերքէզ համայնքներուն անունով հինգ առանձին հանրագիրեր ուղարկուեցան Ժընեւ` Ազգերու Դաշնակցութեան, որոնցմով բացարձակապէս կը մերժուէր Ալեքսանտրէթի Սանճագին նոր կարգավիճակը:

Սուրիոյ խորհրդարանը յունիս 2-ին միաձայնութեամբ բողոքի բանաձեւ մը ընդունեց եւ ուղարկեց Ժընեւ` Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին: Նշելով, որ ֆրանս-սուրիական դաշնագիրով Ֆրանսա պարտաւոր է պաշտպանելու Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը, բանաձեւը կ՛ըսէր. «Սուրիական ազգը չի կրնար ճանչնալ որեւէ լուծում, որ կը խախտէ Սուրիոյ միասնականութիւնը»:

Ալեքսանտրէթի Սանճագի պաշտպանութեան համար բողոքի ցոյց Հալէպի մէջ

Յաջորդ օր, 3 յունիս 1937-ին բողոքի ընդհանուր գործադուլ սկսաւ եւ տարածուեցաւ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին:

***

Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին որոշումը Թուրքիոյ համար մեծ յաղթանակ մըն էր: Թուրքիոյ խորհրդարանը 14 յունիս 1937-ին հաստատեց Սանճագի ինքնուրոյն քաղաքական միաւոր ըլլալու իրավիճակը եւ ֆրանս-թրքական համաձայնագիրը:

Ալեքսանտրէթի Սանճագին աստիճանական եւ գործնական թրքացումը սկսած էր: Ալեքսանտրէթի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարան, իսկ Անտիոքի մէջ ընդհանուր հիւպատոսարան բացուեցաւ: Սանճագի սահմաններու երկայնքին, երկաթուղագիծի Ֆեւզի Փաշա-Մէյտան-էքպէզ հատուածները Թուրքիոյ կողմէ գնուեցան: Այնուհետեւ Թուրքիա անցաւ Սանճագի առեւտրական ձեռնարկութիւնները տնտեսապէս սնանկացնելու գործնական քայլերու:

***

Սանճագի փոխ պատուիրակ եւ թրքասէրի համբաւ վայելող Փիեռ Տիւրէօ 18 յուլիս 1937-ին պաշտօնէն հեռացուեցաւ եւ Ֆրանսա կանչուեցաւ: Դէպի Փարիզ ճամբուն վրայ ան հանդիպեցաւ Պոլիս, ուր Ալեքսանտրէթի Սանճագի մասին թուրք թղթակիցներու հարցումին պատասխանեց. «Զգայացունց բան մը չունիմ ձեզի ըսելիք Ալեքսանտրէթի Սանճագի մասին: Այսքանը կրնամ ըսել, որ իմ ցանած հունտերս տարի մը ետք կրնան պտուղ տալ»:

Ռոժէ Կառօ

Ալեքսանտրէթի Սանճագի նոր փոխ պատուիրակ նշանակուեցաւ Ռոժէ Կառօ: Ան իրաւագէտ էր, արեւելեան լեզուներու գիտակ, հիւպատոսական պաշտօններ վարած էր  եւ արդարամիտ ու հայասէր մարդու համբաւ կը վայելէր:

Ռոժէ Կառօ Սանճագ հասաւ 6 սեպտեմբեր 1937-ին:

Ուղղամիտ մարդու անոր համբաւը իրմէ առաջ հասած էր Սանճագի ժողովրդային լայն խաւերուն:

Ռոժէ Կառօ առաջին հերթին բանտերէն արձակեց շատ մը անմեղ բանտարկեալներ, իսկ արաբական եւ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններուն գործելու ազատութիւն շնորհեց:

***

Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ հանրաքուէ-ընտրութիւններ կազմակերպելու առաջադրանքով Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդին կողմէ միջազգային յանձնախումբ մը կազմուեցաւ:

Յանձնախումբը 14 հոկտեմբեր 1937-ին Ժընեւէն ճամբայ ելլելով հասաւ Անգարա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թուրք կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Յանձնախումբը հոկտեմբեր 20-ին հասաւ Սանճագ:

Յանձնախումբը այցելեց Սանճագի տարբեր բնակավայրեր եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Լսեց բնակչութեան ցանկութիւններն ու առաջարկները եւ արձանագրութիւններ կազմեց:

Յանձնախումբը մէկ ամիս Սանճագ մնալէն ետք անցաւ Դամասկոս եւ հոնկէ` Պէյրութ, եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ Բարձր կոմիսարութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Ժընեւ վերադառնալէն ետք յանձնախումբը մշակեց Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէ-ընտրութիւններուն կանոնագրութիւնը:

***

Անտիոք Որոնդէս գետի ափին

Թուրքիոյ նախագահ Աթաթուրք 1 նոյեմբեր 1937-ին, խորհրդարանի բացման իր ճառին մէջ ըսաւ. «Հաթայի ժողովուրդը անպայման կը հասնի այն երջանիկ ու անկախ կառավարման, որուն  արժանի է: Հաթայի նոր վարչակարգի ուժի մէջ մտնելուն կարճ ժամանակ մնաց»:

Յաջորդ օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Հիւսէյն Նուման Մենեմենճիօղլու Պէյրութ այցելելով ֆրանսական պետական ներկայացուցիչներուն ըսաւ, որ «Սանճագի նոր կարգավիճակը եւ հիմնական օրէնքը Ազգերու Դաշնակցութեան որոշումին համաձայն ինքնաբերաբար ուժի մէջ կը մտնեն այս ամսուան 29-ին»:

Սակայն Սանճագի կարգավիճակին վերաբերեալ Ազգերու Դաշնակցութեան որոշումը կ՛ըսէր, որ վաւերագիրը ուժի մէջ կը մտնէ նոյեմբեր 29-ին այն պայմանով, որ այդ թուականին ֆրանս-թրքական դաշնագիրը ուժի մէջ մտած ըլլայ: Մինչդեռ ֆրանս-թրքական դաշնագիրը տակաւին ուժի մէջ չէր մտած:

Ֆրանսական կառավարութիւնը, տեղի տալով Թուրքիոյ պահանջին առջեւ, 29 նոյեմբեր 1937-ին յայտարարեց, որ Ալեքսանտրէթի Սանճագի նոր կարգավիճակը եւ հիմնական օրէնքը  նոյն օրն իսկ ուժի մէջ կը մտնեն:

Նոյն օրը Սանճագի պետական շէնքերուն վրայէն սուրիական դրօշակները վար առնուեցան եւ  թրքական դրօշակին նմանող այսպէս կոչուած «Սանճագի դրօշակներ» բարձրացուեցան: Սանճագի սուրիացի նահանգապետ Հիւսնի Պարազի պաշտօնէ արձակուեցաւ:

***

Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Թուրքիոյ պահանջին առջեւ տեղի տալու եւ Սանճագը գործնապէս  յանձնելու Ֆրանսայի պարտուողական ընթացքը խոր ընդվզումով ընկալուեցաւ Սուրիոյ եւ ընդհանուր առմամբ արաբական աշխարհին մէջ: Այլեւս յստակ էր որ Սանճագը պիտի խլուի Սուրիայէն:

Սուրիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցեր սկսան: Արիւնալի ընդհարումներ եղան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ: Մեծաթիւ ցուցարարներ ձերբակալուեցան եւ բանտերը լեցուեցան: Սանճագի Ազգային գործունէութեան լիկան օրէնքէ դուրս հռչակուեցաւ եւ անոր ղեկավար Զեքի Արսուզի բանտ նետուեցաւ:

Սուրիոյ խորհրդարանը նոյեմբեր 30-ին բողոքի բանաձեւ մը քուէարկեց: Բանաձեւը կ՛ըսէր, որ սուրիացի ժողովուրդը կը մերժէ ընդունիլ հակառակ իր կամքին իր երկրին դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը  եւ չի կրնար ճանչնալ Սանճագի նոր կարգավիճակը: Բանաձեւը ուղարկուեցաւ Փարիզ` ֆրանսական կառավարութեան եւ Ժընեւ` Ազգերու Դաշնակցութեան: Միաժամանակ սուրիական կառավարական պատուիրակութիւն մը Եւրոպա ուղեւորուեցաւ, իր ձայնը աւելի լսելի դարձնելու համար:

***

Թուրքիա, հակադարձելով սուրիական կողմին, անմիջապէս չեղեալ յայտարարեց թուրք-սուրիական 1926-ի բարի դրացիական դաշնագիրը եւ զօրք կեդրոնացուց Սուրիոյ սահմաններու երկայնքին:

Արդէն օրը օրին Թուրքիայէն զինէալ տարրեր կը մտնէին Սանճագ եւ կը համալրէին տեղացի թուրք խռովարարներու շարքերը:

Նոյն օրերուն թրքական դրամատուն մը բացուեցաւ Անտիոքի մէջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

RelatedPosts

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.