Հայ հասարակութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ ազրպէյճանցիներէն, որոնք 30 տարուան ընթացքին չեն կրցած վերադառնալ իրենց «հարազատ բնօրրանները»: Այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ` «Մշակոյթի եւ լրատուամիջոցներու հարցերով երկխօսութեան Պաքուի հարթակ»-ի ծիրին մէջ «Խաղաղութեան լեզուն եւ պայքարը ապատեղեկատուութեան դէմ» յատուկ նիստի ընթացքին:
«Սակայն մենք մտադիր չենք վրէժ լուծելու: Յաւերժական խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է շարունակել քայլեր ձեռնարկել եւ նախաձեռնութիւններ կատարել: Հայ հասարակութիւնը պէտք է ներողութիւն խնդրէ ազրպէյճանցիներէն, որոնք 30 տարուան ընթացքին չեն կրցած իրենց հարազատ բնօրրանները վերադառնալ», ըսած է Հաճիեւ:
Ան ընդգծած է, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ, սակայն նաեւ կրնայ թուղթի վրայ մնալ:


