Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւատես Ըլլալու 7 Համոզիչ Պատճառներ

October 22, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Լաւատեսութիւնը կեանքը վարդագոյն ակնոցներով դիտելու միամիտ մտածելակերպ չէ: Ան ներկայիս գիտութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս առողջութեան իսկական դաշնակից: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ դրական վերաբերմունքի ձեւաւորումը բարենպաստ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկարակեցութեան, ընկճախտի նկատմամբ դիմադրողականութեան, հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ նոյնիսկ ընկերային յարաբերութիւններու որակին վրայ:

«Health Behavior and Policy Review»-ի, «Psychological Science»-ի եւ «Harvard T.H. Chan School of Public Health»-ի գիտական տուեալներուն վրայ հիմնուելով` ստորեւ կը ներկայացնենք լաւատեսութեան դրական ազդեցութիւնները մեր ֆիզիքական, մտաւոր եւ հոգեկան առողջութեան վրայ:

1.- Աւելի առողջ սիրտ. Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ լաւատեսները երկու անգամ աւելի հաւանականութիւն ունին առողջ սրտանօթային համակարգ ունենալու, քան` յոռետեսները:

Լաւատես ըլլալը 11-15 առ հարիւրով կը բարձրացնէ մինչեւ 85 տարեկան եւ աւելի ապրելու հաւանականութիւնը:

***

2.- Նուազ ընկճախտ. Լաւատեսութիւնը որպէս իսկական վահան կը գործէ ընկճախտին դէմ: Ըստ ուսումնասիրութիւններու, լաւատես մարդիկ դժուար իրադարձութիւններու ժամանակ նուազ քորթիզոլ (ընկճախտի հորմոն) կ՛արտադրեն, անոնք նաեւ աւելի արագ կը վերականգնին եւ կը յաղթահարեն դժուարութիւնները:

***

3.- Հոգեբանական բարեկեցութիւն. Մարդիկ, որոնք աւելի դրական հնարաւորութիւններ կը պատկերացնեն, սովորաբար աւելի հաճելի յոյզեր կ՛ունենան, ինչպիսիք են` յոյսը, բաւարարուածութիւնը կամ նպատակ մը ունենալու զգացումը:

***

4.- Դիմադրողականութիւն դժուարութիւններու առջեւ. Լաւատեսութիւնը կը պաշտպանէ հոգեկան անկումէ: Հաստատուած է, որ լաւատեսութիւնը կը խթանէ դիմադրողականութիւնը, այսինքն` ձախողութենէ կամ դժուարութենէ ետք վերականգնուելու ունականութիւնը: Ան կը խրախուսէ մարդիկը` փնտռել լուծումներ, պահպանել յոյսը` նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ:

***

5.- Ինքնագնահատականի եւ մղումի բարձրացում. Հաւատալը, որ նպատակը հասանելի է, կը բարձրացնէ ջանք գործադրելու եւ խոչընդոտներու դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւնը: Լաւատես անձերը ձախողութիւնները կը մեկնաբանեն որպէս ուսանելի փորձառութիւններ, ինչ որ կ՛ամրապնդէ իրենց ինքնավստահութիւնն ու ձգտելու մղումը:

***

6.- Լաւ ընկերային յարաբերութիւններ. Հետազօտութիւններու համաձայն, լաւատեսները դիւրաւ կը կառուցեն երկարատեւ յարաբերութիւններ, հիմնուած` վստահութեան եւ բարութեան վրայ: Լաւատես մարդիկ կ՛ընկալուին որպէս աւելի կարեկից, ինչ որ կ՛ամրապնդէ յարաբերութիւնները եւ կը խթանէ իսկական եւ կայուն կապերը:

***

7.- Ստեղծագործութեան խթանում. Լաւատեսութիւնը նաեւ կապուած է արդիւնաւէտութեան զգացողութեան հետ, այսինքն` այն համոզումին հետ, որ մարդս ունի գործելու եւ իրավիճակներու վրայ ազդելու միջոցներ: Այս վստահութիւնը կը նպաստէ նախաձեռնողականութեան դրսեւորման, նոր հմտութիւններու ձեռքբերման եւ ստեղծագործական մտքի խթանման:

Երեխայի Հոգեբանի Կարծիքով

 Քունի Արարողութեան
Կարեւորութիւնը

Երեխային քնանալու ժամանակը պարզապէս օրուան աւարտ չէ: Ան երեխային համար կրնայ ըլլալ ամենաապահով պահերէն մէկը` հոգերը թօթափելու, անհանգստութիւններէն ձերբազատելու եւ քունին մէջ իրեն հետ տանող խօսքերը լսելու համար:

Պարզ արտայայտութիւններ, ինչպիսիք են`

– 5 վայրկեանէն դարձեալ քովդ կու գամ:
– Այսօրուան սխալիդ համար քեզմէ նեղացած չեմ:
– Որքա՛ն ուրախ եմ, որ քու մամադ եմ:
– Քեզ կը սիրեմ, նոյնիսկ երբ համաձայն չենք:
– Ապրի՛ս, որ ճշմարտութիւնը ըսիր այսօր:
– Երբ արթննաս, արդէն ես քովդ կ՛ըլլամ:

Երկար բացատրութիւններ հարկաւոր չեն, այլ քանի մը հանգիստ հետեւողական խօսքեր աննկատելիօրէն կ՛ամրապնդեն երեխային անվտանգութիւնն ու վստահութիւնը:

Այս պարզ խօսքերը կ՛օգնեն երեխային զգալ սիրուած եւ ապահով, նախքան լոյսերը մարելը:

***

Հոգեբաններու կարծիքով, երեխային քունի արարողութիւնը չափազանց կարեւոր է. ծնողները պէտք է անզիջող ըլլան քունի ժամի կապակցութեամբ, ճշդեն որոշ ռութին` ակռաները խոզանակել, գիրք կարդալ, լոյսը անջատել ու քունի անցնիլ…

Հետազօտութիւններ կը վկայեն, թէ`

– Ժամը 9-էն ետք քնացող երեխաները կեդրոնացումի դժուարութիւն կ՛ունենան եւ գերաշխոյժ կը դառնան:
– Աճումի հորմոնները կ՛աշխուժանան առհասարակ խոր քունի ժամանակ:
– Քունի անբաւարարութիւնը երեխան դիւրագրգիռ կը դարձնէ, եւ ան դժուար կը դիմակայէ օրուան մարտահրաւէրները:
– Բաւարար քնացող երեխան նուազ յաճախակի կը հիւանդանայ եւ աւելի լաւ դպրոցական արդիւնքներ ձեռք կը բերէ:

Ձեր Խնդուքը
Կը Պատմէ Ձեր Մասին

Յաճախ կ՛ըսուի, թէ խնդուքը հոգիի հայելին է: Ան ոչ միայն կատակի կամ զուարճալի իրավիճակի արձագանգ է, այլեւ երբեմն կ՛արտացոլացնէ մեր բնաւորութեան որոշ գիծերը: Անկախ անկէ, որ խնդուքը լսելի է, աննկատ, թէ ամչկոտ, ան կը բացայայտէ մեր անհատականութեան մէկ մասը: Եւ այսպէս`

Եթէ դուք բերանը լայն բացած, բարձրաձայն կը խնդաք, շատ ինքնաբուխ եւ անկաշկանդ անձ էք, բարդոյթներէ չէք տառապիր, եւ ձեր խնդուքը կը դարձնէք վարակիչ` ստեղծելով զուարթ մթնոլորտ:

Եթէ խնդալու ժամանակ ձեր բերանը կը ծածկէք, մասամբ անինքնավստահ անձ էք, չէք սիրեր զատորոշուիլ կամ ուշադրութեան առարկայ դառնալ:

Եթէ խնդալու ժամանակ ձեր գլուխը դէպի ետ կը տանիք, դուք բարեսիրտ անձ էք, յաճախ որոշումներ կը կայացնէք սիրտով եւ ոչ` միտքով: Կեանքը սիրող ու գնահատող մարդ էք:

Եթէ խնդալու ժամանակ կը կնճռոտէք ձեր քիթը, շատ փոփոխական անձնաւորութիւն էք,  ձեր տրամադրութիւնն ու կարծիքը յաճախ փոփոխութեան ենթակայ են: Երեխայի նման քմահաճ էք ու յուզական, դժուար է ձեզի հետ ընդհանուր լեզու գտնելը:

Եթէ ձեր խնդուքը թեթեւ եւ ամչկոտ է, դուք զուսպ անձ էք: Այս չափուած խնդուքը կը վկայեն լուրջ եւ վստահելի բնաւորութեան մասին: Վերլուծող միտք ունիք եւ բծախնդրութեամբ կ՛ընտրէք ձեր բարեկամները:

Անշուշտ վերը նշուածները բացարձակ ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ: Ինչպէս American Psychological Association-ը պարբերաբար մեզի կը յիշեցնէ, դէմքի եւ մարմնի արտայայտութիւնները ցուցանիշներ են, բայց անոնք անհատականութիւնը սահմանող միակ տուեալները չեն: Իւրաքանչիւր խնդուք ստորագրութիւն է, որ պայմանաւորուած է մշակոյթով, կրթութեամբ եւ կեանքի փորձառութեամբ:

Յամենայն դէպս, անկախ անկէ, որ խնդուքը բարձրաձայն է, ամչկոտ, թէ ձեռքի ետեւ պահուած, ձեր խնդուքը ձեր մասին կը պատմէ եւ անիկա ձեր անձի ամենաանկեղծ արտացոլացումն է:

Իրերուն Երկրորդ
Կեանք Մը Տանք

Այս հետաքրքրական վերամշակման միջոցով պարապ լուացքի հեղուկ օճառի շիշը վերածեցէք բաղնիքի պահեստաւորման զամբիւղի:

Պատրաստութիւն

1.- Լուացէք պարապ շիշը եւ հեռացուցէք պիտակը:
2.- Մարքըրով ուրուագծեցէք զամբիւղին ձեւը, ներառեալ` բացուածքը եւ բռնակը:
3.- Զգուշօրէն կտրեցէք գիծերու երկայնքով քաթըրի կամ մկրատի միջոցով:
4.- Հարթեցէք սուր եզերքները` աւազաթուղթով:
5.- Պատրաստ զամբիւղը անգամ մը եւս լուացէք եւ ապա ցամքեցուցէք:
6.- Զամբիւղը օգտագործեցէք` ըստ ձեր կարիքներուն:

Խոհագիր

Կաղամբով Թթուաշի
Փաթոյթներ

Բաղադրիչներ

  • 1 գաւաթ քերոցէ անցած ստեպղին
  • 1 գաւաթ քերոցէ անցած կարմիր կաղամբ
  • 1 գաւաթ քերոցէ անցած ճակնդեղ
  • 1 ճերմակ կաղամբ
  • 1 գաւաթ ճերմակ քացախ
  • 1 թէյի դգալ քարաղ
  • 1 կիտրոնի հիւթ
  • 3 պճեղ մանրուած սխտոր

Քացախ-ջուրին համար

  • կէս լիթր եռացած ջուր
  • 1.5 ապուրի դգալ քարաղ
  • 1 սուրճի գաւաթ ճերմակ քացախ
  • 2-3 պճեղ սխտոր

Պատրաստութիւն

Քերոցէ անցած բանջարեղէնները խորունկ ամանի մը մէջ փոխադրել, աւելցնել 1 գաւաթ քացախը, քարաղը, կիտրոնի հիւթը եւ մանրուած սխտորը: Բոլորը լաւ խառնել:

Մինչ այդ խաշել ճերմակ կաղամբին տերեւները, ձեւաւորել` կեդրոնի հաստ ջիղէն ձերբազատելով:

Ձեւաւորուած կաղամբի տերեւներուն մէջ վերոյիշեալ խճողակէն դնել եւ երկու ծայրամասերը գոցելով փաթթել:

Ապակեայ մաքուր շիշի մը յատակին դնել սխտորի պճեղները, քով-քովի խիտ շարել փաթոյթները, աւելցնել կէս լիթր ջուրի մէջ լուծուած քացախն ու քարաղը:

Ապակեայ շիշին կափարիչը փակել եւ սպասել 3-4 օր` նախքան համտեսելը

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

 Աշնան

Նորից անձրե՜ւ, մշո՜ւշ, ա՜մպ,
Թախի՜ծ անհուն, տխրա՜նք հեզ,
Աշո՛ւն, քեզ ի՛նչ քնքշութեամբ,
Ի՞նչ խօսքերով երգեմ քեզ…

Քո մշուշը, քո ոսկի
Տերեւները հողմավառ,
Դիւթանքը քո մեղմ խօսքի,
Արցունքները քո գոհար…

Հարազատ են իմ հոգուն,
Վհատութեանն իմ խոնարհ,
Ե՛ւ թփերը դողդոջուն,
Ե՛ւ խոտերը գետնահար…

Եւ քո երգը թախծալի
Իմ սրտի երգն է կարծես,
Աշո՛ւն, քաղցր ու բաղձալի,
Ի՞նչ խօսքերով երգեմ քեզ…

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Հետաքրքրական
Կնոջական

Հետաքրքրական

October 15, 2026
Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով.  Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ
Կնոջական

Երեխայի Հոգեբանին Կարծիքով. Որպէսզի Պատիժը Դաստիարակչական Բնոյթ Կրէ

October 8, 2026
Փորձ Հարցարան.  Ընտրեցէք Աթոռը Եւ Բացայայտեցէք Ձեր Անհատականութեան Թաքնուած Կողմերը
Կնոջական

Փորձ Հարցարան. Ընտրեցէք Աթոռը Եւ Բացայայտեցէք Ձեր Անհատականութեան Թաքնուած Կողմերը

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.