Մաքս Վերշթափեն պատմութիւն կերտեց «Ֆորմիւլա 1»-ի վերջին կրան փրիին, երբ ձեռք ձգեց 50-րդ փոլ-փոզիշընը` միանալով այլ 4 վարորդներու, որոնք 50-ի սահմանը հասած են:
Վերջին վարորդը, որ 50-րդ փոլ փոզիշընը շահած էր (2017-ին), գերմանացի Սեպասթիան Ֆեթելն էր, Մեքսիքայի կրան փրիին:
Ֆեթել իր առաջին փոլ փոզիշընը շահած էր 21 տարեկանին` այդ օրերուն դառնալով ամէնէն երիտասարդ վարորդը (2008-ին, Իտալիոյ մէջ): Այդ մրցանիշը բարելաւեց Քիմի Անթոնելլի այս տարեշրջանին: 2008-ին Ֆեթել Իտալիոյ մէջ իր առաջին կրան փրին ալ կրցած էր շահիլ: Յաջորդ տարին գերմանացի Ֆեթել «Թորօ Ռոսօ»-ն լքելով միացած էր «Ռետ Պուլ»-ին` յաջողութիւն գտնելով խումբին հետ եւ 44 փոլ փոզիշըններ աւելցնելով իր հաշուոյն: Ան 4 անգամ աշխարհի ախոյեան ալ դարձած էր: Գերմանացին աւելի ուշ (2015-ին) միացած էր «Ֆեռարի»-ին, բայց անգամ մը եւս աշխարհի ախոյեան չկրցաւ դառնալ, հակառակ անոր որ փոլ փոզիշընի հաշիւը բարձրացուց 57-ի` վերջին անգամ 2019-ի Ճափոնի կրան փրիին:
3-րդ դիրքը կը գրաւէ Այրթոն Սեննա, որ 65 անգամ կրցած է փոլ փոզիշըն շահիլ: Պրազիլցի Սեննա, որ 3 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած է, իր առաջին փոլ փոզիշընը շահած է իր երկրորդ խումբին` Լոթիւսի հետ (1985-ին): Փորթուգալի փոլ փոզիշընը Սեննայի առաջին կրան փրիի տիտղոսն ալ եղաւ: Ան 3 տարի մնալէ ետք «Լոթիւս»-ի հետ, միացաւ «Մաքլարեն»-ին 1988-էն 1993, ուր ձեռք ձգեց փոլ փոզիշըններուն մեծ մասը, ինչպէս նաեւ աշխարհի ախոյեանութիւնները:
1990-ին, Սպանիոյ մէջ ան իր 50-րդ փոլ փոզիշընը շահեցաւ` ձեռք ձգելով իր 2-րդ ախոյեանի տիտղոսն ալ եւ հասաւ 62-րդ փոլ փոզիշընին մինչեւ 1994, երբ միացաւ «Ուիլիամս»-ին: Ան 3 փոլ փոզիշըն եւս շահեցաւ «Ուիլիամս»-ի հետ, եւ յիշատակելի էր վերջինը` Սան Մարինոյի մէջ, ուր իր կեանքն ալ կորսնցուց արկածի հետեւանքով:
Բ. դիրքը կը գրաւէ Միքայէլ Շումախըր, որ 68 անգամ կրցած է փոլ փոզիշըն շահիլ: Սեննայի փոլ փոզիշընի մրցանիշը երկար ժամանակ մնալէ ետք գերմանացի Շումախըր կրցաւ գերազանցել զայն, ինչպէս նաեւ ան բազմաթիւ այլ մրցանիշներ կոտրեց իր ասպարէզին ընթացքին:
Աչքի զարնելէ ետք «Ճորտըն» խումբին հետ 1991-ի Պելճիքայի կրան փրիին, Շումախըր անմիջապէս յաջորդ մրցումին միացած էր Պենեթոնին: Ան իր առաջին կրան փրին շահեցաւ 1992-ին, բայց սպասեց մինչեւ 1994, երբ Մոնաքոյի մէջ կրցաւ նուաճել իր ասպարէզի առաջինը փոլ փոզիշընը: Գերմանացի վարորդը 10 փոլ փոզիշըններ կրցաւ շահիլ «Պենեթոն»-ի հետ 1994-ին եւ 1995-ին ախոյեան դարձած տարիներուն` աւելի ուշ միանալով «Ֆեռարի»-ին եւ պատմութիւն կերտելով:
Իր 50-րդ փոլ փոզիշընը Ճափոնի մէջ էր 2002-ին, մինչ 68-րդ եւ վերջինը 2006-ին Ֆրանսայի մէջ էր: Ան 2012-ին Մոնաքոյի մէջ «Մերսետես»-ի հետ շահեցաւ փոլ փոզիշըն, բայց 5 դիրքի պատիժ ունենալով 6-րդ դիրքէն սկսաւ:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ Լուիս Համիլթըն, որ 104 փոլ փոզիշըն շահած է: Համիլթընին շատ լաւ ճանչնայ Վերշթափեն, որ 2021-ին ուր պայքար տարած էր եւ շահած առաջին տիտղոսը:
Համիլթըն իր առաջին տարեշրջանի սկիզբն էր, երբ ձեռք ձգեց իր առաջին փոլ փոզիշընը 2007-ին Քանատայի մէջ, ուր կերտեց իր առաջին կրան փրիի յաղթանակը նաեւ:
Բրիտանացի վարորդը 2012-ին 26 փոլ փոզիշըններէ ետք միացաւ «Մերսետես»-ին, որուն հետ 50-ի հասաւ անոնց թիւը 2016-ին Աւստրալիոյ մէջ:
Տարի մը ետք, Իտալիոյ Մոնզայի շրջավազքին վրայ, եւ 2023-ին` Հունգարիոյ մէջ, Համիլթըն բարելաւեց Շումախըրի մրցանիշը` հասնելով մինչեւ 104:
«Ֆեռարի»-ին միանալէ ետք, սակայն, Համիլթըն չկրցաւ շահիլ փոլ փոզիշըն, բան մը, որուն վրայ կ՛աշխատի այս տարեշրջանին:


