Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Բոլոր Տագնապներու Լուծման Մեր Զէնքը Ազգային Միասնականութիւնն Է»

October 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, թէ Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի հետ իր յարաբերութիւնը լաւ է, եւ անոնց հետ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի:

«Մեզ պաշարող բոլոր խնդիրներու եւ տագնապներու լուծման համար ազգային միասնականութեան զէնքի օգտագործումը այլընտրանք չունի», շեշտեց ան:

Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով ելեկտրականութեան թղթածրարին, ըսաւ, որ անիկա Լիբանանի մէջ ջուրի եւ օդի չափ կարեւոր է, եւ նշեց, թէ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է այս թղթածրարը, «որուն կարգաւորումէն կարելի չէ խուսափիլ»:

Ան կոչ ուղղեց` աշխարհի  տարբեր կողմերէ ներդրողներ ներգրաւելու` նուազուրդի ճամբով ոլորտը յառաջ մղելու համար, այսինքն, նկատի ունենալ անոր կառուցումը, բանեցումն ու սեփականութեան փոխանցումը:

Պըրրի ըսաւ, որ Սալամ այս թղթածրարին նկատմամբ «ամէն ձեւի դրական ընկալում ու հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ»:

Անդրադառնալով Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ հուսիներուն միջեւ բախումներուն` Պըրրի ըսաւ. «Մեր սրտերը կ՛արիւնին, եւ տեղի ունեցածին դէմ ենք»:

Խորհրդարանի նախագահը «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ալ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով երկիրի տնտեսական կացութեան, հարց տուաւ. «Ընդունելի՞ է, որ պաշտօնեաներն ու սահմանափակ եկամուտ ունեցողները ստիպուած ըլլան իրենց չնչին եկամուտներէն մեծ գումարներ յատկացնել սեփական ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութիւններու համար: Ժամանակն է, որ այս շարունակական խեղկատակութիւնը վերջ գտնէ»:

«Ներքին կամ կողմնակի որեւէ ճակատումի կարիքը չկայ, երբ կը դիմագրաւենք ճակատագրական ու դժուար մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն ներքին համախմբուածութեան բարձրագոյն աստիճան: Այս վճռորոշ պահուն ազգային միասնութիւնը գերակայ եւ հիմնարար է, եւ ներկայ պահուս ոչինչ կը գերակշռէ կամ կը գերազանցէ զայն: Մենք պէտք է մեր առաւելագոյն ջանքերը գործադրենք զայն ամրապնդելու համար», շեշտեց Պըրրի:

Նախորդը

Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ

Յաջորդը

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

RelatedPosts

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը  Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ  Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Ելեկտրականութեան Տագնապը Պետութիւնն Ու Կառավարութիւնը Կը Դնէ Քննութեան Առջեւ Ախտաճանաչումէն Գործադրութիւն Անցնելու»

October 13, 2026
Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում  Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ
Լիբանանեան

Դեսպան Բաղդասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Դեսպան Ասաֆի Հետ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.