Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց. «Ելեկտրականութեան ոլորտի այսօրուան ճգնաժամը կարելի չէ սահմանափակել մատակարարման ժամերու նուազումով եւ զայն պէտք չէ դիտարկել իբրեւ անցողիկ թեքնիք խնդիր, որ կրնայ մէկ կառավարութենէն միւսը յետաձգուիլ»:
«Տեղի ունեցողը դարձած է քննութիւն պետութեան ու կառավարութեան համար` տասնամեակներ շարունակ յամեցող այս ճգնաժամի ախտորոշման փուլէն լուծման եւ անհրաժեշտ որոշումներու կայացման անցնելու», աւելցուց ան:
Ժահժահ ընդգծեց. «Ելեկտրականութեան ճգնաժամը այլեւս չի կրնար հանդուրժել ժամանակի կառավարման փիլիսոփայութիւնը, որովհետեւ անհրաժեշտ որոշումներու ուշացման իւրաքանչիւր օր կը նշանակէ պետական ելեկտրականութեան ժամերու նուազում, եւ, հետեւաբար, յաւելեալ քայլ մը դէպի լիակատար խաւար, ելեկտրածին շարժակներու աւելի մեծ վճարում եւ յաւելեալ ծախս ընտանիքներու, հաստատութիւններու եւ Լիբանանի տնտեսութեան համար»:
«Այսօր անհրաժեշտ է որոշում, եւ ոչ թէ` նոր ախտորոշում, գործադրութիւն, ոչ թէ` պատասխանատուութեան յաւելեալ յետաձգում», աւելցուց ան:


