Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Իրանի հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ կը վարենք»:
«Ամերիկայի մէջ 3 նոյեմբերին նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ Իրանի վրայ յարձակում պիտի չգործենք», յայտարարեց Թրամփ:
«Իրանը թէ՛ տնտեսական, թէ՛ զինուորական գետնի վրայ չափազանց վատ վիճակի մէջ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շրջափակումը իր ամբողջ ուժով եւ ազդուութեամբ ուժի մէջ է»:
«Քարիւղը Հորմուզի նեղուցէն կը հոսի մրցանշային քանակով. միայն երէկ գիշեր 22 միլիոն տակառ էր», ըսաւ ան:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը եւ լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր երկու օր առաջ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բանակցեցաւ եւ ծանօթացաւ յառաջիկայ երեք շաբաթներու ընթացքին ամերիկեան բանակի Իրանի դէմ թշնամական լայնածաւալ գործողութիւններու վերսկսման կարելիութեան»:
Աղբիւրները նշեցին. «Զամիր զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ ներկայիս պատերազմը վերսկսիլը կրնայ Իսրայէլի մէջ ընտրութիւններու յետաձգման յանգեցնել, մեկնելով այն գնահատումներէն, որ Իրան երկրին վրայ հրթիռային յարձակում շղթայազերծելով պիտի հակադարձէ»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցաւ յայտնեց, որ հակամարտութեան վերջ տալու եւ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու ամիսներէ ի վեր թափուող ջանքերը չեն յաջողած:


