Քոնկրեսի աւելի քան 100 անդամներ` 26 ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ, կոչ ուղղած են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին` կասեցնելու ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին` վկայակոչելով Պաքուի կողմէ ապօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներու դէմ արձակուած դատավճիռները, հայ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին շարունակուող զինուորական բռնագրաւումը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող երկկուսակցական նամակը նախաձեռնած են ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզ, Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս ու Ֆրենք Փալոն: Նամակին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատական ղեկավար Չաք Շումըր եւ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան շարք մը յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու ղեկավարներ:
Նամակը պատասխանն է Թրամփի վարչակազմի որոշումին` երկարաձգելու «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»-ին 907-րդ յօդուածի սահմանափակումներու շրջանցումը, որուն հետեւանքով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել զինուորական աջակցութիւն տրամադրել Ազրպէյճանին: Նախագահ Թրամփ նման քայլի մը դիմած էր նաեւ 2025 օգոստոսին` Սպիտակ տան մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք, իսկ 2026 յուլիսին Քոնկրեսին տեղեկացուցած էր այդ շրջանցումը երկարաձգելու իր մտադրութեան մասին:
«Ամերիկայի Քոնկրեսը յստակօրէն իր պատգամը յղած է` երկկուսակցական եւ երկպալատ հիմքով: Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ջախջախիչ` 44-7 քուէարկութենէն ետք, որ կը պահանջէր Ազրպէյճանէն ազատ արձակել հայ պատանդները, աւելի քան 25 նահանգներէ աւելի քան 100 օրէնսդիրներ այսօր կոչ ուղղեցին Թրամփի վարչակազմին գործադրելու 907-րդ յօդուածը եւ դադրեցնելու ամերիկեան զէնքի մատակարարումն ու օգնութիւնը ուժանիւթով հարուստ Ազրպէյճանին», ըսաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան` աւելցնելով. «Ալիեւի կաշառակեր եւ ցեղասպան վարչակազմը ո՛չ կարիքը ունի,ո՛չ ալ արժանի է ամերիկեան առատաձեռնութեան, մանաւանդ երբ այսքան շատ ամերիկացիներ տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն»:


