Հայաստանը պէտք է անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու ճակատագիրի, զանգուածային ու անհատական թաղման վայրերու վերաբերեալ ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրէ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս ուղերձը յղած է «Անհետ կորսուած անձերու հարցերով Պաքուի երկխօսութիւն» խորագիրով 4-րդ միջազգային խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:
«Անհետ կորսուածներու որոնումներու արդիւնաւէտութիւնը ուղղակիօրէն կախեալ է ճշգրիտ տեղեկութեան ստացումէն: Հայաստանը պէտք է անհետ կորսուած ազրպէյճանցիներու ճակատագիրի, զանգուածային եւ անհատական գերեզմաններու վայրերու մասին ամբողջ տեղեկութիւնը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ ստեղծէ պայմաններ համապատասխան արխիւներու բացման եւ վկաներու ցուցմունքներու հաւաքագրման համար:
«Բացի ատկէ, որ ասիկա իրական պարտաւորութիւն է եւ մարդասիրական պատասխանատուութիւն, ասիկա պիտի դառնայ խաղաղութեան հաւատարմութեան գործնական դրսեւորում եւ ներդրում պիտի ունենայ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ: Մարդկային ճակատագիրներուն առնչուող տեղեկատուութիւնը պէտք չէ ըլլայ քաղաքական պայմաններու առարկայ», նշուած է ուղերձին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ խորհրդարանին մէջ, արձագանգելով այս մասին հարցումին, ըսած է, թէ ասիկա նոր պահանջ չէ Պաքուի կողմէ: Միրզոյեան պնդած է, թէ «սա պահանջ չէ, սա Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խօսակցութեան մնայուն նիւթն է»: «Մենք մեր անհետ կորսուածները ունինք, մենք մեր այլ մարդասիրական հարցերը ունինք: Մեր օրակարգի մնայուն հարցն է անհետ կորսուածներու եւ պատանդ առուած անձերու հարցը: Այդ հարցը քննարկուած է Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպման ժամանակ` Պիշքեքի մէջ: Իմ եւ Պայրամովի վերջին հանդիպման ժամանակ եւս այդ հարցը քննարկուած է Նիւ Եորքի մէջ», ըսած է Միրզոյեան:


