Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Ճոքովիչ 7-րդ Անգամ Ըլլալով Փեքինի Ախոյեան

October 8, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սերպ վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ 7-րդ անգամ ըլլալով շահեցաւ Չինաստանի թենիսի բաց մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք աւստրալիացի Ալեքս Տէ Մինաորը` 7-6 եւ 0-1 արդիւնքով:

Տէ Մինաոր առաջին սեթի աւարտէն ետք մեկնեցաւ դաշտէն` դարմանուելու համար, եւ վերադարձաւ իր ձախ սրունքը կապուած, բայց առաջին կէտը շահելէ ետք մօտեցաւ իրաւարարին եւ յայտնեց, թէ չի կրնար շարունակել մրցումը:

27 տարեկան Տէ Մինաոր ըսաւ. «Երբեք լաւ չեմ զգար… կ՛ուզեմ ներում հայցել բոլոր համակիրներէն: Չէի ուզեր այս ձեւով աւարտել… յուսամ յառաջիկայ տարի կը տեսնուինք»:

Երկու կիսաւարտականներն ալ սպասուածէն առաջ աւարտած էին. Հուպերթ Հուրքաչ վիրաւորուած էր եւ պարտուած Տէ Մինաորի դէմ մրցումին, մինչ Տանիլ Մետվետեւ մրցումի վերջին վայրկեաններուն գնդակը հարուածած էր հանդիսատեսի մը ուղղութեամբ եւ մրցումը պարտուած հռչակուած Ճոքովիչի դէմ:

Սերպ թենիսմենի անյաղթ կարգավիճակը 34-ի հասաւ Չինաստանի մէջ, ուր ան շահեցաւ իր 7-րդ տիտղոսը: 39 տարեկան Ճոքովիչ առնուազն մրցաշարք մը շահեցաւ 21-րդ յաջորդական տարին ըլլալով:

Ճոքովիչ իր կարգին բժշկական թայմ-աութի պէտք ունեցած էր եւ մեծ անակնկալի մատնուած էր, երբ Տէ Մինաոր լքեց մրցումը:

«Այս տարի շատ դժուար էր ինծի համար… Բազմաթիւ վերիվայրումներ, ֆիզիքական եւ բժշկական հարցեր դիմագրաւեցի: Ես պարզապէս փորձեցի լաւ զգաում ունենալ դաշտին վրայ, եւ վստահաբար գիտեմ, թէ լաւ կը հարուածեմ գնդակը եւ բարձր մակարդակի վրայ ալ տակաւին կրնամ խաղալ», ըսաւ Ճոքովիչ, որ իր ասպարէզի 102-րդ տիտղոսը շահեցաւ:

Միւս կողմէ, աշխարհի թիւ 3 թենիսմեն սպանացի Քարլոս Ալքարաս շահեցաւ Ճափոնի բաց մրցաշարքը` աւարտականին յաղթելէ ետք չեխ Եիրի Լեհեչքային` 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով: Ալքարաս շատ դժուար յաղթանակ կրցաւ արձանագրել թիւ 19 Լեհեչքայի դէմ եւ կրցաւ իր առաջին տիտղոսը շահիլ անցեալ փետրուարի Քաթարի մրցաշարքէն ետք:

Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըր (Իտալիա) իր կարգին յայտնեց, որ ծունկի հարցերու պատճառով այժմէն պիտի պատրաստուի 2027-ին եւ այլեւս 2026-ին ոչ մէկ մրցաշարքի պիտի մասնակցի:

25 տարեկան թենիսմենին յայտարարութիւնը անակնկալ էր, մանաւանդ որ ան մէկ ամիս ետք Մասթըրզի տիտղոսը պիտի չկարենայ պաշտպանել իր երկրին մէջ (Թորինօ):

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Ռասըլ Վերջին Դիրքէն Պիտի Սկսի Սինկափորի Կրան Փրին

Յաջորդը

Քարաթէ. Մոնիքա Արզումեան` Ոսկի Մետալակիր

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Փոյնթ Զիրօ» Մրցումը Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ

October 8, 2026
Ճիւտօ.  Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին
Մարզական

Ճիւտօ. Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

October 8, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.