Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Եթէ հասեր էք այն աստիճանին, ուր պատիժը անխուսափելի է, ապա հետեւեցէք հոգեբանին 7 խորհուրդներուն, որպէսզի ձեր սահմանած պատիժը դաստիարակչական բնոյթ կրէ.
1
Եղէք հետեւողական. միեւնոյն արարքը ամէն անգամ պէտք է ունենայ միեւնոյն արձագանգը: Եթէ այսօր կ՛արտօնէք, իսկ յաջորդ օրը կը պատժէք նոյն արարքին համար, երեխան չի սորվիր իր սահմանները:
2
Ձեր դժգոհութիւնը երեխային յայտնեցէք հանգիստ, յստակ եւ անմիջապէս: Պատիժը պէտք չէ վերածուի կոպտութեան կամ վիրաւորանքի, այլ ըլլայ յստակ ուղերձ` վարքի մասին:
3
Սորվեցուցէք երեխային յանցանքին հետեւանքները կրել: Եթէ ան յատակին ջուր թափեց, պէտք է սորվի մաքրել, պնակը ձգեց ու կոտրեց` անվնաս հաւաքել կտորները: Երեխան պէտք է մասնակցի իր արարքներուն հետեւանքներուն կարգաւորման:
4
Սորվեցուցէք սրտանց ներողութիւն խնդրել: Ներողութիւն խնդրելը նուաստացում չէ, այլ` ուժ: Ներողութիւնը կրնայ արտայայտել ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ վերաբերմունքով եւ վարքով:
5
Պատիժը ընտրեցէք երեխային տարիքին համապատասխան: Այն, ինչ կրնայ հասկնալի ըլլալ մեծ երեխային, կրնայ անհասկնալի թուիլ փոքրին: Պատիժը պէտք է համապատասխանէ ձեր երեխային տարիքին եւ կարողութիւններուն:
6
Առանձնացուցէք վարքը` երեխայէն: Դուք կը պատժէք ոչ թէ երեխան, այլ անոր վարքը: Երեխան պէտք է հասկնայ ասիկա:
7
Մի՛ պատԺէք ձեր երեխան, երբ ինկած է կամ վնասուած: Փոքրիկը մի պատժէք բանի մը համար, որ արդէն ցաւ պատճառած է իրեն: Այդ պահուն նեղանալն ու բարկանալը երեխան առանձին կը ձգէ իր ցաւին հետ: Առաջնահերթութիւնը տուէք ձեր օգնութեան եւ աջակցութեան, մնացեալը կը քննարկէք աւելի ուշ:
Քանի Մը Տողով
Ծանօ՞թ Էք Քալելու
Անմիջական Բարիքներուն
– 1 վայրկեան քալելով ձեր մարմնին մէջ կը բարձրանայ արեան հոսքը:
– 5 վայրկեան քալելով` կը բարելաւուի ձեր տրամադրութիւնը:
– 10 վայրկեան քալելով` կը նուազի «քորթիզոլ»-ը` ընկճախտի հորմոնը:
– 15 վայրկեան քալելով`շաքարի մակարդակը կը նուազի արեան մէջ:
– 30 վայրկեան քալելով` ծայր կ՛առնէ ճարպերու այրումի գործընթացը:
– 60 վայրկեան քալելով` կը բարձրանայ «տոփամին»-ը` «լաւ տրամադրութեան» հորմոնը:
Չմոռնաք նաեւ, որ քալելը կ՛ապահովէ սրտին առողջութիւնը` նուազեցնելով սրտի հիւանդութիւններու վտանգը, նուազեցնելով արեան ճնշումը եւ բարելաւելով սրտանօթային համակարգի գործունէութիւնը:
Վերջապէս, քալելը կ՛ամրացնէ ոսկորները, մկաններն ու յօդերը:
Լալու Առաւելութիւնները
Ամերիկացի գիտնականներ` հետազօտելով մարդկային արցունքները, բացայայտած են, որ անոնք կը պարունակեն նիւթեր, որոնք կը մեղմացնեն ֆիզիքական ցաւը եւ իրենց ազդեցութեամբ կը յիշեցնեն մորֆինը: Գիտնականներ նաեւ արցունքներուն մէջ յայտնաբերած են նիւթ մը, որ մանրէասպան յատկութիւն ունի:
Գիտնականներուն կարծիքով, կիները 5 անգամ աւելի կու լան, քան տղամարդիկ: Անոնք ապացուցած են, որ սերտ կապ կայ լացին եւ սրտանօթային հիւանդութիւններուն միջեւ: Այսպէս` արցունքները դուրս հանելով բացասական զգացումները, կարեւոր տոկոսով կը կանխարգիլեն վերոյիշեալ հիւանդութիւնները: Իսկ տղամարդիկ, որոնք վարժուած են զսպել արցունքները եւ իրենց անյաջողութիւններուն տոկալ լուռ եւ անարցունք, առաւել եւս ենթակայ են սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ, բնականաբար, կը կրճատուի անոնց կեանքը:
Միւս կողմէ, ընկճախտէ տառապող իւրաքանչիւր անձ կարիք ունի հոգեբանական պաշտպանութեան: Մէկը ինքզինք կը յանձնէ խմիչքին, ուրիշ մը ինքնաշարժին ղեկին նստած շատ արագ կը վարէ, երրորդ մը` գոռալով կը լիցքաթափուի… Բայց անոնցմէ ոչ մէկը իր արդիւնաւէտութեամբ կը հասնի սովորական լացին… Չէ՞ որ լացին կը յաջորդէ յարաբերական անդորր, արցունքները կը մաքրեն սեւ միտքերը եւ կը հանգստացնեն:
Հին Ակնոցի Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Բոլոր տուներուն մէջ ալ կը գտնուին հին ակնոցի տուփեր, որոնք աննպատակ կը թափառին գզրոցներուն մէջ: Այս հին տուփերը ունին բազմաթիւ առաւելութիւններ` տոկուն են, կոկիկ եւ ապահով` փոքր իրեր դասաւորելու համար:
Ճամբորդութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ քաղաքէն դուրս` արշաւներու եւ փիքնիքներու ընթացքին այս փոքրիկ տուփերը մեծ գործ կը տեսնեն: Ստորեւ զանոնք օգտագործելու հետաքրքրական տարբերակներ` որպէս
ե- Լարերու եւ ականջակալներու տուփ
Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ճիշդ Եւ Սխալ Կարծիքներ
Համեմներուն Մասին
Ստորեւ կը ներկայացնենք համեմներու վերաբերող ճիշդ եւ սխալ կարծիքներ, որոնք վերլուծուած, հերքուած կամ հաստատուած են:
1
Համեմունքները օգտակար են առողջութեան:
Ճիշդ: Համեմունքները լեցուն են միացութիւններով, ինչպիսիք են` հակաօքսիտանները եւ հակաբորբոքային նիւթերը:
Օրինակ`
– Քրքումը ծանօթ է իր հակաբորբոքային յատկութիւններով:
– Կասիան կրնայ կարգաւորել արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
– Կոճապղպեղը կը նպաստէ մարսողութեան:
2
Համեմունքները կ՛օգնեն նիհարնալու:
Սխալ: Որոշ համեմներ կրնան մասամբ արագացնել նիւթափոխանակութիւնը կամ օգնել մարսողութեան, բայց ասոնք ծանրութեան կորուստի պատճառ չեն կրնար դառնալ:
Ծանրութեան կորուստը կախեալ է ընդհանուր սննդակարգէն եւ կենսակերպէն: Լաւ կողմը այն է, որ համեմները հաճելի համ հաղորդելով հանդերձ, բարձր ջերմուժ չեն պարունակեր:
3
Համեմունքները կը փոխարինեն աղը:
ՃԻՇԴ: Շնորհիւ համեմներուն ուտեստները կը դառնան աւելի համեղ, կը նուազի աղին օգտագործումը եւ կերակուրը կը դառնայ աւելի առողջարար:
4
Եփի ընթացքին համեմունքները կը կորսցնեն իրենց յատկութիւնները:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ: Ջերմութիւնը կրնայ փոխել որոշակի միացոյթներ, բայց աս չի նշանակեր, որ համեմունքները կը դառնան անօգուտ: Անոնք կը պահպանեն իրենց յատկութիւններուն մեծ մասը, յատկապէս, եթէ աւելցուին եփի վերջաւորութեան:
5
Համեմունքները կարելի է շատ երկար ժամանակով պահել:
ՍԽԱԼ: Ժամանակի ընթացքին համեմունքները կը կորսնցնեն իրենց համն ու արդիւնաւէտութիւնը: Զանոնք լիարժէք վայելելու համար`
– Պահել լոյսէն եւ խոնաւութենէն հեռու:
– Գնել քիչ քանակութեամբ:
– Պարբերաբար փոխարինել նորով:
6
Համեմունքները կրնան գրգռել ստամոքսը:
ՃԻՇԴ եւ ՍԽԱԼ: Որոշ անձերու մօտ զօրաւոր համեմունքները կրնան գրգռուածութիւն յառաջացնել: Սակայն խելամիտ քանակութեամբ` անոնք նոյնիսկ կրնան նպաստել մարսողութեան:
Խոհագիր
Շոմինով Եւ Ճերմակ Լուբիայով
Նախուտեստ
– 2 գաւաթ կտրատուած թարմ շոմին
– 2 գաւաթ խաշած ճերմակ լուբիա
– 2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 պճեղ մանրուած սխտոր
– 1 պզտիկ սոխ` մանրուած
– Կէս թէյի դգալ չոր խնկածաղիկ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած թարմ ազատքեղ
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Պատրաստութիւն
Կաթսային մէջ տաքցնել ձէթը եւ յաջորդաբար աւելցնել սոխը, սխտորը եւ ճերմակ լուբիան: Եփել 3-5 վայրկեան, որպէսզի լուբիան ներծծէ սխտորին եւ սոխին համը:
Աստիճանաբար աւելցնել կտրատուած շոմինը, խառնելով, մինչեւ որ փափկանայ: Աւելցնել վերը նշուած համեմները, խառնել եւ եփել եւս 3 վայրկեան:
Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, երեսը աւելցնել կիտրոնի հիւթը եւ մանրուած ազատքեղը:
Այս առողջապահական նախուտեստը, ըստ ճաշակի, կարելի է հարստացնել փշրուած ֆեթա պանիրով, «չէրի» լոլիկով, քերոցէ անցած փարմըզան պանիրով կամ յաւելեալ ձիթապտուղի ձէթով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Գինովի Երազ
Այս գիշեր նորէն երազըս տեսայ.
Խոշոր ժայռին տակ, շունչ-շունչի նստած,
Խենթ-խենթ բառերով կը պատմէի, ցած,
Թէ իրմէ յետոյ ի՛նչ կեանք ապրեցայ.
«Երբեմն, պառկած, սաղմոս կարդացի…
Բայց յաճախ ալ, քո՛յր, մոռնալու համար
Դէզ-դէզ կուտակուած վիշտերս անհամար`
Իրիկունները գինետուն գացի…
«Ահ, դուն գինովի աչքեր չե՛ս տեսեր,
Հոգիս, հաւատա, աստղով կ՛լենայ,
Երբ կ՛երթամ պառկիլ բաց դաշտին վրայ,
Հեգնելու համար երազներն ու սէր…
«Ահ, դուն գինովի, դէմքըս չե՛ս տեսած.
Տժգոյն, անիմաստ, անյոյս ու վայրագ,
Երբ կ՛երթամ պառկիլ, երգով մ՛անառակ,
Լոյսէ անկողինս` լուսինէն փռուած…
«Ահ, դուն գինովի հոգիս տեսած չե՛ս,
Շէնշող ու տրտում, ժպտուն ու լալկան.
Արցունքէն մռայլ ի՜նչ ծիծաղներ կան…
– Գինովը կ՛ատեմ.- չըսե՛ս, քոյր, չըսե՛ս.
«Գինովը սիրէ, անոր սիրտը, քո՛յր,
Գեհեն մ՛է ցաւի, որ անվերջ կ՛այրի.
Գինովը Լքեա՛լն է, յոյսէն այրի,
Անոր կուրծքը հուր, ճակատն է մաքուր…»:
Այսպէս կ՛ըսէի ու դեռ շատ բաներ.
Երբ իրեն դարձայ` հոն չէր, զարմացայ.
Աչքերըս բացի, բաց դաշտին վրայ
Քնացեր էի. լուսինը կ՛իջնէր…
ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ







