Բնագիտութեան 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրն է ամերիկացի աստղաբնագէտ Ֆրենսիս Հալսենը: Այս մասին կը յայտնեն Նոպելեան յանձնախումբէն:
«Բնագիտութեան 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր դարձած է ամերիկացի աստղաբնագէտ Ֆրենսիս Հալսեն` «ԱյսՔիուպ»` նիւթրոնային աստղադիտարանի զարգացման գործին մէջ վճռորոշ ներդրման եւ աստղաբնագիտական ծագման բարձր ուժանիւթի նիւթրոններու յայտնաբերման համար», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ այսօր յայտնի պիտի դառնայ քիմիագիտութեան, իսկ վաղը գրականութեան Նոպելեան դափնեկիրներու անունները: 9 հոկտեմբերին Օսլոյի մէջ պիտի յայտարարուի Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրի անունը:


