Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 սեպտեմբերին 5-րդ ալիքի «Հարցազրոյց հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան խօսեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովին ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն, ընդունուած որոշումներուն եւ յառաջիկայ 2 տարիներու ընելիքներուն մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայ դատի պայքարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան միջեւ անհամաձայնութիւններուն եւ  հակասութիւններուն, որոնք նորանոր դժուարութիւններ կը ստեղծեն ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութեան իրաւունքներու պահպանման, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան` իբրեւ պետութիւն, իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները յառաջ մղելու գործին մէջ:

Քննադատելով ազգային ուժերու ու կառոյցներու նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած դիրքորոշումները` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան մասնաւորապէս խօսեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ ծաւալուած արշաւի մասին` զայն գնահատելով իբրեւ երեւոյթ մը, որ պիտի վերանայ անցողիկ իշխանութիւններուն հետ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ նաեւ շրջանային շարք մը խնդիրներու, ներկայացուց «Թրամփի ուղիի» (ԹՐԻՓՓ) անորոշութիւնները եւ սպառնալիքները հայ-իրանական սահմանի փակման պարունակին մէջ: «Հայաստանը, բնականաբար, չի կրնար դէմ արտայայտուիլ ճամբաներու ապաշրջափակման ծրագիրներուն, բայց պէտք է յստակութիւն ըլլայ այս հարցին մէջ: Որքա՞ն պիտի ըլլայ, օրինակ, այդ ուղիին լայնութիւնը, ի՞նչ պիտի ներառէ անիկա իր մէջ, արդեօք միայն ճամբա՞յ, թէ՞ նաեւ հաղորդակցութեան այլ, ելեկտրոնային միջոցներ եւ այլն, չենք գիտեր: Ի վերջոյ, անով կրնայ փակուիլ հայ-իրանական սահմանը, ինչ որ կը նշանակէ, որ անիկա միջանցք է, որ մենք տրամադրած ենք Ազրպէյճանին: Այսօր տակաւին պայմանագիրի կողմերը ԹՐԻՓՓ-ը տարբեր ձեւով կ՛ընկալեն` մէկը կ՛ըսէ «Զանգեզուրի միջանցք», միւսը` միջանցք, յետոյ ինքզինք կ՛ուղղէ` չէ, ոչ թէ միջանցք, այլ ճամբայ: Յստակութիւն չկայ այս հարցին մէջ», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Առանձին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի եւ Արցախի մէջ հայկական մշակութային արժէքներու ոչնչացման, Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ծաւալած գործունէութեան:

 

 

Նախորդը

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
Ալիեւ. «Կարելի Չէ Ամբողջ Մեղքը Հայաստանի  Միայն Նախկին Ղեկավարութեան Վրայ Բարդել»
Հայկական

Ալիեւ. «Կարելի Չէ Ամբողջ Մեղքը Հայաստանի Միայն Նախկին Ղեկավարութեան Վրայ Բարդել»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.