Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Յանձնախումբերու Հերթական Համահայկական Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ

October 1, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի կազմակերպութեամբ` 25-28 սեպտեմբեր 2026-ին Երեւանի եւ Աղուերանի մէջ գումարուեցաւ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցի համահայկական խորհրդաժողովը: Մինչեւ խորհրդաժողովի բուն աշխատանքները, պատուիրակները նախ այցելեցին Եռաբլուր, իսկ խորհրդաժողովի աւարտին` հանդիպում ունեցան Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ` ստանալով վերջինիս օրհնութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնելով Մայր աթոռին` ի տես այն մարտահրաւէրներուն, զորս վերջինս կը դիմագրաւէ: Հանդիպումներ տեղի ունեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Խորհրդաժողովի աշխատանքային օրակարգին վրայ ընդգրկուած հարցերը կը վերաբերէին արտաքին ազդեցութեամբ պայմանաւորուած` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական շարք մը զարգացումներու, ինչպէս նաեւ առհասարակ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին անվտանգային միջավայրին մէջ ընթացող քաղաքական գործընթացներուն: Խորհրդաժողովի մասնակիցները հանգամանալից կերպով քննարկեցին Հայաստանի արտաքին անվտանգային միջավայրին վերաբերող այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են Հայաստանի յարաբերութիւնները եւ բանակցային ներկայ գործընթացը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւններուն հետ, շրջանային ապաշրջափակման առերեւոյթ նպատակ հետապնդող` շրջանային փոխկապակցուածութեան հաւանական տարբերակները եւ ատոր մէջ միջազգային տարբեր ուժային կեդրոններու ներգրաւուածութիւնը: Ընդգծուած է, որ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու դիրքորոշումներէն ու հալածանքներէն, Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները պիտի շարունակեն աշխատանքները Հայաստանի Հանրապետութեան համար արտաքին զօրակցութեան ապահովման, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կարելի եղածին չափ բարենպաստ պայմաններ ձեւաւորելու ուղղութեամբ:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան խորացուած հետեւանքներուն եւ ատով պայմանաւորուած Հայ դատի համակարգի հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, մասնաւորապէս արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրագործման ապահովման, գերիներու վերադարձի խնդիրին, Արցախի պետական կառուցակարգերու սատարման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ու անոր համար միջազգային մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման:

Ժողովի քննարկման առարկայ եղած են նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, նախ եւ առաջ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պատպանութեան ուղղուած աշխատանքները:

Ուշադրութեամբ քննարկուած են Հայ դատի ցանցի հզօրացման եւ երիտասարդութեան քաղաքականացման ուղղուած գործողութիւններու տարբերակներ, ներառեալ տարաբնոյթ երիտասարդական կրթական ծրագիրներու իրականացում, սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական կայացման եւ յառաջընթացի կարելիութիւններու ստեղծում:

Հայ դատի հերթական խորհրդաժողովը վերահաստատած է աշխարհի շուրջ երեսուն երկիրներու մէջ գործող` Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցի զօրակցութիւնը Հայաստանի անկախ պետականութեան եւ հայութեան խախտուած իրաւունքներու վերականգնման ուղղուած պայքարին` իբրեւ առաջնահերթութիւն ունենալով հայ ժողովուրդի բովանդակ շահը, իսկ իբրեւ նպատակ` անկախ եւ շարունակաբար հզօրացող հայկական պետականութիւնը:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

30 սեպտեմբեր 2026

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ի Մէջ.  Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ  Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ
Հայկական

ԵԽԽՎ-ի Մէջ. Լէյ Հայաստանի Իշխանութիւնները Մեղադրեց Կրօնական Ինքնավարութեան Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարելու Մէջ

October 1, 2026
Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.